Կիրակի, 06. 10. 2024

spot_img

Երբ Համբերութեան Բաժակը Կը Յորդի

Հայաստանի`  «Հայ Ազգային Ռամկավար Կուսակցութեան» Հիմնադրութեան Առիթով

Դոկտ. ԱՐՇԱՒԻՐ ԿԷՕՆՃԵԱՆ

Խմբագրականներու յատկացուած մեր այս սիւնակը այսօր կը յատկացնենք Հայաստանի մեր պաշտօնակից ՙԱզգ՚ թերթի Ապրիլ 28 թիւին մէջ ծանուցած` Ապրիլ 25-ին Երեւանի մէջ ՙՀայ Ազգային Ռամկավար Կուսակցութիւն՚` նոր կուսակցութեան մը Հիմնադրման լուրին:

Մեր ազգային ներքին քաղաքական կեանքին մօտէն հետեւողներուն` եւ յատկապէս կուսակցութեանց ներքին տագնապներուն հետեւողներուն` Ռամկավար գաղափարականով Հայաստանի մէջ այս նոր կուսակցութեան կազմութեան լուրը հաւանաբար պիտի չզարմացնէ երբեք:

Արդարեւ յայտնի է բոլորին թէ 102 տարիներ առաջ, Պոլսոյ մէջ ստեղծըւած Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, որ ծանօթ է բազմաթիւ տասնամեակներու ընթացքին մինչեւ Հայաստանի վերանկախացման առաջին շրջանը իր կատարած ազգակառոյց պանծալի բացառիկ գործունէութեամբ, դժբախտաբար աւելի քան երկու տասնամեակներէ ի վեր կը գտնուի ներքին բաժանման տագնապի վիճակին մէջ: Այս մասին բնականաբար տարբեր առիթներով լայնօրէն գրած ենք մեր այս սիւնակներուն մէջ: Գրած ենք մանաւանդ այն լուրջ ջանքերուն մասին որ կատարուած են որպէսզի դադրի այս անպտուղ եւ անիմաստ ոյժերու ջլատման պարագան: Այդ ջանքերը սակայն մինչեւ այսօր դժբախտաբար մնացած են ապարդիւն:

Անհրաժեշտ կը նկատենք սակայն այս հանգրուանին` մանաւանդ վերյիշեցնել թէ Կուսակցութեան վերամիացման համար վերջին եւ լրջագոյն աշխատանքները կատարեց` Ռ.Ա.Կ.-ի պատմութեան տարբեր շրջաններուն ընթացքին գերագոյն պատասխանատուութիւն ստանձնած ղեկավարներու խումբ մը, ՙՌ.Ա.Կ.-ի միասնականութեան նախաձեռնող ղեկավարներու համախմբում՚ անուան տակ, ամիսներ շարունակ, տակաւին մինչև անցնող 2022 տարուան ընթացքին:

Միասնականութեան համախմբման այս մարմինը սկսաւ իր աշխատանքները Դեկտեմբեր 19, 2021-ին հրապարակած իր կոչով` ուր ան կը յայտարարէր յատկապէս թէ ՙԱյսօր մայր հայրենիքը կը գտնուի ճակատագրական մարտահրաւէրներու դիմաց: Իր հերթին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը բովանդակ աշխարհի մէջ կը գտնուի հարկադրանքին առջեւ իր տունը կարգի դնելու՚:

Սակայն այդ կոչին յաջորդող եօթը ամիսներուն ընթացքին, որքան որ այս համախմբման անդամները կանոնաւոր հանդիպումներով ջանացին ընել իրենց կարելին, դժբախտաբար ի վերջոյ այս վերջին փորձը եւս մնաց ապարդիւն:

Ամենացաւալին այն է թէ Հայաստանի մէջ անկախութեան առաջին իսկ օրերուն` 1990ին ստեղծուած աշխոյժ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը այժմ տառացիօրէն բռնագրաւուած է մի քանի հոգիներու կողմէ, որոնք վերջին տարիներուն կուսակցութեան կնիքը “իրենց ծոցին մէջ պահած”, պատկառելի այս կուսակցութիւնը դրած են փաստօրէն եւ խստօրէն դատապարտելի բացարձակ անգործութեան վիճակի մէջ: Այսօր անոնք նաև շատոնց օրինազանց են հինգ տարիներ անց` պահանջուած կուսակցութեան ընդհանուր պատգամաւորական ժողովն իսկ հրաւիրած չըլլալով:

Վերոյիշեալ միասնականութեան ջանքերուն ընթացքին բազմիցս կոչեր կատարուեցան այս խմբակին, դուրս գալու այդ լճացած յանցագործ վիճակէն եւ վերահաստատելու միասնականութիւնը գոնէ Հայրենիքի տարածքին, տեղ տալով երեսուն տարիներու ընթացքին կուսակցական կարեւոր աշխատանքներ կատարած` կուսակցական մամուլը գործօն եւ պատուաբեր վիճակի մէջ պահած` հոյլ մը կարող ղեկավար ընկերներու:

Կատարուած այս բոլոր կոչերը անպատասխանի մնացած ըլլալով, բոլորովին հասկնալի է, թէ այսօր այս վերջիններուն համար սպասման ժամկէտը անցած է շատոնց, և անոնց համբերութեան բաժակը յորդած է այլեւս: Մանաւանդ Հայաստանի եւ Արցախի գոյութենական մեծ տագնապի ներկայ մթնոլորտին մէջ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը պարտաւոր կը զգայ տէր կանգնելու իր առաքելութեան եւ անցնելու գործօն աշխատանքի` իր կարելին ընելու համար մասնակցելով հայրենիքի փրկութեան աշխատանքին: Ահա այս հասկացողութեամբ է որ կազմուած է նորաստեղծ ՙՀայ Ազգային Ռամկավար Կուսակցութիւնը՚, նոյն ժամանակ սպասելով այն օրուան երբ կը վերահաստատուի աւանդական եւ աւանդապահ ՙՌամկավար Ազատական Կուսակցութեան՚ միասնականութիւնը:

Երբ հասնի այդ խորապէս բաղձալի օրը, կ՛ակնկալուի թէ նորաստեղծ Ռամկավար այս Կուսակցութիւնը եւս վստահաբար պիտի միանայ բոլորին, որպէս Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն` լաւագոյն ձեւով գործելու համար ի շահ Հայ ժողովուրդին եւ Հայրենիքին:

«Պայքար»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին