Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ Պարտութեան Մատնեց ՀՄԸՄ Պէյրութը՝ 104-101

Հինգշաբթի,  29  Դեկտեմբեր  2022, երեկոյեան-  ժամը 7.30-ին, Լիբանանի  պասքեթպոլի տղոց  Ա.  դասակարգի ախոյեանութեան  երթի փուլի  վերջին  օրուան  մրցումներուն, ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ՝ 104-101 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ՀՄԸՄ Պէյրութը:   Մրցումը  տեղի ունեցաւ  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Անդրանիկ» մարզադաշտին  մէջ եւ ընթացաւ  ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի առաւելութեամբ:

Ա. դասակարգի ախոյեանութեան կը մասնակցին  12 խումբեր: Երթի  տասնմէկ  մրցումներէն ետք, ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ կը  գրաւէ ընդհանուր դասաւորման եօթներորդ դիրքը:

Դարձի  մրցումներուն նախօրէին,  նորանոր  յաջողութիւններ կը մաղթենք ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի մարզիկներուն, մարզչական կազմին եւ պատասխանատուներուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին