Հինգշաբթի, 28. 03. 2024

spot_img

Յարգանք Ձեզի Ո՛վ Ջահակիրներ Կրթութեան, Հայ Մշակոյթի Եւ Հայակերտումի

Ուսուցչական ասպարէզը մարդակերտումի վսեմ ու ազնիւ առաքելութիւն է, ինչպէս նաեւ՝  սերունդներ դաստիարակելու քաղցր պարտաւորութիւն : Հայ ուսուցիչը տարիներու նուիրական աշխատանքին մէջ սէր, գիտութիւն եւ հայկականութիւն  կը սերմանէ նորահաս սերունդներու հոգիներուն մէջ:

          Արդ, Չորեքշաբթի 8 Մարտ 2023-ին, Վահան Թէքէեան Միջնակարգ Վարժարանի Յակոբ Պարսամեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ուսուցչաց Օրուան համար կազմակերպուած տօնակատարութիւնը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Միջն.Գ. դասարանի աշակերտ՝ Ալեքս Գոճայեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ.« Այս տօնին առիթով իմ եւ դասընկերներուս անունով երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ սիրելի ուսուցիչներուս: Ուսուցիչը ոչ թէ միայն վստահութիւն կը ներշնչէ, այլ՝    գիտութեան լոյսը կը  սփռէ իր աշակերտներուն: Ուսուցիչներուն փոխանցած գիտելիքներով եւ ցուցմունքներով զինուած՝ մենք ինքնավստահ ու հաստատ քայլերով պիտի ուղղուինք դէպի  բարձր վկայականներ»:  Ան նկատել տուաւ, թէ բախտաւորութիւն է հայկական կրթօճախ յաճախելը, ուր որակաւոր ուսման կողքին կը ստանան հայեցի դաստիարակութիւն եւ իրենց մէջ կ’ամրապնդուի ազգային ոգին, դիմագիծն ու ինքնութիւնը: Վերջապէս ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց մեր վարժարանի Տնօրէնուհիին, որ միշտ  իր աշակերտներուն  կողքին կը մնայ եւ ոչ մէկ ճիգ կը  խնայէ ի խնդիր անոնց յաջողութեան: Կանանց Միջազգային օրուան առիթով ալ, ան շնորհաւորեց տնօրէնուհին եւ բոլոր ուսուցչուհիները:

          Բացման խօսքէն ետք Միջն. Գ. դասարանի աշակերտները ներկայացուցին “ Mind Your Language” զուարճալի թատերախաղը, որմէ ետք մանկապարտէզի աշակերտները իրենց քաղցրահունչ ձայնով հանդէս եկան “Մուալըմթի” եւ “Իմ Ուսուցիչ” երգերով, ինչպէս նաեւ  “Teacher” ոտանաւորով: Միջնակարգ Ա. դասարանէն խումբ մը աշակերտուհիներ ներկայացան արաբերէն բանաստեղծութեամբ մը: Նախ. Ա. եւ Բ. դասարաններու աշակերտները իրենց քաղցրահնչիւն ձայնով երգեցին “Ողջոյնի Երգ”-ը, իսկ Նախ.Գ. եւ Դ. դասարաններու աշակերտները՝ “Սիրելի Ուսուցիչ”-ը: Ապա Միջն.Գ. դասարանի աշակերտները իրենց ուսուցիչները պատուեցին յուշանուէրներով եւ գնահատանքի խօսքերով, ինչպէս նաեւ՝ Մանկապարտէզի աշակերտները, իրենց մատղաշ ձեռքերով պատրաստած՝ մէկական ծաղիկ նուիրեցին ուսուցչուհիներուն:

          Վերջապէս բեմահարթակ բարձրացաւ Տնօրէնուհի՝ Տիկին Սեւանա Սեմերճեան Տարագճեան, որ  իր սրտի խօսքով ըսաւ.« Յարգելի ուսուցիչներ, հայեցի դաստիարակութիւնը ազգային զարթօնքի հիմնական միջոցներէն մէկն է: Ուսուցիչը այն դաստիարակն է, որուն շունչով կը թրծուին նորահաս սերունդները: Ուսուցիչը՝ աշակերտներուն համար ոչ միայն կրթութեան, այլ նաեւ լոյսի ու ջերմութեան աղբիւր է: Այսօր՝ իսկապէս տօն է մեր բոլորին համար, որովհետեւ դժուար է վերագնահատել ձեր դերը մատղաշ սերունդի կրթութեան, հայեցի դաստիարակութեան եւ ազգապահպանման համար: Կը շնորհաւորեմ Ձեր տօնը սիրելի ուսուցիչներ եւ բոլորիդ կը մաղթեմ քաջառողջութիւն, որ պատուով, անսպառ եռանդով եւ բարձրաճակատ գլուխ հանէք ձեզի վստահուած ծանր առաքելութիւնը՝ նուիրումով եւ համբերութեամբ»:  Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, որ այս դժուար կացութեան մէջ, կախարդական ցուպը իրենց ձեռքին բռնած՝ անկարելին կարելի դարձնելով՝ ուսում կը ջամբեն մեր սիրասուն փոքրիկներուն:

          Հուսկ, ան շնորհակալութիւն յայտնեց  Միջն.Գ. դասարանի դաստիարակ Օրդ. Սիւզան Թազեանի եւ աշակերտներուն, որոնք կազմակերպած էին այս հոյակապ յայտագիրը, ինչպէս նաեւ՝ այն բոլոր աշակերտներուն, որոնք մաս կազմեցին յայտագրին:

          Սիրելի ուսուցիչներ, Ձեր տօնը թող շնորհաւոր ըլլայ: Ձեր ծովածաւալ գիտութեամբ, անսպառ շունչով,  համբերութեամբ ու անհատնում սիրով կը դաստիարակէք ու կը պատրաստէք  ապագայ հայ անհատն ու մարդը:

             Վահան Թէքէեան Վարժարանի

Լրատուական Գրասենեակ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին