Դատական առճակատումը տակաւին կը մոլեգնի Լիբանանի մէջ, ուր իրավիճակը պայթունավտանգ է, հակառակ որ երէկ իրավիճակը աւելի հանդարտ էր ինչ կը վերաբերի դատաւոր Պիթարի արձակած ամբաստանութիւններու թղթածրարին, որ կը պարփակէ «կարեւոր գլուխներ» հետաքննութեան կանչելու երեւոյթը, որ աննախընթաց է Լիբանանի մէջ:
Սակայն կ՛ակնկալուի, որ յաջորդ շաբաթ կրնանք ականատեսը ըլլալ նոր իրադարձութիւններու, որոնք կրնան բնութագրուիլ, որպէս վտանգ պարունակող:
Ուրեմն երէկ դատական փոթորկի դադրեցումը ուրիշ բան չէր, այլ արագ հանգամանքային զինադադար, որ երկար պիտի չտեւէ:
Այս բոլորը կարելի է գումարել նաեւ նախագահական թափուրին ստեղծած անել վիճակին վրայ: Ահաւասիկ այս ծիրէն ներս է վեր, որ երէկ աւելի քան ուշագրաւ էր ընդդիմութեան միասնականութեան ձգտող հանդիպումը, որ դրսեւորուեցաւ խորհրդարանին մէջ ընդդիմադիր 41 երեսփոխաններու հանդիպումով ու յայտարարութեամբ:
Յառաջիկայ շաբաթը յղի է յատկանշական զարգացումներով: