Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

Եգիպտականք (9)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Մեր 7-րդ յօդուածին մէջ ակնարկեցինք եգիպտերէն սորվողին առջեւ ծառացող դժուարութիւններուն, յատկապէս եգիպտական մեհենագիր բառերուն մէջ մտնող այն տարրերուն, որոնք պարտադիր մաս կը կազմեն անոր, միւս կողմէ՝ արտասանական ոչ մէկ արժէք ունին:  Առ այս յիշել  khepri-ն՝ որուն վեց մեհենագրերէն չորսը  չեն արտասանուիր:

Ասոր զուգահեռ գործած է ուրիշ երեւոյթ մը. իրենց երկարատեւ կիրարկութեան ընթացքին եգիպտական բառերը կորսնցուցած են իրենց կարգ մը  հնչիւնները. օրինակ՝ ստորեւ բերուած մեհենագիր բառը հեռաւոր անցեալին արտասանուած է  souri “սուրի”, որ կը նշանակէ

                                                      

Ի վերայ այսր ամենայնի ուսանողը կը դիմակայէ տակաւին  գերագոյն դժուարութիւն մըն ալ, որ է այս բոլորին գծագրութիւնը: Այո, ամէն մեհենագիր պատկեր մըն է, որ միայն տաղանդաւոր նկարիչ մը կրնայ վերարտադրել: Առանց այս վերջինի շնորհին եգիպտագիտութեան պսակին բնաւ ալ կարելի պիտի չըլլայ  արժանանալ: Կարելի է աւելի կամ պակաս հմուտ ընթերցող մը դառնալ, ըմբոշխնել եգիպտական գրականութեան գանձերը՝ միշտ դասագրքի մը անմիջական օժանդակութեամբ, բայց առանց եգիպտերէն գրելու:

Այս բոլորը յաղթահարողը, միւս կողմէ, պիտի վարձատրուի կարդալով ու գրելով   ստորեւ բերուած օրինակով  յօրինուած հրաշալիքներու հարբեցուցիչ հրապոյրը:

Այս մեհենագրերով եգիպտացիները գրեցին անյիշելի ժամանակներէ սկսած՝ մինչեւ  Դ. դարու վերջը (Քե.), երբ Բիւզանդիոնի  Թէոդոս կայսրը իբրեւ  հեթանոս փակել տուաւ Եգիպտոսի տաճարները եւ ցրուեց այնտեղ կայք հաստատած գրիչներն ու քուրմերը:

Եւ այնուհետեւ եգիպտերէնը լռեց իր բոլոր արտայայտութեանց մէջ[1]:                                                                               


 Շատ վաղուց եւ գրեթէ մեհենագրերու զուգահեռ՝  կիրարկուած է գրային երկրորդ ոճ մը, որ եգիպտագիտութեան ծանօթ է  hieratika  անունով, որ կարելի է «երիցագիր» թարգմանել (hieros=երէց):

Երիցագիրը մեհենագիրին պատկերային եւ գրային հիմնական յատկանիշերը պահող, սակայն որոշ չափով պարզացուած   բոլորգիր տարբերակն է, ինչպէս  ուշադիր դիտարկում մը  ստորեւ ցոյց կու տայ:

Սա  իր կարգին բաւական կիրարկուած է տաճարներու, դամբարաններու, թէկուզ կոթողներու եւ անհատական իրերու վրայ, սակայն  անոր հիմնական կիրարկութիւնը կը կայանար պետական-վարչական ծիրէ ներս իրացուած առօրեայ գրագրութեան մէջ:

Երիցագրութիւնը իր կարգին  մօտաւորապէս Է. դարուն սկսաւ իր տեղը զիջիլ շատ աւելի  պարզացուած տարբերակի մը՝ demotika-ին՝  ռամկագիրին (demos=ռամիկ):

Տեսնել ստորեւ:

Շամպոլիոնի արձանը Collège de France-ի մէջ, Փարիզ, ուր ան ուսանեցաւ երկու տարի:

Ասո՛վ գրուած է  Ռոզեթեան քարի երկրորդ շերտը՝ Բ. դարուն Քա., քանի ռամիկին ծանօթ կամ ամէնէն աւելի ծանօթ տարբերակն է այս: Հակառակ արաբերէնը թելադրելուն՝ ան բացարձակապէս ոչ մէկ առնչութիւն ունի արաբերէնի հետ:

Վերջացնելու համար աւելցնենք, որ այս երեքէն ոչ մէկը վերջնականապէս վանեց միւսը. նախ գոյակցեցան մեհենագիրն ու երիցագիրը, աւելի ուշ՝ մեհենագիրը, երիցագիրն ու ռամկագիրը,  մինչեւ որ միասնաբար  ալ վերջ գտան:

Թութմէս Գ.  փարաւոնի եւ անոր  կնոջը՝

Հաթշեփսութի տաճարը Վերին Եգիպտոսի մէջ՝ Թեբէ:

Թութմէս Գ.  փարաւոնի եւ անոր  կնոջը՝

Հաթշեփսութի տաճարը Վերին Եգիպտոսի մէջ՝ Թեբէ:


[1] Բացառութեան կարգով՝ գտնուած է 452-ին թուագրուած ու demotika-ով գրուած վերջին արձանագրութիւն մըն ալ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին