Ներքին գործոց և քաղաքապետարաններու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ ալ-Մաուլաուիի վերջին կոչը չլուծեց քաղաքապետական ընտրութիւններու հարցը: Տակաւին, ո՛չ ընտրական մարմինները հանդիպած են, ոչ ընթացակարգը, ոչ ալ թուականները որոշուած են:
Նահանգներուն մէջ բացուած է թեկնածութեան դուռը, որուն մեկնարկն էր Երեքշաբթի առաւօտը հիւսիսի մէջ սակայն ցարդ ոչ մէկ թեկնածու գրանցուած է:
Յետաձգման, այսինքն՝ ընտրութիւնները չկայանալու հաւանականութիւնը մեծ է, որովհետեւ մինչեւ օրս ոչ մէկ լուրջ քայլ առնուած է, որ լաւատեսութիւն կրնայ յառաջացնել այս թեմային շուրջ:
Բոլոր հին-նոր խոչընդոտները առկայ են տակաւին, որոնցմէ մի քանին սկսած են աւելի եւս բարդանալ:
Տեսնենք յաջորդող օրերը ի՞նչ պահած են մեզի այս խնդրին առնչութեամբ: