Երեք տարուան ակամայ ընդմիջումէն ետք, Կիրակի, 13 Նոյեմբեր 2022-ի առաւօտեան, վաթսունէ աւելի երկիրներէ շուրջ տասը մարզիկներու մասնակցութեամբ, «Ես Պէյրութն եմ» կարգախօսին տակ տրուեցաւ Պէյրութի միջազգային մարաթոնին ազդանշանը:

Կ’արժէ նշել, որ վեցերորդ տարին ըլլալով, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ –ը իբրեւ կազմակերպիչ գործընկեր մաս կը կազմէ Պէյրութի միջազգային Մարաթոնին: ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ը կը մնայ Պէյրութի Մարաթոնի նախապատրաստական աշխատանքներուն կամաւորապէս մասնակցող հայկական առաջին կազմակերպութիւնը:
Նախորդ տարիներուն նման, ՀԲԸՄ- ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս եւ Անդրանիկ Սեւան սկաուտական զոյգ շարժումներու հարիւրէ աւելի անդամ-անդամուհիներ (սկաուտ, արենուշ, քառավել, երէց եւ խմբապետական կազմեր), սատարեցին Մարաթոնի յաջողութեան: Կազմակերպիչները գնահատեցին ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի հետեւողական, բծախնդիր եւ կամաւոր մասնակցութիւնը:

ՀԵԸ-ի սկաուտական զոյգ շարժումները իրենց խմբապետական կազմերով, Շաբաթ երեկոյեան համախմբուեցան ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան եւ ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի Նազարեան- Մովսէսեան կեդրոնները: ՀԲԸՄ-ի Վարիչ տնօրէն Արին Ղազարեան, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս սկաուտական շարժումի ընդհանուր խմբապետ Եղիկ Աւետիքեան, ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան սկաուտական շարժումի ընդհանուր խմբապետ Ժիրայր Թօսունեան, ՀԲԸՄ-ի Տիկնանց, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի եւ Սեւանի տիկնանց վարչութիւնները, ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի համալսարանականները մօտէն հետեւեցան աշխատանքներուն յաջողութեան: Համալսարանականներու վարչութեան ատենապետ Սեւակ Հաճեքեան լրագրողներուն ծանօթացուց ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի գործունէութիւնը:

Առաւօտեան ժամը 3-ին, ՀԵԸ-ի սկաուտները օթոպիւսներով ուղղուեցան մայրաքաղաքի կեդրոնը: Օթոպիւսներուն վրայ կը ծածանէին ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի դրօշները: Տղաքը դիրք բռնեցին մրցավազքի «ֆինիշ լայն»ին երկու կողմերը, ուղեցոյց դառնալով վազորդներուն, իսկ աղջիկները երկու խմբակներու բաժնուելով, ստանձնեցին տարբեր պարտականութիւններ, վազորդներուն հայթայթելով ջուր, սննդանիւթ, մետալներ յանձնել շահողներուն:
ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս եւ ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան սկաուտական խումբերը իրենց օրինակելի ընթացքով, ազգային համերաշխութեան եւ միասնականութեան ոգի ներշնչեցին Մարաթոնին ողջ տեւողութեան:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ