Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

Անհաւատալի Բայց Իրաւ

Ինչպէս յայտնի է ԶԱՐԹՕՆՔի մեր ընթերցողներուն, Ազգային հերոս Մոնթէ Մելքոնեանի անուան եւ իր անձին վերաբերող հրապարակումներուն հետ կապուած ֆէյսպուքի արգելափակումներուն մասին մեր բողոքը յայտնելու եւ անոր առաջքը առնելու համար, ատենին մեր թերթին մէջ Բաց Նամակով մը դիմած էինք Հայաստանի չորս նախարարութիւններու՝ Արտաքին Գործոց, Արդարադատութեան, Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Սփորթի, ինչպէս նաեւ Բարձր Տեխնոլոգիական, Արդիւնաբերութեան, իրենց ուշադրութեան յանձնելով սոյն տհաճ եւ վիրաւորական պարագան:

Երբ նամակին մէջի մեր պահանջին անդրադարձ չեղաւ տուեալ նախարարութիւններուն կողմէ, հիմնուելով Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան ընձեռած հնարաւորութենէն եւ մեր իրաւունքներուն վրայ, սոյն թուականի Նոյեմբեր 28ին նշեալ նախարարութիւններուն ֆիզիքական հասցէին, այս անգամ խնդրոյ առարկայ նախարարներուն անձնապէս ուղղեցինք նամակներ, պահանջելով նշեալ նախարարութիւններուն ֆէյսպուքի մօտ խիստ միջամտութիւնը, անոնց բովանդակութեան մէջ մասնաւորապէս նշելով հետեւեալը. «Առ ի գիտութիւն Ձեզի, վերջերս Ֆէյսպուքի տնօրէնութիւնը ահաբեկիչ կը համարէ ՀՀ Ազգային հերոս Մոնթէ Մելքոնեանը եւ առ այդ, կ՛արգելափակէ Մոնթէի մասին գրառումներ եւ կամ հերոսին նկարը հրապարակող Ֆէյսպուքի օգտատէրերուն էջերը կամ առնուազն՝ տուեալ նիւթը … Ահաբեկիչ նկատուող Մոնթէ Մելքոնեանը ՀՀ Ազգային Հերոս է ու պետական մակարդակով մեծ պարգեւներու արժանացած է ՀՀ կառավարութեան կողմէ: Այլ խօսքով եթէ Մոնթէ Մելքոնեանը ահաբեկիչ է, ապա զինք պարգեւատրած Հանրապետութիւնը ահաբեկչական պետութիւն պէտք է ըլլալ ըստ Ֆէյսպուքի տրամաբանութեան…: Նոյնը կը վերաբերի այլ ազատամարտիկներուն, որոնց հանդէպ պետական թէ ժողովրդային մակարդակով մեծ յարգանք կայ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ…. Պարզ է, որ այս արշաւի ետին կան թշնամի Ազրպէյճանն ու Թուրքիան եւ ըստ ոմանց՝ հայանուն դաւաճաններ…»:

Այսօր, Դեկտեմբեր 20-ին, ՀՀ Բարձր Տեխնոլոգիական, Արդիւնաբերութեան նախարարութեան գլխաւոր քարտուղարին ստորագրութեամբ հետեւեալ բովանդակութեամբ պատասխան նամակ մը ստացանք (պատճէնը կը կցենք այս նիւթին հետ).

«Յարգելի՛ պարոն Յակոբեան,

Ի պատասխան 2022թ. նոյեմբերի 28-ի Ձեր հարցման՝ յայտնում ենք, որ Հայաստանի ազգային հերոս և Արցախի հերոս Մոնթէ Մելքոնեանի անուամբ հրապարակումների սահմանափակումների թեմայով ՀՀ արտաքին գործերի նախարարութեան և «Մետա» ընկերության  ներկայացուցիչների միջև տեղի են ունեցել մի քանի տեսազանգեր։ Հայկական կողմը ներկայացրել է մանրամասն հիմնաւորումներ, թէ ինչու Մոնթէ Մելքոնեանի անունը չպէտք է լինի այնպիսի անձանց ցանկում, որոնց վերաբերեալ հրապարակումներ անելը կարող է բերել էջի արգելափակման:

Քննարկումների ժամանակ «Մետա» ընկերութիւնը տեղեկացրել է, որ ադրբեջանական կողմը որևէ կապ չունի սոյն արգելքի հետ, և տուեալ արգելքը պայմանաւորուած է Մոնթէ Մելքոնեանի՝ Հայաստանի ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակի (ԱՍԱԼԱ) հետ կապով։ «Մետա» ընկերութեան ներկայացուցիչները նշել են, որ Մոնթէ Մելքոնեանի պարզապէս յիշատակումը, նրա մասին զուտ տեղեկութիւն տալը իրենց ալկորիթմերի կողմից չի բերում ինքնաբերաբար արգելափակման, և որևէ էջ կարող է արգելափակուել նրան փառաբանող հրապարակումների դէպքում:

Չնայած, որ այս պահին «Մետա»-ն դեռ միտուած չէ Մոնթէ Մելքոնեանի անունը տուեալ ցանկից հեռացնելուն, աշխատանքները շարունակւում են:

Յարգանքով՝ Նարեկ Մելքոնեան»

Մեր պաշտօնական դիմումին քաղաքակիրթ եւ ըստ օրինի պատասխանելու սոյն երեւոյթին արհեստավարժութիւնը կը գնահատենք (ի դէպ, առ այսօր տուեալ նախարարութիւնը միակն է, խնդրոյ առարկայ միւս նախարարութիւններուն հետ համեմատած, որ պաշտօնապէս պատասխանեց մեզի: Արդար ըլլալու համար նշենք, որ շաբաթ մը առաջ ՀՀ Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Սփորթի նախարարութենէն ստացած էինք զանգ մը, որ բերանացի մեզի հաղորդած էր, թէ մեր դիմումին նիւթը իրենց չի վերաբերիր, այլ՝ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան: Իրենց այս պատասխանը այնպէս ալ գրաւոր չստացանք, հակառակ մեր պնդումին, որ մեր գրաւոր հարցադրումին պատասխանը գրաւոր կ՛ակնկալենք…):

Արժեւորելով հանդերձ ՀՀ Բարձր Տեխնոլոգիական, Արդիւնաբերութեան նախարարութեան նշեալ արհեստավարժութիւնը, իր պատասխան նամակին բովանդակութիւնը եւ անոր մէջ ակնյայտ «բծախնդրութեամբ» մը Ազրպէյճանը արդարացնելու տողը, մեզի աւելի քան ապշեցուց: Սոյն բանը մեզի ակամայ մտածել տուաւ, որ Ազրպէյճան իր հակահայ վարքագիծի դրսեւորումները արդարացնելու համար միջազգային պաշտպան փաստաբաններ վարձելու կարիքը չունի…:

Աւելին, մեզի համար զարմանալի, նոյն ժամանակ կասկածելի է ֆէյսպուքի եւ նմանօրինակ ընկերային համացանցի ծառայութիւններու մայր ընկերութեան՝ «Մեթա»ին վերագրուած պատճառաբանութիւնը ինչ կը վերաբերի Հայաստանի ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակի (ԱՍԱԼԱ)ին հանդէպ իրենց կեցուածքին, որ տրամաբանականօրէն կրնար առնչուած ըլլալ վերջինին անուան ահաբեկչական խմբաւորումներու միջազգային ցանկին վրայ գտնուելու վարկածի մը: Այս ուղղութեամբ եւ պատմութեան համար նշենք, որ նշեալ կազմակերպութիւնը իր գործունէութեան տարիներուն ոչ մէկ անգամ նման ցանկի մը վրայ չէ դրուած: Ի դէպ, նման ցանկ մը մարդկային նորագոյն պատմութեան մէջ առաջին անգամ որդեգրուած է ամերիկեան Պետական բաժնին (State Department) կողմէ 1997 թուականին, երբ արդէն հայկական տուեալ կազմակերպութիւնը դադրեցուցած էր իր զինեալ գործունէութիւնները:

Այն միակ պետութիւնները, որոնք առ այսօր ԱՍԱԼԱն պաշտօնապէս ահաբեկչական կազմակերպութիւն յայտարարած են եւ նման կազմակերպութիւններու մասին իրենց ցանկերուն վրայ տեղադրած են, Թուրքիան եւ Ազրպէյճանն են: Հետեւաբար անոնք ամենեւին անմեղ չեն կրնար հռչակուիլ ֆէյսպուքի տնօրէնութեան մօտ հակահայ նմանօրինակ միջամտութիւններ ընելու: Ամէն պարագայի, Հայաստանի Հանրապետութեան նախարարութիւն մը, չէ որ այս հարցով եւ պաշտօնապէս, Ազրպէյճանը անմեղ պէտք է համարէ կամ ընդունի թէկուզ  «Մեթա»ին վերագրուած նման թէական պատճառաբանութիւն մը:

Չուզելով յաւելեալ մեկնաբանութիւններու յորձանուտին մէջ իյնալ, այս անգամ պիտի բաւարարուինք այսքանով, սպասելով միւս նախարարութիւններուն պատասխաններուն, նամանաւանդ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան պատասխանին, որուն ի դէպ նաեւ դիմած ենք Ազրպէյճանի մէջ գերեվարուած Հայաստանի եւ Լիբանանի քաղաքացի Վիգէն Իւլճէքեանին հարցով:

Նոր պատասխաններ ստանալու պարագային, կը խոստանանք անոնց բովանդակութիւնն ալ մեր ընթերցողներուն դատին յանձնել:

Առ այժմ, այսքան:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

1 մեկնաբանութիւն

  1. թշնամիներին ու մեր դավաճաններին հորդորեք.
    կարդան իսպանացի մեծանուն գրող եւ ժուռնալիստ Խօսէ Անտօնիօ Գուռռիառայի
    «La BOMBA» փաստագրական գիրքը …

Մեկնաբանութիւն գրել հնարաւոր չէ։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին