Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

Բացում Միշիկընի Մանուկեան Վարժարանի STEAM Մասնաշէնքին

Ս. ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ

Կիրակի, Հոկտեմբեր 23, 2022-ին, ներկայութեամբ Միշիկընի Հ.Բ.Ը.Մ.ի Ալեք եւ Մարի Մանուկեան վարժարանի բարերար Ռիչըրտ Մանուկեանին, Սաութֆիլտ շրջանի քաղաքապետին, դպրոցիս հոգաբարձութեան անդամներուն, ինչպէս նաեւ՝ ծնողներու եւ բարեկամներու բացումը կատարուեցաւ Մանուկեան STEAM գիտական կեդրոնի մասնաշէնքին։

Արդարեւ Մանուկեան վարժարանը բախտաւոր եղած է ունենալով տեսլական ունեցող նախկին տնօրէններ, ինչպէս Դոկտ. Նատիա Սարաֆեանն ու հանգուցեալ Օրդ. Տայանա Գըզըլեանը, որոնք հոգաբարձութեան երկարամեայ անդամ  Պրն. Երուանդ Ազատեանի, ինչպէս նաեւ հոգաբարձութեան այլ  անդամներուն հետ միասին նախագծեր էին վարժարանիս ապագայ ուղին։ Մանկամսուրէն 12-րդ դասարաններու ընդհանուր տնօրէնութիւնը վարող Դոկտ. Սարաֆեանի քսանամեայ պաշտօնավարութեան ընթացքին վարժարանս դարձեր էր charter դպրոց ընդունելով նաեւ սահմանափակ թիւով ոչ հայ ծագում ունեցող աշակերտներ։ Ահա այսպիսի բարգաւաճող ու բարձր կրթական մակարդակ ապահոված կրթական հիմնարկին համար, Տիար Ռիչըրտ Մանուկեանի բարերարութեամբ կառուցուեր էր վարժարանիս երկրորդական բաժանմունքի մասնաշէնքը։ 

Դոկտ. Սարաֆեանին յաջորդած՝ մանկամսուրի, ինչպէս նաեւ մանկապարտէզէն 8-րդ դասարաններու տնօրէնուհի Օրդ. Գըզըլեան եւ երկրորդական բաժնի (9-12-րդ դասարաններ) տնօրէն Դոկտ. Յովսէփ Թորոսեան շարունակեցին սկսուած գործը։ Հոկտեմբեր 2016-ին Օրդ. Գըզըլեանի անակնկալ մահը ցնցեց ոչ միայն Մանուկեան վարժարանի ընտանիքը այլ ողջ Միշիկընի հայ գաղութը։ Ան սիրուած եւ բոլորէն յարգուած կրթական այն մշակն էր, որ աւելի քան 40 տարիներ ծառայած էր Մանուկեան վարժարանին։ Այս եկեղեցասէր ու ազգասէր վաստակաւոր հայուհիին անունով անուանակոչուեր էր Մանուկեան վարժարանի հանդիսասրահը։ Դոկտ. Սարաֆեանի ու Օրդ. Գըզըլեանի բարի աւանդութիւնները կը շարունակէ վաստակաւոր այլ կրթական մշակ մը՝ Տիկ. Սոնա Գալֆայեան, որ մանկամսուրէն 8-րդ դասարանի տնօրէնութիւնը ստանձնած է Հոկտեմբեր 2016 թուականէն ի վեր։

STEAM մասնաշէնքի բացման արարողութեանը ընթացք տուաւ երկրորդականի տնօրէն Դոկտ. Թորոսեան։ Խօսք առին վարժարանիս հոգաբարձութեան ատենապետ Դոկտ. Մարպըրկըրը, Սաութֆիլտի քաղաքապետը, Կեդրոնական Միշիկընի Համալսարանի ներկայացուցիչը եւ անշուշտ բարերար, Միշիկընի Հայ համայնքի նահապետ Տիար Ռիչըրտ Մանուկեանը։ Ս. Յովհաննէս Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հայր Առէն Ճէպէճեանի օրհնութենէն ետք ներկաները ծանօթացան մասնաշէնքէն ներս կատարուող աշակերտական աշխատանքներուն, որոնք կը ղեկավարուէին STEAM կեդրոնի տնօրէնուհի, հմուտ եւ փորձառու մանկավարժ Տիկ. Օտրի Արմուտլեանին կողմէ։

Շնորհակալութիւն ազգային բարերար Ռիչըրտ Մանուկեանին, ինչպէս նաեւ վարձքը կատար դպրոցի հոգաբարձութեան՝ մանաւանդ անոր գանձապահ Տիար Տիգրան Քիւրքճեանին, որ երկրորդականի տնօրէն Դոկտ. Թորոսեանին հետ միասին բծախնդրութեամբ հետեւեցաւ մասնաշէնքի շինարարութեան աշխատանքներուն։ 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին