Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Ցուցարարները Փորձեցին  Գրաւել Կառավարական Պալատը

Չորեքշաբթի օր, Պէյրութի կեդրոնական շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ բողոքի զանգուածային ցոյց՝ բողոքելու համար ընկերային վիճակը:  

Ցոյցին մասնակիցները, որոնք հաւաքուած էին Ռիատ ալ Սոլհի հրապարակը, փորձած են գրաւել Սարայը (կառավարական պալատը)։ Անոնց արգելափակած են ոստիկանական ուժերը, որոնք արցունքաբեր կազ կիրառած են ցուցարարներու դէմ, որու հետեւանքով ցուցարարներէն մի քանին վիրաւորուած են։

վրդոված են ազգային արժոյթի փլուզման պատճառով գիներու աննախադէպ աճէն»,-ըսած է ցուցարարներէն մէկը: Անոր խօսքով՝ «կառավարութիւնը ոչինչ կ’ընէ իրավիճակը բարելաւելու համար, ուստի ժողովուրդը դուրս եկած է փողոց՝ պաշտպանելու իր իրաւունքները»։

Յիշեցնենք, որ վերջերս լիբանանեան թղթոսկիին արժէքը աւելի եւս գահավիժելով անցած է մէկ տոլարի դիմաց 130 հազարի սահմանները:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին