Չորեքշաբթի, 24. 04. 2024

spot_img

Միջազգային Լրագրող Թալալ Խրէյսի Հայանպաստ Հերթական Նախաձեռնութիւնը Ի Պատուի

Հպարտութեամբ եւ ուրախութեամբ իմացանք, որ Իտալիոյ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռին մօտ հաւատագրուած, ԶԱՐԹՕՆՔ-ի նախկին աշխատակից եւ բարեկամ՝ միջազգային լրագրող  Թալալ Խրէյս, Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկին կողմէ ստացած է Գնահատանքի Գիր: Սոյն գիրը մեր գործընկերոջ յանձնած է Հռոմի մէջ ՀՀ դեսպան Ծովինար Համբարձումեանը:

Մեր գործընկերը այս պատիւին արժանացած է, որովհետեւ ան վերջերս  թանգարանին տրամադրած է արժէքաւոր փաստաթուղթեր, որոնք կը պատկանին իտալացի վարդապետ՝ Սալվատորէ Լոլլիին:

Հայր Սալվատորէ Լոլլի

Հայոց Ցեղասպանութեան ականատես վարդապետը մահուընէ ետք իր ետին թողած է արժէքաւոր փաստաթուղթերը, Հայաստանի մէջ իր հոգեւոր պարտականութիւնը կատարած տարիներուն: Արդարեւ ան վաւերագրած է եւ ականատեսի նամակագրութիւններ յղած է Վատիկան, Սուրբ Աթոռին տեղեկացնելով Հայաստանի մէջ թուրքերուն կողմէ սպաննուող հայ հոգեւորականներուն ոդիսականին եւ թուրքերուն կողմէ Հայ ժողովուրդին դէմ իրագործուող ցեղասպանութեան մասին: Ան իր նամակներով զգուշացուցած է Վատիկանը, որ ահաւոր բան կը կատարուի Հայ ժողովուրդին հանդէպ:

Թալալ Խրէյս այս փաստաթուղթերը ձեռք է բերած է Իտալիոյ Վիտերբօ նահանգին, Օրիոլօ Ռոմանօ քաղաքի մէջ գտնուող լքուած վանքի մը մէջ, ուր պահուած էր  անցեալ դարու 1920-ականներուն մահացած վանականին պատկանող իրերուն տուփը: Տուփը պարունակած է վանականին օրագրերն ու լուսանկարները Հայաստանի մէջ, որպէս  կրօնական միսիոնար առաքելութեան տարիներուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին