Ուրբաթ, 24. 03. 2023

Դոկտոր Զաւէն Մսըրլեան Արխիւային Նիւթեր կը Նուիրէ Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնին

Գոհունակութեամբ կը յայտնենք, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ պատմաբան, պատուակալ դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան վերջերս Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի արխիւին նուիրեց տասնամեակներու ընթացքին իր հաւաքած արխիւային կարեւոր նիւթերու թղթածրարներ:

Այդ թղթածրարները վերնագրուած են.-

  1. «Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն հայոց առնչութիւնները, 1964-2018».
  2. «Հայ գաղթավայրեր—հայ սփիւռք, 1950ականներէն սկսեալ».
  3. «Հայկական Հարցի հոլովոյթը, 1985-2020».
  4. «Համաշխարհային Բ. պատերազմի հայկական առնչութիւններ, 1939-1945».
  5. «Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցը, 1985-2015».
  6. «Ազգային-եկեղեցական տագնապ, 1956-1963».
  7. «ՄԱԿի Ցեղասպանութեան Կանխարգիլումի եւ պատժումի թղթածրար – հայկական առնչութիւններ, 1973-1985».
  8. «Հայոց Ցեղասպանութեան գիտակցութեան հարցը Թուրքիոյ մէջ»:

Այս նուիրատուութեամբ կը հարստանայ Կեդրոնի արխիւային հաւաքածոն: Դոկտոր Մսըրլեանի եւ Կեդրոնին միջեւ կայացած համաձայնութեան հիմամբ, այս նիւթերը, պատշաճ տնօրինութեամբ  տրամադրելի պիտի ըլլան վերոյիշեալ հարցերով հետաքրքրուուղ ուսումնասէրներու:

Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնը պատրաստ է ընդունելու արխիւային որեւէ թղթածրար, փաստաթուղթ, յուշագրութիւն, լուսանկարներ որոնք կ’առնչուին հայ իրականութեան: Կեդրոնը, ըստ նուիրատուի փափաքին, պատրաստ է ստացուած արխիւային նիւթերը թուայնացնելու, մշակելու, բնօրինակները վերադարձնելու նուիրատուներուն եւ անհրաժեշտութեան պարագային՝ հրատարակելու զանոնք:

Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնը շնորհակալ է դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանին այս նուիրաբերումին համար:

Հայկական Սփիւռքի

Ուսումնասիրութեան Կեդրոն

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին