Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Պատրիարք Ռաաի Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Միջազգայնացնելու Լիբանանեան Հարցը

Մարոնիներու պատրիարք, քարտինալ Մար Պըշարա Պութրոս Ալ-Ռաաին յայտնեց, որ ինք կը կարծէ, որ բոլոր քաղաքական փաստերը կը հաստատեն Լիբանանի դէմ նախագահական թափուր պաշտօն ստեղծելու ծրագրի մը առկայութիւնը: Ան վերահաստատեց իր կոչը ՄԱԿ-ի և բարեկամ երկիրների հովանիին ներքեւ Լիբանանի վերաբերեալ խորհրդաժողով գումարելու, Լիբանանը ռազմական առճակատումէ չէզոքացնելու համար և մինչև իրավիճակը վերահսկելի ըլլայ տարածաշրջանային այս փուլին մէջ, որուն ճակատագիրն անյայտ է, ըսաւ ան։
Պատրիարքը Ս. Ծննդեան իր ուղերձին մէջ հետեւեալ հարցադրումը ըրաւ. 
 «Արդեօ՞ք քաղաքական խումբերը չխանգարեցին կառավարութեան կազմութիւնը նախքան նախագահ Միշել Աունի լիազօրութիւններու աւարտը, հակառակ անոր, որ անոնք  գիտէին, որ կառավարութիւնը պաշտօնապէս հրաժարած է:
 
«Տոլարը կը թանկանայ, լիբանանեան դրամը կը փլուզուի, աշխատավարձերն ու փոխհատուցումները արդէն անարժէք են մինչ քաղաքական գործիչները այս կենսական հարցով մտահոգուած չեն: Նմանապէս, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը տակաւին կը սպասէ դատական ​​համակարգին, որ իր հերթին կը սպասէ քաղաքական վէճերու աւարտին: Մենք կը շարունակենք ջանքերը՝ մեր երկիրը հանելու այս իրավիճակէն» ըսաւ ան:
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին