Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2022 երեկոյեան ժամը 7ին, Արեւմտեան Թեմի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Միջեկեղեցական Աղօթքի արարողութիւն մը: Միասնական Աղօթքի այս աւանդութիւնը, որ տասներկու տարիներէ ի վեր կը շարունակուի, սկսած է Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշն. Յովնան Արք․ Տէրտէրեան նախաձեռնութեամբ:
Արեւմտեան Թեմի Հոգեւորականներու կողքին՝ ներկայ էին Քրիստոնեայ ոչ-Հայ համայնքներու ներկայացուցիչներ, առաջնորդներ եւ Եպիսկոպոսներ.- Հռոմէադաւան, Յոյն, Ասորի, Մելքիդ, Հայ եւ Ամերիկացի Բողոքական Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Եպիսկոպոսական Եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Rt. Rev. John Harvey Taylor Առաջնորդ Եպիսկոպոսը:
![](https://zartonkdaily.net/wp-content/uploads/2022/12/3-2-1024x683.jpg)
Առանձին աղօթքներով եւ հակիրճ պատգամներով մասնակցեցան իւրաքանչիւր Համայնքի ներկայացուցիչները: Օրուան Հոգեւոր Պատգամը փոխանցեց Եպիսկոպոսական Եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Rt. Rev. John Harvey Taylor:
Շարականներու եւ Հոգեւոր Երգերու կատարումները տեղի ունեցան Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Եկեղեցւոյ «Շնորհալի» եւ Եպիսկոպոսական Եկեղեցւոյ «Coventy Quartet» Երգչախումբերուն կողմէ:
![](https://zartonkdaily.net/wp-content/uploads/2022/12/2-3-1024x683.jpg)
Եզրափակիչ խորհրդածութեամբ ելոյթ ունեցաւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշն․ Յովնան Արք․ Տէրտէրեան, որ անդրադարձաւ «Աղօթքի» եւ «Միասնաբար Աղօթքի» նշանակութեան եւ Քրիստոնէական Արժէքի մասին: Իր խօսքի աւարտին ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր հիւրերուն եւ ներկայ գտնուող հաւատացեալներուն: Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը յատուկ յարգանք ցուցաբերեց «Եպիսկոպոսական» Եկեղեցւոյ Առաջնորդ Եպիսկոպոս՝ Rt. Rev. John Harvey Taylorին՝ անոր նուիրելով Հայկական Սրբապատկեր մը, իբր արտայայտութիւն Քրիստոնէական Եղբայրութեան: