Նախանցեալ օր ծանր օր մը եղաւ մասնաւորպէս Լիբանանի ծովեզերայ կարգ մը շրջաններուն համար։
Յորդառատ անձրեւները մեծ վնասներ պատճառելէ զատ, փակեցին նաեւ տասնեակ փողոցներ եւ անդամալուծեցին մասնաւորապէս Ճիւննի եւ Սարպա շրջանները։
Այս բոլորին դիմաց անզօրութեան մատնուած են երկրի իրաւապահ մարմինները, որոնք մեծ հաշուով յայտնուած են հանդիսատեսի կարգավիճակին մէջ։
Ծանր է լիբանանի քաղաքացիին վիճակը։