Ուրբաթ, 04. 10. 2024

spot_img

Արցախը Անկախ Պետութիւն Է Իր Ժողովուրդին Կամքով Եւ Ինքնորոշման Մարդկային Իրաւունքով

Մինչ մեր Հայրենիքը կ՛ապրի այսօր  քաղաքական եւ ռազմական օրհասական վիճակ, մեր պետութեան պարտուած ներկայացուցիչները յամառօրէն կը պնդեն միջազգային ամպիոններու վրայ, որպէս իշխանութիւն ներկայանալ մինչ իրենք կը խորհրդանշեն պարտութիւն, իսկ պարտուած ղեկավարը չի կրնար խիզախ բանակցիլ: Վկայ` Պրահայի վերջին հանդիպումը:

Նշեալ հանդիպման եզրափակիչ յայտարարութեան մէջ չհանդիպեցանք  Արցախի անունին: Չհանդիպեցանք գէթ տողի մը, որ կ՛անդրադառնայ ռազմագերիներու անյապաղ ազատման, հայկական մշակութային կոթողներու ու  ժառանգութեան պահպանման եւ այլ մարդկային հարցերու։

Ակնյայտ էր սակայն, Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն Արցախէն քայլ առ քայլ  հրաժարելու գործընթացին հերթական ցաւալի արարը:

Արցախցի մեր քոյրերն ու եղբայրները պէտք չէ յուսալքուին սակայն: Մինչեւ այն ատեն, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Արցախը չէր ճանչցած որպէս անկախ պետութիւն ուրեմն կը ճանչնար Ազրպէյճանի «տարածքային ամբողջականութիւնը» հետեւաբար վերջերս կայացած քառակողմ յայտարարութեամբ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման հաստատումը իրաւականօրէն բան չի փոխեր եւ նորութիւն չէ, բացի այն որ աւելի եւս կը փաստէ եղբայրակիցներուն գազանի բերանը նետելու հայաստանի ներկայ իշխանութեան պարագլուխին վատոգութիւնն ու մորթապաշտութիւնը: Ամէն պարագայի սակայն, միջազգային հանրութիւնը  Ազրպէյճանը ճանչցած էր իբրեւ անկախ պետութիւն ԽՍՀՄ ներքին օրէնսդրութեամբ որոշուած սահմաններուն մէջ: Ըստ այդ օրէնսդրութեան՝ Ազրպէյճանի անկախութեան ձեռք բերման ժամանակ Լեռնային Ղարաբաղը տուեալ երկրի հետ որեւէ առնչութիւն չունէր, այլապէս ան չէր ընդգրկուէր ՄԱԿ-ի կազմին մէջ, ուստի Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը ոչ մէկ կապ ունի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հետ:

Արցախը Ազրպէյճանի տարածքէն դուրս էր եւ է՛ ու պիտի մնայ անկախ պետութիւն իր ժողովուրդին կամքով, բազկի ուժով եւ ինքնորոշման մարդկային արդար իրաւունքով:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին