Հինգշաբթի, 10. 10. 2024

spot_img

Պէյրութի Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը Մեծ Շուքով Տօնեց Վարդանանցը

«Մահ ոչ իմացեալ մահ է:

Մահ իմացեալ անմահութիւն է: »

Այս տողերը կը պատկանին Եղիշէին, որ եղած է Ե. դարու պատմիչ՝ Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոսի եւ Մեսրոպ Մաշտոցի կրտսեր աշակերտը: Ըստ աւանդապատումին, ան դարձած է զօրավար Վարդան Մամիկոնեանի գրագիրը: 451 թուականին, եղած է հայոց ազատագրական պայքարի՝ Ավարայրի հերոսամարտի ժամանակակիցն ու մասնակիցը։

Յայտնի է, որ հայոց պատերազմէն յետոյ, ան դարձած է մենակեաց եւ ճգնաւոր՝ մեկուսանալով Մոկաց լեռներու մէջ՝ քարայրի մը մէջ, ուր ալ գրած է իր ամենայայտնի աշխատութիւնը «Վասն Վարդանայ եւ Հայոց Պատերազմի» երկը եւ աստուածաբանական, կանոնական եւ խրատական բնոյթի աշխատութիւններ։ 

Վարդանանցը Հայոց Պատմութեան անկիւնադարձային հանգրուան մըն էր, ուր պիտի վճռեր մեր հաւատքի ու հայոց պետականութեան կրօնական ուղղութիւնը՝ վերադառնալ հեթանոսութեան կամ շարունակել պահպանել 301 թուականի Հայոց Տրդատ Գ. արքայի օրօք և Գրիգոր Ա. Պարթև Լուսաւորիչի ջանքերով հռչակուած քրիստոնեութիւնը որպէս Հայաստանի պետական կրօն։ Հետեւաբար, ապստամբ հայկական ուժերու և պարսկական բանակի միջև տեղի ունեցած Աւարայրի ճակատամարտը Սասանեան Պարսկաստանի դէմ հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարի բարձրակետն էր։

Չորեքշաբթի, 15 Փետրուար 2023-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին Վահան Թէքէեան վարժարանի սրահը լի էր հանդիսատեսով, որոնք եկած էին վայելելու Պէյրութի Թէքէեան Մշակութային Միութեան Տեղական վարչութեան կազմակերպած Վարդանանց յուշատօնը:

Բացման խօսքը հրետորապէս կատարեց Մանէ Պասմաճեան, ուր անդրադարձաւ հայ ժողովուրդ դաժան իրականութեան ըսելով. «Վարդանանց պատերազմը պարտուեցանք….. սակայն ըսինք` բարոյապէս յաղթած ենք: Այսօր ալ նմանատիպ իրականութեան մը առջեւ կը գտնուինք ազգովին. իսկ երբ իսկական յաղթանակ տօնեցինք 1990-ականներուն յաղթանակը, Արցախեան յաղթանակը… չկրցանք զայն ճիշդ արժեւորել…»: Ան նաեւ ցաւով մատը դրաւ մէկ այլ վէրքի վրայ ըսելով. «Լաւ գիտնալով, որ մեր օրերուն միասնականութիւնը անհրաժեշտութիւն է` տարօրինակօրէն ամէն ինչ կ’ընենք հակառակը (շունչ) թէ՛ Հայրենիքի եւ թէ Սփիւռքի մէջ:» Խօսքի աւարտին ան կոչ ուղղեց հայութեան, երբ ըսաւ. «Հետեւաբար այլ ելք չ’ունինք` մեզ անհրաժեշտ են իսկական եւ նոր յաղթանակներ բոլո՜ր ճակատներու վրայ: Արդ ժամանակն է լոզունգները գործի վերածելու:»

Վարդանանքի մասին կան բազմաթիւ երգեր եւ բանաստեղծութիւններ, որոնք հարստացուցած են մեր ժողովուրդի հարուստ մշակոյթը: Բանաստեղծութեան Իշխան՝ Վահան Թէքէեանի հարուստ գործերէն «Խորհուրդ Վարդանանց» եւ « հայու Հոգին» քերթուածները ոգեշնչմամբ ու մեծ ապրումով ասմունթեց Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանի եւ Սահակեանի նախկին սան Վարդի Սալխանեան:

Վարդանանքի եւ Աւարայրի ճակատամարտի սուրբ խորհուրդը, դարերու ընթացքին ներշնչած եւ խրախուսած է հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի ապագայ զարգացումները, անոնց մէջ պարփակելով զանազան պատգամներ: Ուստի այս միտքերու դաշտին մէջ, օրուան պատգամախօս. Վահան Թէքէեան Միջն. վարժարանի հայոց լեզուի ուսուցիչ՝ Տիար Աւետիս Տիպան ժամանակակից ձեւով՝ համակարգչային սահիկներու ծրագրի մը միջոցաւ ներկայացուց օրուան խորհուրդը, ներկայացնելով զանազան պատգամներ, նպատակ ունենալով ներկաներուն փոխանցել Վարդանանք խորհուրդը կամրջելով զայն մեր ազգի գոյատեւման համար տարած ազատագրական պայքարի հանգրուաններուն հետ հասնելով մինչեւ մեր օրերը:

Սոյն յայտագրին իր մասնակցութիւնը բերաւ Վահան Թէքէեան Միջն. վարժարանի պարախումբը գեղեցկօրէն ներկայացնելով «Քոչարի» եւ «Արցախ» պարերը, որոնց պարուսոյցն էր Օր. Փաթիլ Պալապանեան:

Մեներգով մը հանդէս եկաւ Տիար Յովիկ Ճունեըր երգելով «Լռեց Ամպերը» եւ Օրդ. Լարա Աւետիսեան որ ներկայացուց «Տուն Իմ Հայրենի» երգը դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Օրդ. Լիւսի Աւետիսեանի եւ ջութակի վրայ Օրդ. Ճեսի Աւետիսեանի: Որմէ ետք ԹՄՄ-ի Երիտասարդական երգչախումբը, որուն մաս կը կազմէին Առաջին սօփրանօ՝ Լարա Աւետիսեան եւ Նայիրի Լօշխաճեան, երկրորդ սօփրանօ՝ Լիւսի Աւետիսեան եւ Մարինա Իւրնէշլեան, իսկ Ալթօ՝ Տեսիլ Լօշխաճեան եւ Ճեսի Աւետիսեան գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Տիար Վիգէն Չալեանի ներկայացուցին Կոմիտասի « Իմ Հայրենեաց Հոգի Վարդան» եւ Մակար Եկմալեանի «Պլպուլն Աւարայրի» երգերը: Իսկ յայտագրի աւարտին ԹՄՄ Երիտասարդական նուագախումբը, որուն մաս կը կազմէին Ալինա Գայֆեճեան (սաքսոֆոն), Դալար Գէորգեան եւ Կարօ Ժամկոչեան (թրոմբէթ), Ճեսի Աւետիսեան (ջութակ), Լիւսի Աւետիսեան (դաշնամուր) եւ Արա Թորգոմեան (տհոլ) կատարեցին Տիգրան Չուխաճեանի « Լեպլեպիճի Հօր Հօր Աղա» երգը, Յովիկ Թաֆրանեանի մեներգութեամբ:

Հուսկ՝ Պէյրութի ԹՄՄ-ի ատենապետ Տոքթ. Յակոբ Փափազեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն, որոնք ամէն ջանք ի գին դնելով յաջողութեան հասցուցին օրուան յուշատօնը բոլորին մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք քաջալերեցին Միութեան կազմակերպած ձեռնարկը, յոյս յայտնելով որ յառաջիկային պիտի կազմակերպուին նոր ձեռնարկներ:

Բոլորին վարձքը կատար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին