Ուրբաթ, 24. 03. 2023

ՀԵԸ Անդրանիկ  Պէյրութ Պարտութեան Մատնեց  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտը

Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն,  ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ՝  44-40 արդիւնքով պարտութեան մատնեց  ՀՄԸՄ   Պուրճ Համուտը: Մրցումը  տեղի ունեցաւ Անթունիէի մարզադաշտին մէջ, Պաապտա, որ  «հոմ գորթ» կը նկատուի  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտին  համար:

Լիբանանի պասքեթպոլի Ա. դասակարգի  ախոյեանութեան կը  մասնակցին   տասը խումբեր:  ՀԵԸ Անդրանիկ  Պէյրութի աղջիկները կը  գրաւեն   ընդհանուր դասաւորման  չորրորդ դիրքը:

 Նորանոր յաղթանակներ կը մաղթենք մեր մարզուհիներուն:

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին