Երեքշաբթի, 23. 04. 2024

spot_img

Նուպար Պէրպէրեանի Հրապարակագրական Ժառանգութիւնը

ՌԱԿ-ի Համադրուած Մամուլ

ԵՐՈՒԱՆԴ ԱԶԱՏԵԱՆ 

Ընթացիկ տարուան Սեպտեմբեր 23ը պիտի նշէ վաստակաւոր խմբագիր Տոքթ. Նուպար Պէրպէրեանի ծննդեան հարիւրամեակը: Տոքթ. Պէրպէրեան անմնացորդ նուիրումով ծառայած է ՌԱԿի լայն ցանցի կարեւոր հանգոյցներուն վրայ եւ իր ետին թողած է լրագրական կոթողային ժառանագութիւն մը: Իր ծննդեան հարիւրամեակին առիթով իր խմբագրականներէն ծաղկաքաղ մը հրատարակուեցաւ – ՙՌԱԿի Անխոնջ խմբագրապետը` Տոքթ. Նուպար Պէրպէրեան՚ վերնագրին ներքեւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան հովանաւորութեամբ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք սոյն հատորին ներածականը հանգուցեալ մտաւորականին գործակից եւ սրտակից ընկերոջ` Երուանդ Ազատեանի գրիչով:

Տոքթ. Նուպար Պէրպէրեանի կորուստով վերջ գտաւ կարծէք դասական խմբագիրներու սերունդը: Ան ժամանակակից էր Վահան Թէքէեանի, Յովհաննէս Պօղոսեանի, Համբարձում Գարայեանի, Գերսամ Ահարոնեանի, Անդրանիկ Անդրէասեանի եւ Հրաչ Երուանդի. հրապարակագիրներու համաստեղութեան մը որ իր լուսափայլ հետքը թողած է սփիւռքի հայ մամուլի պատմութեան մէջ: Անոնք կþապրէին դարաշրջանի մը մէջ երբ ելեկտրոնային մամուլի հնարքը չէր կատարուած տակաւին, եւ խմբագիր եւ աշխատակից աւելի մերձ ու մտերիմ յարաբերութեան մէջ կը գտնուէին: Խմբագիրին գրասենեակը ազգային խնդիրներու արծարծման եւ լուծման օճախ մըն էր, ուր մտաւորականներ կը համախմբուէին զրոյցի եւ վերլուծման համար. տեսակ մը նախատիպը այսօրուան թհինք թենքներուն (Think tanks), որ խմբագիրը կը հանդիսանար աղբիւրը լուրերու եւ իրաւարարը` վէճերու:

Նաեւ ժամանակ մըն էր երբ լուրերը կը հետապնդէին խմբագիրը, եւ` հակառակը, ինչպէս աշխատակիցներն էին խնդրարկու իրենց յօդուածները հրատարակել տալու եւ անոնց շնորհիւ իրենց տեղը ապահովելու ընկերային դասաւորումին մէջ:

Իր բոլոր պաշտօններուն վրայ Նուպար Պէրպէրեան փնտռուած հեղինակութիւն էր, որուն խօսքն ու գաղափարները իրենց կշիռն ունէին թերթին սիւնակներուն մէջ եւ այդ սիւնակներէն անդին:

Եգիպտոսի Նուպարեան վարժարանը աւարտելէ վերջ` ան մեկնած է Փարիզ ստանալու իր բարձրագոյն կրթութիւնը միջազգային իրաւաբանութեան մէջ. մասնագիտութիւն մը որ լաւ ծառայած է Պէրպէրեանին` իր խմբագիրի պաշտօնը կատարելու գործին մէջ, հանդիսանալով անոր մտածումի տարածութեան հիմքը ինչպէս վերլուծական միտքի բացայայտումը:

Վարպետ գրողները եւ հեղինակաւոր խմբագիրները անպայման օժտուած չեն ըլլար հռետորական տաղանդով. օրինակ Վահան Թէքէեան, որուն հետ գործակցած է Պէրպէրեան իբրեւ փոխ-խմբագիր, այնքան յայտնի չէր իր բեմբասանութեամբ, որքան գրելու արտակարգ տաղանդով: Պէրպէրեան օժտուած հռետոր մըն էր որ իր խօսքով կրնար զանգուածներ շարժել: ՙԱրեւ՚ի խմբագրութեան իր օրերուն, թեմական փոթորկայոյզ ընտրութիւններուն ընթացքին Նուպար Պէրպէրեան ուսամբարձ կը տարուէր բեմ եւ նոյն խանդավառութեանց մէջ ալ կþիջնէր բեմէն վար:

Իր ճառախօսութիւնը եւ իր խմբագրականները միշտ ունէին կառոյց եւ շատ յաճախ` քարթէզեան տրամաբանական շարք: Ան կը բանար իր խօսքը կամ խմբագրական սիւնակը բնաբանով մը կամ` պատահարի մը նշումով: Հակառակ իր խոժոռ երեւոյթին եւ սեւ շրջանակով իր ակնոցներուն, ան ունէր զուարթախոհութեան նուրբ զգացում մը. եւ յաճախ երգիծական երանգներով կը համեմէր իր բնաբանը, հետզհետէ զարգացնելով իր նիւթը մինչեւ իր գաղափարներուն գագաթնակէտը, ուր արդէն կþարձակէր իր իմաստուն punch line-ը:

Պէրպէրեան հրաւիրուած է խմբագրելու իր շրջանի գրեթէ բոլոր ռամկավար թերթերը` սկսելով Փարիզի ՙԱպագայ՚էն, անցնելով Գահիրէի ՙԱրեւ՚ին: Ապա ան հրաւիրուած էր Ամերիկա, Ֆրեզնոյի մէջ խմբագրելու համար ՙՆոր Օր՚ը, ուրկէ անցաւ Պոստոն, ուր իր վերջին հանգրուանը հանդիսացաւ ՙՊայքար՚ի խմբագրատունը:

Պէրպէրեան տասը տարիներ վարած էր ՙԱրեւ՚ի խմբագրութիւնը, վայելելով մեծ համակրանք եւ յարգանք: Իր մեկնումէն երկու տարի վերջ ինծի տրուեցաւ պատեհութիւնը ինը տարիներ խմբագրելու թերթը: Խմբագրատան մէջ, ինչպէս իր օրէն մնացած աշխատակիցներու մօտ, կը շարունակէր տիրել պատկառանքի լուսապսակ մը զոր Նուպար թողած էր իր ետին: Շրջապատը միեւնոյն վերաբերումը կը տածէր նաեւ ինծի հանդէպ, հակառակ ժողովրդական այն ոճին որուն ես վարժուած էի իմ աշխատանքներուս կատարման մէջ:

Պէրպէրեանի հրապարակագրական ասպարէզին հեռուէն հետեւելէ վերջ երկար տարիներ` ինծի բախտը վիճակուեցաւ իրեն հանդիպելու ՙՊայքար՚ի խմբագրատան մէջ, ուր վեց տարիներ վայելեցի իր մտերմութիւնն ու գործակցութիւնը:

Անոր աշխատանքը ունէր ժամացոյցային ճշգրտութիւն: Առաւօտուն ճշդապահութեամբ կը հասնէր խմբագրատուն եւ միեւնոյն ճշդապահութեամբ ալ կը մեկնէր խմբագրատունէն երեկոյեան: Ան կարգապահութեան մարդն էր եւ գիտէր իմաստուն կերպով տնտեսել իր ժամանակը: Պէրպէրեանի որոշումով ՙՊայքար՚ի շաբթուան վեց թիւերը պէտք է սկսէին խմբագրականով: Երեք խմբագրականները կը գրէր Նուպար Պէրպէրեան ընդհանուր նիւթերու մասին, իսկ օր ընդ մէջ քաղաքական խմբագրական մը կը գրէր Նուպար Ակիշեան, մեր տաղանդաւոր գրագէտ ընկերը, որուն գրիչը բեղուն էր: Պարբերաբար նաեւ հերթը կը հասնէր ինծի խմբագրական գրելու: Այնպէս որ թերթը կþօժտուէր այլազան ոճով եւ այլազան դիմագիծ ունեցող առաջնորդող յօդուածներով:

Պէրպէրեան աւանդապաշտ էր եւ մեծ յարգանք կը տածէր որքան հայկական տօներու նոյնքան` ամերիկեան տօներու նկատմամբ. հետեւաբար անպայման խմբագրական մը կը գրէր այդ տօներու կապակցութեամբ եւ տարուէ տարի միեւնոյն տօները կþունենային տարբեր բովանդակութեամբ խմբագրականներ:

Պէրպէրեան խստամբեր կերպով կը հետեւէր հայկական, հայրենական եւ միջազգային անցուդարձերուն որոնք կþընդգրկուէին իր խմբագրականներուն մէջ: Իր հայկական նիւթերուն մէջ կը ճառագայթէր իր ջերմ հայրենասիրութիւնը, իսկ, կուսակցական բովանդակութեամբ խմբագրականներուն մէջ, կուռ գաղափարապաշտպանութիւնը:

Բնականաբար, տարիներու թաւալքով իր բոլոր գրութիւնները չունէին միեւնոյն տոկունութիւնը` սակայն անպայման ունէին Նուպարի յատուկ անհատականութեան դրոշմը:

Նուպար կը խօսէր` բառերն ու վանկերը յատուկ շեշտաւորումով դրսեւորելով. անոր խօսքին բառերը մարգարիտներն էին անոր միտքին: Իր կառուցուած խօսակցութեան նման ունէր նաեւ կառուցուած ձեռագիր մը զոր պահեց մինչեւ իր վերջին խմբագրականին հրապարակումը:

Հսկայ եւ պարտաւորեցնող ժառանգ մը թողուց ան իր ետին, իր ողջութեան, ինչպէս յետ մահու, իր ամբողջական թողոնը նուիրելով Թէքէեան Մշակութային Միութեան: Իր անձին ու ժառանգութեան աւանդապահը հանդիսացաւ իրեն այնքան հոգատար Գէորգ Մարաշլեան:

Նուպարին ամէնէն վստահելի մտաւորական ընկերն էր Յակոբ Վարդիվառեան, որ ստանձնեց հարիւրաւոր գրութիւնները ուսումնասիրել եւ Նուպարի յիշատակին արժանի հատոր մը կազմել:

Վտահ եմ որ Նուպար իրեն յատուկ լուռ ժպիտով, այսօր վերէն գոհունակութիւն կը յայտնէ այս ծրագրի ամբողջացման համար եւ իր օրհնութիւնը կը տարածէ այդ դժուարին գործը գլուխ հանողներուն նկատմամբ:

Այս հատորը, որքան կը ցոլացնէ Նուպարին անհատականութիւնը, նոյնքան ալ կը վերակենդանացնէ անոր ապրած ժամանակը, իր վերիվայրումներով, պայքարներով, յաջողութիւններով, ու նաեւ` վիշտով:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին