Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

Մահազդ – Մանուկ Տագէսեանին

Դոկտ. եւ տիկ. Անդրանիկ եւ Ալինա Տագէսեան եւ զաւակը Դոկտ. Արեգ

Տէր եւ տիկ. Արա եւ Լենա Տագէսեան եւ զաւակներ՝ Լալա, Արին

Տէր եւ տիկ. Արի Մհեր եւ Ռիթա Տագէսեան եւ զաւակներ՝ Մանուէլ, Մեղրի

Աւագ Տագէսեան եւ ընտանիք (Կիպրոս),

Արաքսի, Աւագ, Սոնիա Տագէսեան եւ ընտանիքներ,

Սիմակ, Վաչիկ, Նորա Տագէսեան եւ ընտանիքներ (Հայաստան),

Տէր եւ տիկ. Յակոբ Գազանճեան  եւ զաւակներ (Աւստրալիա),

Եւ համայն Տագէսեան, Գազանճեան, Պալպուչաքեան, Կիւլվանէսեան, Մանուկեան, Արապաղեան, Տապաղեան, Քեսթէնեան, Պէրպէրեան, Մանճիկեան, Փանճարեան ընտանիքներ եւ ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, մեծհօր, հարազատին՝

ՄԱՆՈՒԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆԻ

(Ծն. Պաղտատ, 1925ին)

մահը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, 3 Նոյեմբեր 2022ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 5 Նոյեմբեր, կ.ետք ժամը 3:30ին, Հաճնոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցիին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի ազգային գերեզմանատունը:

Ցաւակցութիւնները կ’ընդունուին՝ Շաբաթ, յուղարկաւորութենէն ետք, Ս. Գէորգ եկեղեցիին սրահը մինչեւ ժամը 8, ինչպէս նաեւ Կիրակի՝ առաւօտեան ժամը 11էն մինչեւ ժամը 8, նոյն վայրին մէջ:

Փափաքելի է որ փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւններ կատարուին Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցիին:

***

Այս տխուր առիթով ԶԱՐԹՕՆՔ իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ մեր թերթին հաւատարիմ ընթերցող՝ հանգուցեալ վեթերան ընկերոջ հարազատներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն, ի մասնաւորի իր որդիներուն՝ Դոկտ. Անդրանիկ, Արա եւ Մհեր Տագէսեաններուն, իրենց կողակիցներուն եւ զաւակներուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին