Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն, ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ՝ 44-40 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտը: Մրցումը տեղի ունեցաւ Անթունիէի մարզադաշտին մէջ, Պաապտա, որ «հոմ գորթ» կը նկատուի ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտին համար:
Լիբանանի պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան կը մասնակցին տասը խումբեր: ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի աղջիկները կը գրաւեն ընդհանուր դասաւորման չորրորդ դիրքը:
Նորանոր յաղթանակներ կը մաղթենք մեր մարզուհիներուն: