Ուրբաթ, 24. 03. 2023

45 Լիբանանցիներու Ճակատագիրը Կը Մնայ Անյայտ. Թուրքիոյ մէջ Լիբանանի Դեսպան

Թուրքիոյ մէջ կը շարունակուին փլատակներու տակ ողջ մնացած մարդոց որոնողափրկարարական աշխատանքները, այնտեղ պատահած աւերիչ երկրաշարժէն արդէն  մօտ շաբաթ մը անց: Նշեալ երկրաշարժէն տուժած էր թրքական 10 նահանգներ՝ մօտ 111000 քառ. քլմ. տարածքով։ Բաւական մեծ ահագնութեամբ տուժած են նաեւ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ գտնուող շրջաններ:

Թուրքիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Ղասսան Ալ-Մուալեմմի յայտարարութեամբ,  դեսպանատունը մշտական ​​կապի մէջ է թրքական իշխանութիւններուն եւ պատկան մարմիններուն հետ պարզաբանելու 45 լիբանանցիներու ճակատագիրը, որոնք ենթադրաբար տակաւն կը գտնուին փլատակներու տակ:

Պաշտօնապէս մինչեւ այսօր լիբանանցի 3 զոհ կայ, մինչ 3  այլ քաղաքացիներ փրկուած դուրս եկած են աղէտի վայրէն:

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին