Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Ընտրապայքա՞ր, Թէ՞ Քիւրտերը Ոչնչացնելու Արշաւ

ՃՐՏԳ. ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Վերջերս լրատուական միջոցները սփռեցին հիւսիսային Սուրիոյ բնակող քիւրտերուն ուղղուած Թուրքիոյ բազմիցս սպառնալիքներու մասին՝ անոնցմէն պահանջելով 30 քմ՝ ետ քաշուիլ Թուրքիոյ սահմաններէն, երկրի անվտանգութիւնն ապահովելու համար, այլապէս Թուրքիան պիտի ներխուժէ Սուրիոյ հիւսիսային մասը  գտնուող անոնց քաղաքներն ու տարածքները։

Սպառնալիքներն իրենց տեսակի մէջ առաջինը չեն, քանի որ անոնք ժամանակ առ ժամանակ կը կրկնուին, երբ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կարիք կզգայ  որ պէտք է արծարծել իրավիճակը Սուրիոյ սահմանին վրայ եւ փորձել հետապնդել Քիւրտ զինեալներուն, քանի որ ան կը վախնայ  այնտեղ համախմբուած զինեալ քիւրտերու ազդեցութեան աճէն: Թուրքիան Սուրիական դեմոկրատական ​​ուժերը որոնք Քիւրտերէ կը բաղկանան եւ Սուրիական քիւրտական Ժողովրդի պաշտպանութեան միաւորումները դաշնակիցներ՝ աւելի ճիշտ՝ Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան (PKK) ընդլայնումը կը համարէ. վերջինը արդէն տասնեակ տարիներէ ի վեր կը պայքարէ Թուրքիոյ քիւրտերու ազգային իրաւունքները ապահովելու  համար։   
Ըստ պատմական տուեալներու, մեծ թիւով փախստական քիւրտեր Սուրիա ապաստանած են Թուրքիայէն 1925 թ. , Քեմալ Աթաթուրքի կողմէն ճնշուած Քիւրտ շէյխ Սաիտ Բիրանի յեղափոխութիւնէն յետոյ. 1926թ. Սուրիոյ կառավարութիւնը յայտարարեց, որ այդ ժամանակ Սուրիոյ մէջ բնակուող  քիւրտերէն մէկ միլիոնը Սուրիոյ քաղաքացիներ չեն, քանի որ անոնց նախնիներու եւ ընտանիքներու մասին տուեալներ  չկան 1920թ. առաջ Օսմանեան կայսրութեան տոմարներուն մէջ երբ Սուրիան մաս կը կազմեր այդ կայսրութեան:

Այդպէս ալ մնաց իրավիճակը  մինչեւ 1962 թ., երբ Սուրիոյ նախագահ Նազիմ ալ-Քուտսիի եւ անոր վարչապետ Պաշիր ալ-Ազմայի օրօք (Հասաքա) նահանգի մէջ մարդահամար տեղի ունեցաւ. այն կոչուեցաւ  «Ալ-Հասաքայի մարդահամար 1962», եւ անոր արդիւնքի համեմատ Սուրիոյ քիւրտերը դասակարգուեցան հետեւեալ կերպով ,

  • Քիւրտեր որոնց բնակութիւնը հաստատուած է Սուրիոյ մէջ ըստ Օսմանեան հին արձանագրութիւններուն, անոնք Սուրիացիներ են :
  • Քիւրտեր որոնք  Սուրիոյ քաղաքացիներ չեն սակայն գրանցուած են պաշտօնական փաստաթղթերուն մէջ որպէս օտարերկրացիներ:
  • Քիւրտեր որոնք  Սուրիոյ քաղաքացիներ չեն եւ նոյնիսկ գրանցուած չեն պաշտօնական փաստաթղթերուն մէջ որպէս օտարերկրացիներ:

2011 թ. Ապրիլի 7-ին նախագահ Պաշար ալ-Ասատը հրապարակեց 2011 թ. նախագահական թիւ 49 հրամանագիրը, որով Սուրիական քաղաքացիութիւն  շնորհեց այն Քիւրտերուն  որոնք գրանցուած են որպէս օտարերկրացիներ, այսինքն Հասաքայի մարդահամարի երկրորդ խումբը։ Երրորդ խումբը կը մնայ զերծ քաղաքացիութիւնէ։

Ներկայիս Սուրիա գտնուող Քիւրտերը ԱՄՆ-ի ռազմական աջակցութիւնը կը վայելեն , ետ մղած են «ՏԱԻՇ» ահաբեկչական խմբաւորման խուժանները եւ իրենց վերահսկողութեան տակ աոած են  հիւսիսային Սուրիոյ որոշ քաղաքներ: Անոնք այժմ կը վերահսկեն ծաւալուն տարածքներ Թուրքիոյ հետ սահմանի երկայնքով՝ Եփրատ գետէն մինչեւ Իրաքի հետ սահմանը, նաեւ կը վերահսկեն Աֆրինի տարածքը, եւ այս երկու շրջանները բաժնուած են հսկայական տարածքով, որուն մեծ մասը դեռեւս կը գտնուի ՏԱԻՇ-ի ձեռքը։

Անկախ այն բանէն, թէ ինչ իրավիճակի են Քիւրտերը Սուրիոյ մէջ, անոնք առաջին հերթին անհանգստութեան աղբիւր են  կառավարութեան համար՝ մասնաւորապէս անոնք որ  Սուրիական քաղաքացիութիւն  չեն վայելել : Վերջին տասնամեակի քաղաքական իրադարձութիւններուն զուգահեռ  Քիւրտերը ապստամբեցան. զէնք վերցուցին պետութեան դէմ, եւ անջատողական միտում ցոյց տուին ։

Ի՞նչ կը վերաբերի թուրքերուն, Սուրիոյ Քիւրտերը շատ մեծ թշնամիներ են որով (PKK)-ի ընդլայնումն են, ուստի Թուրքիան կը սպառնայ անոնց, եւ  ժամանակ առ ժամանակ կը ներխուժէ անոնց տարածքները եւ կը հետապնդէ զինուած ուժերը, որպէս ահաբեկիչներ. Թուրքերը արդեն քանի մը անգամ ներխուժած են այդ շրջանները եւ գրաւած են  քիւրտերու պատկանող տարածքներ: Չնայած այս ամենուն, քիւրտերը անդրդուելի մնացած են՝ պաշտպանելով իրենց գոյութիւն։

Թուրքիոյ ներխուժման նոր սպառնալիքը եկաւ  այն ժամանակ, երբ կը մօտենայ նախագահական ընտրութիւնները, ուր Թուրքիոյ նախագահ Ռեջեփ Թայիփ Էրտողանը իր թեկնածութիւնը յայտարարած է , եւ ան յաղթելու համար ժողովուրդի մեծ աջակցութեան կարիքն ունի։ Բացի գիւղացիներէն, որոնց աջակցութիւնը կարողացաւ ապահովել կրօնքի միջոցով, ան քաղաքներու մէջ մեծ թիւով աջակիցներ չունի . իր կուսակցութեան թեկնածուներու կորուստը Ստամպուլի եւ Անքարայի վերջին քաղաքային ընտրութիւններուն ընդդիմադիր թեկնածուներու առաջ կը փաստէ այդ տեսակէտը  ։
Հետեւաբար, քիւրտերու դէմ կռուիլը եւ երկրի անվտանգութիւնն ու միասնութիւնը երաշխաւորող ուժեղ նախագահի դերը անոր հերոս առաջնորդի կարգավիճակ պիտի տայ, եւ ընտրողները իրեն թիկունք  պիտի կանգնին ու ապահովեն անոր յաղթանակը. ուստի այս օրերուն ներխուժման հարցը բարձրացնելը անհրաժեշտութիւն է  ։
Յայտնի թուրք լրագրող Պուրաք Պեքդիլ (Burak Bekdil) Նոյեմբեր 2022 թ. -ին հրապարակած է սոցհարցումներու (poll ) արդիւնքները որոնք կատարուած են 
  (Yöneylem Sosyal Araştırmalar Merkezi) կեդրոնի կողմէն  եւ հրապարակուած են  (GATESTONE INSTITUTE International Policy Council) կայքի վրայ: Ըստ անոնց մասնակիցներու  63%-ը կը կարծեն որ Թուրքիան «Վատ կերպով կը կառավարուի »։ Իսկ 58,7%-ը պատասխանած են որ պիտի  չքուէարկեն Էրտողանի օգտին. իսկ թուրքերու 76,6%ը կը հաւատան որ երկրի հիմնական խնդիրներն են գործազրկութիւնը ու գնաճը (inflation), քանի որ ԱՄՆ Տոլարի փոխարժէքը Լէրայի  նկատմամբ հասած է 18,5 Լէրայի։ 
Միւս կողմէն, մասնակցողներու 33,3%-ը նշած են որ  պիտի քուէարկեն Էրտողանի օգտին, իսկ  55,6%-ն  պիտի քուէարկեն ընդդիմադիր թեկնածուի օգտին։
Էրտողանի «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը Երկրի գլխաւոր կուսակցութիւնն է, անոր կաջակցի Տեւլեթ Պահչելիի «Ազգային շարժում» կուսակցութիւնը. Իսկ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները, վեցն են, ամենամեծը Քեմալ Քըլըչդարօղլուի գլխաւորած Ժողովրդա-Հանրապետական ​​կուսակցութիւնն է, որը Քեմալ Աթաթուրքը հիմնած է եւ ամենահինն է , ապա՝ Մերալ Աքշեների 2017 թ. հիմնադրած կուսակցութիւնը, երրորդը՝ նախկին վարչապետ Ահմեդ Տավութօղլուի 2019 թ. հիմնադրած «Ապագա» կուսակցութիւնը , յետոյ Ալի Բաբաջանի 2020 թ. հիմնած  «Ժողովրդավարութիւն եւ վերածնունդ» կուսակցութիւնը, Թեմել Քարամոլլա օղլուի «Երջանկութիւն» կուսակցութիւնը եւ Գյուլթեքին Ույսալի Դեմոկրատական ​​կուսակցութիւնը։ 
Անոնք մէկ թեկնածու պիտի ունենան ։

Թուրքական քաղաքական դաշտի այս բարդ պատկերին մէջ կը յայտնուին  քիւրտերը, որոնք մասնակցողներուն 13% կը ներկայացնեն եւ կը թուի թէ անոնք են որ պիտի ըլլան  այն կշիռը, որը թեքելու է ընտրութիւններու հաւասարակշռութիւնը։

Բայց ո՞րուն օգտին։

Քիւրտերը բախումներու երկար պատմութիւն ունին նախագահ Էրտողանի հետ, որ կօգտուի  բոլոր հնարաւորութիւններէն՝ անոնց ճնշելու համար, իսկ Էրտողանը կը մեղադրէ որ անոնք (PKK)ի անդամներ են կամ համակիրներ։

Ըստ ներկայ տուեալներուն եթէ հիմա ընտրութիւնները տեղի  ունենան Էրտողանը պիտի ունենայ  ձայներու 29,5%-ը, իսկ անոր դաշնակից Պահչելին 6,4%-ը, այսինքն՝ ընդհանուր ձայներու 35,9%-ը։ մինչդեռ Էրտողանի մրցակիցը Քըլըչդարօղլուն պիտի ունենայ 29,7%-ը, իսկ Մերալ Աքշեների 13,5%-ը, այդպէսով ընդդիմութիւնը կ՛ունենայ առնուազն ձայներու 43,2%, եւ այստեղ յայտնի պիտի ըլլայ Քիւրտերու ձայներու կարեւորութիւնը, որը լաւագոյն դէպքին  Էրտողանի օգտին պիտի չըլլայ. ուստի անհրաժեշտ է ոչնչացնել Քիւրտերուն, կոտրել անոնց ուժը եւ հանդէս գալ որպէս ուժեղ ազգային առաջնորդ, որը կարող է պահպանել Թուրքիոյ միասնութիւնը։

Արդեօ՞ք պիտի յաղթէ Էրտողանը։

Այդ կարելի պիտի ըլլայ  այս կամ այն ​​կեղծիքով, բայց Քիւրտերու ցեղասպանութիւնը, անշուշտ պիտի չյաջողի, քանի որ 2023 թ., 1915 թ. չէ։

Լոս Անճելըս

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին