Ուրբաթ, 29. 03. 2024

spot_img

Վարդանանց Հերոսութիւնը Անմար է Վահան Թէքէեան Վարժարանէն Ներս

«Չվախնաք թշնամի բանակին ստուարութենէն, ոչ ալ թիկունք դարձնենք մահկանացուին սուրին: Եթէ Տէրը մեզի շնորհէ յաղթութիւն՝

մենք կը խորտակենք անոր զօրութիւնը,

եւ կը բարձրանայ ճշմարտութեան կողմը:» 

(Հատուած՝ Վարդանի Ճառէն)

451 թուականին մղուած Աւարայրի ճակատամարտը վճռադրոշմ դէպք մըն էր, որուն պատգամը կը պատկանի բոլոր ժամանակներուն։ Աւարայրով քրիստոնէութիւնն ու հայութիւնը ամբողջութեամբ նոյնացան՝ դառնալով անբաժան ու անբաժանելի։ Այս վտանգին ընդառաջ Վարդաններ եւ Ղեւոնդներ միանալով օրուան թշնամիին դէմ իրենց պատերազմը մղեցին, քանի որ «սովորական իմաստով հաւատք չէր իրենց հաւատքի հասկացողութիւնը, այլ հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու կողքին հոն առկայ էին նաեւ մեր հայրենիքի անկախութիւնը, ժողովուրդի մշակութային ու ազգային արժէքները, ձգտումներն ու երազները։ 

Ուրբաթ 17 Փետրուար 2023-ին, Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանի Յակոբ Պարսամեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտական ատենամարզանք նուիրուած՝ Վարդանանց հերոսամարտին:

 Յայտագիրը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Վարժարանին քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ, որմէ ետք Միջն. Գ. դասարանէն՝ Ալիք Ազնաւուր կատարեց բացման խօսքը, որուն մէջ ան անդրադարձաւ օրուան խորհուրդի այժմէականութեան ըսելով.- «Ազգի ու կրօնքի պահպանման պայքարը՝ Վարդանանք, որ մղուեցաւ 1572 տարիներ առաջ, մեր պարտականութիւնն է հետեւիլ անոր ուղիին ու կռուիլ հայ մնալու եւ հայ ապրելու համար, հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ բազմաբնոյթ մարտահրաւէրներու եւ սպառնացող խնդիրներու ընդառաջ, որուն համար անհրաժեշտ է ազգի միութիւնն ու միասնականութիւնը: »

Գեղարուեստական ճոխ յայտագիրով  հանդէս եկան Նախ. Գ. եւ Դ. դասարանէն խումբ մը աշակերտներ՝ խմբերգելով «Վարդանը» եւ  «Լեպլեպիճիներու» երգերը, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ մեր վարժարանին երգ-երաժշտութեան ուսուցիչ Պրն. Ղազար Քէօշկէրեանի, որմէ ետք,  Նախ. Դ. Եւ Ե. դասարաններու խումբ մը աշակերտուհիներ «Արցախ» երաժշտութեան ներքոյ ներկայացուցին ազգագրական պար մը, պատրաստութեամբ պարուսոյց Օր. Փաթիլ Պալապանեանի: Բանաստեղծութեան Իշխան՝ Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական» բանաստեղծութիւնը ապրումով ներկայացուցին Նախ. Ե.-Միջն. Բ դասարաններու խումբ մը աշակերտներ, որուն յաջորդեց «Հայ Ապրինք» խմբերգը, նախ. Ե.-Զ. դասարաններու խումբ մը աշակերտներու կատարողութեամբ:

Ելոյթ ունեցան նախ. Բ. դասարանի խումբ մը աշակերտներ արտասանելով «Տօն Վարդանանց»ը: Ապա Նախ. Ե. Եւ Զ. դասարանէն խումբ մը աշակերտներ խանդավառօրէն պարեցին «Քոչարի»ն:

Վերջապէս բեմահարթակ բարձրացաւ Հոգշ. Տ. Ազատ Աբղ. Ֆիլիքեան, որ սիրայօժար ընդառաջեց վարժարանիս հրաւէրին: Ան սահիկներու միջոցով եւ դիւրամատչելի ոճով փոխանցեց նորանոր գիտելիքներ, աշակերտները ներգրաւելով փոխադարձ հաղորդակցութեան մէջ: Ան՝ Վարդանանցի բարոյական յաղթանակի իմաստը վերարժեւորեց, տալով բազմազան օրինակներ աշխարհասփիւռ յաջողակ մեծ հաստատութիւններու, որոնք կը կրեն Վարդան անունը: Որպէս նոր սերունդ, ան կոչ ուղղեց ըսելով, թէ իւրաքանչիւրիս պարտականութիւնն է պայքարելու մեր լեզուի եւ կրօնքի անաղարտ գոյատեւման եւ զարգացման համար: Ան նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Լիբանանի Թեմի Առաջնորդարանի կողմէ Վարդանանց եւ Աւարայրի ճակատամարտի մասին պատրաստուած գրքոյկներ բաժնեց մեր վարժարանի աշակերտութեան եւ ուսուցչակազմին, ինչպէս նաեւ հարցաթերթիկներ մեր աշակերտներուն, որուն վրայ պիտի գրէին իրենց տպաւորութիւնները, եւ թէ օրուան պատգամախօսէն ի՞նչ նորութիւններ քաղեցին:

Յայտագիրի աւարտին մեր վարժարանի տնօրէնուհի Տիկ. Սեւանա Սեմերճեան Տարագճեանը փոխանցեց իր սրտի խօսքը, որուն մէջ ան յորդորեց ու քաջալերեց մեր վարժարանի աշակերտները արթուն պահել Վարդանանց հաւատքը, հաստատ ըլլալ հայրենիքի ազատութեան ու հաւատքի ամրապնդման գործերուն մէջ, որովհետեւ Վարդան Մամիկոնեան զոհուեցաւ հայրենիքի ազատութեան ու հաւատքի անսասանութեան համար։ Ուստի կոչով մը ան դիմեց աշակերտութեան կառչած մնալ մեր հզօր հաւատքին, եւ ամուր պահել մեր սրբազան լեզուն:

Յուշատօնի աւարտին՝ տնօրէնուհին իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց օրուան հիւր բանախօսին, յայտագիրը պատրաստող ուսուցիչներուն եւ մասնակից բոլոր աշակերտներուն, ապա յուշանուէրով մը պատուեց օրուան հիւրը:

Փառք ու պատիւ Վարդանանց հերոսներուն:

                                                                        Վահան Թէքէեան Վարժարանի

                                                                             Լրատուական Գրասենեակ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին