Ուրբաթ, 29. 03. 2024

spot_img

Հոսանքը «Համով» Վայելեցէք

Well-Tempered Armenia

Հայրենիքը Ներսէն Դիտած

«Ոդիսական» 3

Ք. Երեւան, Մեր Օրեր

ԵՐԵՒԱՆ 16.03.2023 – Քաղաքակիրթ աշխարհը  ի զուր ստեղծած է զարմանազան գործիքներ ու սարքեր, հոսանքի միացման հետ առնչուած աշխատանք կատարելու պահուն ելեկտրական հոսանքի լարերը մերկացնելու համար:

Բարձր «տեխնոլոկիայի» օրրան, Հրատ (Mars) մոլորակին վրայ գիտական առաքելութիւններ իրականացնելու համար միջազգային տիեզերագնացներու մարզումներու հարթակ եւ կարմիր մոլորակի հետազօտութիւններու կեդրոն դառնալու յաւակնութիւններ ունեցող ազգիս Հայրենիքին կարեւորագոյն հիմնարկներէն՝ Հայաստանի Էլեկտրական Ցանցեր (ՀԷՑ)ի աշխատակիցները ելեկտրական հոսանք միացնելու աշխատանքի պահուն լարերը մերկացնելու համար կարիքը չունին աւելորդ պակաս գործիքներու: Փոխարէնը, անոնք կ՛օգտագործեն… խոհանոցի դանակ:

 «Մենք քիչ ենք, սակայն մեզ Հայ են ասում»ով հպարտ, գերմարդկային տուեալներով յատկանշուող, հինաւուրց ազգիս զաւակներուն առօրեայ աշխատանքային տեսարանը աւելի եւս ամբողջական, մինչ տեսերիզին մէջ երեւցող պահը խոհանոցային իրավիճակի հետ աւելի եւս համահունչ կրնար ըլլալ անշուշտ, եթէ համապատասխան աշխատակիցը, իր լեզուն մերկ լարին մօտեցնելով փորձէր հասկնալ, որ տուեալ լարին վրայ հոսանքը միացա՞ծ է, թէ ոչ… :

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին