Շաբաթ, 10 Դեկտեմբեր 2022, երեկոյեան ժամը 6.30-ին մեկնարկեցին Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումները: ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնի «Անդրանիկ» մարզադաշտին մէջ ընդունեց ՀՄԸՄ Անթիլիասը եւ 65-35 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց անոր դէմ:
Ա. դասակարգի ախոյեանութեան կը մասնակցին տասը խումբեր, որոնք երթուդարձի դրութեամբ պիտի մրցին իրար դէմ: ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի մարզիչն է Էլի Մուաուատը, օգնական մարզիչը՝ Թոնի էլմիր,վարչական պատասխանատուն է Թոնի Ճունթոյեանը:
Յաջողութիւն կը մաղթենք ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի մեր մարզուհիներուն: