Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

Մեսրոպեանի Աշակերտները Նշեցին Սրբոց Թարգմանչաց Տօնը

24 Հոկտեմբերին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը արժանաւորապէս նշեց Սրբոց Թարգմանչաց տօնը:

Վարժարանի բակին մէջ, Սուրբ Մեսրոպի յուշարձանին առջեւ հաւաքուած, Մեսրոպեանի աշակերտներ ներկայացուցին խնամքով պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիր մը, յարգանքի տուրք մատուցելով 5-րդ դարու մեր սուրբ հայրերուն, որոնք հիմերը դրին հայ գիրին ու գրականութեան:

Բացման խօսքը արտասանեց աւարտական դասարանի աշակերտ Յակոբ Թերզեան. Ծաղիկ դասարանի աշակերտները կատարեցին «Ա.Բ.Գ. » եւ «Ով եմ ես» երգերը, ապա արտասանութիւն մը՝ «Մեսրոպ Մաշտոց», Փոքր Ծիծեռնակներ Երգչախումբը կատարեց «Երգ Այբուբենի»ն, նախակրթարանի աշակերտները չորս տարբեր խումբերով հանդէս եկան ասմունքներով՝ «Իմ հայ լեզուն», «Այբուբեն հայոց», «Մեսրոպաբոյր» եւ «Տաղ հայերէն լեզուին»: Սէրլի Մուղալեան (երգեհոն), Ժան-Փիէռ Վարդանեան (կիթառ) եւ Քէվըն Սոլաքեան (երգեհոն)  ներկայացուցին երաժշտական համարներ, Ալեքս Լեւոնեան կատարեց երկու երգեր, ընկերակցութեամբ Յակոբ Թերզեանի (տըհոլ) եւ Մարք Կիւլկիլեանի (երգեհոն), իսկ 7-րդ & 8-րդ խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին ընթերցանութիւն մը՝ Թարգմանչաց տօնին մասին: Աւարտին, Ծիծեռնակներ երգչախումբը կատարեց Հայերէն կ՛երգենք երգը, խմբավարութեամբ պարոն Մանուէլ Քէշիշեանի:

Հանդիսութեան պատգամախօսն էր Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան, որ Թարգմանչաց տօնին բովանդակութիւնը ամփոփեց երեք առաջնային կէտերու մէջ. այս տօնն է Հայ գիրերու գիւտին, գիրեր, որոնք մեզի տրուեցան Աստուծոյ կողմէ, Սուրբ Մեսրոպի միջոցով, զորս պարտինք պահել ու պահպանել իրենց աստուածային արժէքին համապատասխան: Երկրորդ՝ այս տօնն է Աստուածաշունչի թարգմանութեան, Ոսկեդարու սուրբ հայրերուն ձեռքով, որուն շնորհիւ Աստուած մեզի խօսեցաւ եւ մենք առիթ ունեցանք Իր հետ խօսելու մեր մայրենի լեզուով: Երրորդ՝ սա տօնն է հայոց լեզուին, ընդհանրապէս, որ իր գերագոյն գեղեցկութիւնը աշխարհին ի ցոյց տուաւ Աստուածաշունչի թարգմանութեամբ, զոր ամբողջ աշխարհը ընդունեց եւ ճանչցաւ որպէս Թագուհի Թարգմանութեանց:

Հայր Սեպուհ դիտել տուաւ, որ հայոց համար լեզուն ինքնութեան ամենաամուր կռուանն է. հետեւաբար, պարտինք զայն պահպանել, եթէ կ՛ուզենք պահպանել մեր ազգային ինքնութիւնը եւ ապրիլ որպէս ինքնուրոյն ազգութիւն: Սեփական լեզուն մեր ազատագրութեան գործիքն է, որմով փշրուեցան խաւարամտութեան եւ տգիտութեան շղթաները, որմով արթնցաւ հայ միտքը եւ մարդկութեան պարգեւեց մտաւոր եւ հոգեւոր անհուն գանձեր: Լեզուն եղաւ ու կը շարունակէ մնալ նաեւ հայ ազգի միասնութեան գլխաւոր գրաւականը, որուն ամրապնդումը կը զօրացնէ բոլորս եւ որուն բացակայութեան միշտ ալ կրած ենք պարտութիւններ եւ ենթարկուած ենք աղէտներու: Հայր Սեպուհ անհրաժեշտ համարեց, որ հայ ժողովուրդի զաւակները ըլլան հարազատ ժառանգորդները Սուրբ Թարգմանիչներուն, անոնց պէս ըլլան հայոց լեզուն սիրող ու տարածող եւ աւելին՝ դառնան հայ մտքի թարգմանները իրենց միջավայրերուն մէջ եւ այդպիսով թարգմանեն ու ծանօթացնեն հայ ինքնութիւնն ու արժէքները՝ այլ ազգերու զաւակներուն:

Հանդիսութեան աւարտին աշակերտութեան իր պատգամը յղեց Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ: Ան ըսաւ, որ վարժարանի շրջափակին մէջ կանգնած Սուրբ Մեսրոպի արձանը ազգային շունչ, ոգի եւ մտածողութիւն ներշնչող ներկայութիւն մըն է աշակերտութեան համար, որ այսօր անգամ մը եւս եկաւ հաստատելու, որ ամրօրէն կառչած կը մնայ իր հայկական ինքնութեան: Եկէք ուխտենք, որ յաւերժ հաւատարիմ պիտի մնանք Մեսրոպեան աւանդին, որ մշտապէս պիտի խօսինք, երգենք, աղօթենք եւ ապրինք հայօրէն, հայու անունը միշտ բարձր պահելով ամէն տեղ, ըսաւ պարոն Գալուստ:

Թարգմանչաց տօնին ընդառաջ, անցեալ շաբթուան ընթացքին Մեսրոպեանի նախակրթարանին եւ մանկապարտէզին մէջ աշակերտներ կատարեցին տարբեր աշխատանքներ:

  Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին