Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ը  Մասնակցեցաւ   Պէյրութի   Միջազգային Մարաթոնին

Երեք   տարուան ակամայ  ընդմիջումէն  ետք,  Կիրակի,  13 Նոյեմբեր 2022-ի առաւօտեան,   վաթսունէ աւելի  երկիրներէ շուրջ  տասը  մարզիկներու մասնակցութեամբ, «Ես Պէյրութն եմ» կարգախօսին տակ   տրուեցաւ     Պէյրութի   միջազգային  մարաթոնին  ազդանշանը:

 Կ’արժէ նշել, որ  վեցերորդ  տարին ըլլալով, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ –ը  իբրեւ կազմակերպիչ    գործընկեր   մաս կը  կազմէ  Պէյրութի  միջազգային Մարաթոնին:  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ը կը  մնայ  Պէյրութի  Մարաթոնի նախապատրաստական  աշխատանքներուն կամաւորապէս մասնակցող  հայկական առաջին  կազմակերպութիւնը:

 Նախորդ  տարիներուն  նման, ՀԲԸՄ- ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս եւ Անդրանիկ Սեւան  սկաուտական զոյգ  շարժումներու  հարիւրէ աւելի  անդամ-անդամուհիներ (սկաուտ, արենուշ, քառավել, երէց  եւ խմբապետական կազմեր),  սատարեցին Մարաթոնի յաջողութեան: Կազմակերպիչները   գնահատեցին   ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի  հետեւողական,  բծախնդիր եւ կամաւոր  մասնակցութիւնը:

ՀԵԸ-ի  սկաուտական  զոյգ շարժումները իրենց  խմբապետական կազմերով,  Շաբաթ   երեկոյեան համախմբուեցան  ՀԲԸՄ-ի  Տեմիրճեան եւ  ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի Նազարեան- Մովսէսեան կեդրոնները: ՀԲԸՄ-ի  Վարիչ տնօրէն Արին Ղազարեան,  ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս սկաուտական  շարժումի ընդհանուր խմբապետ  Եղիկ  Աւետիքեան,  ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան սկաուտական շարժումի ընդհանուր  խմբապետ   Ժիրայր  Թօսունեան,  ՀԲԸՄ-ի Տիկնանց,  ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի եւ  Սեւանի տիկնանց  վարչութիւնները, ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի  համալսարանականները  մօտէն հետեւեցան աշխատանքներուն  յաջողութեան:  Համալսարանականներու վարչութեան ատենապետ Սեւակ Հաճեքեան լրագրողներուն  ծանօթացուց  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի գործունէութիւնը:

Առաւօտեան ժամը 3-ին, ՀԵԸ-ի սկաուտները օթոպիւսներով  ուղղուեցան մայրաքաղաքի կեդրոնը: Օթոպիւսներուն վրայ կը  ծածանէին ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի դրօշները:  Տղաքը   դիրք բռնեցին   մրցավազքի  «ֆինիշ լայն»ին երկու   կողմերը,  ուղեցոյց դառնալով վազորդներուն, իսկ աղջիկները  երկու խմբակներու բաժնուելով, ստանձնեցին տարբեր պարտականութիւններ, վազորդներուն  հայթայթելով  ջուր, սննդանիւթ, մետալներ  յանձնել շահողներուն:   

ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս եւ  ՀԵԸ  Անդրանիկ  Սեւան  սկաուտական խումբերը  իրենց  օրինակելի ընթացքով,  ազգային  համերաշխութեան եւ  միասնականութեան   ոգի ներշնչեցին  Մարաթոնին  ողջ տեւողութեան:

ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ  ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին