Երեքշաբթի, 03. 06. 2025

spot_img

Ձրի Պանիրը Միա՛յն Թակարդին Մէջ Կը Գտնուի

Տեսանկիւն

Ձրիակերութեան մշակոյթ զարգացուցած եւ կենցաղային, ապահովական թէ քաղաքական բնագաւառներէ ներս միշտ ուրիշին ապաւինող մեր ազգին զաւակները, որոնց թիւը այսօր այնքան ալ փոքր չէ դժբախտաբար, պէտք է լաւ հասկնան, որ «Ձրի պանիր կարելի է գտնել միա՛յն թակարդին մէջ»:

Հետեւաբար մերթ բարեսիրական հաստատութեան մը կամ բարերարի մը, մերթ պետական պաշտօնեայի մը, մերթ կուսակցութեան մը կամ մէյ մը արեւելեան, մէյ մըն ալ արեւմտեան պետութեան մը վստահիլը, միշտ ուրիշին ապաւինող ու ձրիակեր հաւաքականութիւն մը կը ստեղծէ:

Ուրիշին ապաւինող մարդիկ միշտ կը կարծեն, որ այդ ուրիշը ստիպուած է իրենց հոգալու, կամ իրենք օգնութիւն կը ստանան կամ խոստումը ունին ստանալու՝ իրենց աղուոր աչքերուն սիրոյն: Մինչ իրականութիւնը այն է, որ տուողը միշտ ակնկալութիւն մը ունի, որուն գինը շատ յաճախ թանկ կը նստի տուեալ անձին կամ հաւաքականութեան վրայ:

Այս իմաստով դաժան է մեր ժողովուրդին իրավիճակը՝ քաղաքական ու տնտեսական տագնապ ապրող Լիբանանէն մինչեւ իր սահմանները վտանգուած Հայաստան…:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին