Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ  Ճատրակի  Ակադեմիայի Անդամ Լիքա Ապաճեան Մրցանակակիր

Մարգարէին  ծննդեան  տօնին  առիթով, Շեմիյէ ճատրակի  ակադեմիան, ճատրակի  մրցաշարք մը կազմակերպեց,  լիբանանեան տարբեր ակումբներ ներկայացնող  16 տարեկանէն վար  32 մարզուհիներու մասնակցութեամբ, Ռոթանա –Արժան պանդոկին  մէջ, Ռաուշէ:

  Մրցաշարքին առաջնութիւնը  շահեցաւ  ՀԵԸ-ի ճատրակի ակադեմիայի անդամ,  ՀԲԸՄ-ի վարժարաններու  ուսանողուհի Լիքա Ապաճեան:  ՀԵԸ-ի  ճատրակի ակադեմիայի մարզուհիներ Թերեզա Էսփեր եւ Լեթիսիա Մարտինի գրաւեցին պատուաբեր դիրքեր: Լեթիսիա  5-րդ դիրքը գրաւեց 12 տարեկանէն վար մրցորդներուն մէջ:  Մրցաշարքին վերջաւորութեան  բոլոր մասնակիցները ստացան յիշատակի մետալներ:

  Նոյն օրը կայծակնային ճատրակի (Blitz chess ) խմբային  մրցաշարք մը տեղի ունեցաւ  Լիբանանի տասը  լաւագոյն կազմերուն մասնակցութեամբ:

ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս ապահովեց 12 կէտ եւ գրաւեց  երրորդ դիրքը:  Սովիետ  ակումբը 15  կէտով  շահեցաւ առաջնութիւնը:  Անսար երկրորդ հանդիսացաւ՝  13 կէտ: 

Մրցաշարքները  տեղի ունեցան ճատրակի ֆետերասիոնի  փոխատենապետ եւ ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի ճատրակի  վարչութեան ատենապետ Տիգրան Զէյթճեանի  հսկողութեան տակ:

 Ճատրակի  ծիրին  մէջ մնալով,  29 Սեպտեմբեր  5 Հոկտեմբերի միջեւ,  Օմանի մայրաքաղաք Մասքաթի մէջ տեղի ունեցաւ Asean  Amateur chess  Championship-ը: Մրցաշարքին մասնակցեցան  140  մարզիկներ:  ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասը ներկայացնող  20-ամեայ Մայքըլ  Ֆըրզլի 5,5 կէտ    շահեցաւ հնարաւոր ինէն:

  Երեսուն անդամէ աւելի հաշուող ՀԵԸ Անդրանիկ  Անթիլիասի  ճատրակի ակադեմիան   օրըստօրէ կը   շարունակէ  իր վերելքը:

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

***

Այս առիթով ԶԱՐԹՕՆՔ կը շնորհաւորէ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ  Ճատրակի  Ակադեմիայի բոլոր մրցանակակիրները, ի մասնաւորի Լիքա Ապաճեանը: Լիքան ի դէպ դուստրն է Լիբանանի մէջ ՀՀ արժանաւոր հիւպատոս Լէոնարտ Ապաճեանին եւ իր կողակիցին: Երիտասարդ մարզուհիին կրկնուող պատուաբեր արդիւնքները անշուշտ արդիւնքն են բնութեան պարգեւած ձիրքին,  պատկանած ակադեմիային աշխատանքին ինչպէս նաեւ  իր ծնողներուն հետեւողական զոհողութեան ու քաջալերանքին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին