ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՂՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից
Արեւելք…
Սկսինք Թումանեանով .- Միշտ կենդանի ապրում էր աւանդական խօսքը թէ՝ Արեւելքից է լոյսը: Թուրքական գերիշխանութիւնից յետոյ Արեւելքը եւ խաւարն ու բարբարոսութիւնը դարձան հոմանիշ հասկացողութիւններ:
Իրմէ քառեակ մը.-
Արիւնալի աղէտներով,աղմուկներով ահարկու,/Արեւմուտքի ստրուկները մեքենայի եւ ոսկու՝/իրենց հոգու անապատից խուսափում են խուռներամ/Դէպ Արեւելքն աստուածային՝ հայրենիքը իմ հոգու…
Հնդկական Մահապհարաթայի «Աստուծոյ Երգը» բաժնին մէջ գրուած Քրիշնայի եւ Արժունայի միջեւ խօսակցութենէն՝ (Քրիշնա կը ներկայացնէ Աստուածայինը իսկ Արժունան՝ երկրայինը ուր ինք թագաւոր է եւ կը դիմագրաւէ ըմբոստութիւն. Այսինքն՝ քաղաքացիական պատերազմ): Քրիշնա կը յորդորէ Արժունան որ չխուսափի պատերազմէն քանի որ հոգին անմահ է: Քրիշնա.- «Ես կը յիշեմ իմ նախկին կեանքերը իսկ Դուն՝ ոչ. Այս է տարբերութիւնը: Ուրեմն երբ հոգին լքէ մարմինը, շրջան մը ետք կը վերադառնայ այլ մարմնի, ու նոր կեանք մը կը սկսի»: Այս կը կոչենք Վերամարմնացում. «Պարզ մահկանացուներ չեն յիշեր թէեւ անցած են այդ հանգրուանէն: Ուստի, իմաստունը չի վշտանար ո՛չ ապրողներուն եւ ո՛չ ալ մեռեալներուն համար որովհետեւ մենք որեւէ ատեն գոյութիւն ունենալէ չենք դադրած, ո՛չ ալ ապագայ ժամանակներուն մէջ պիտի դադրինք գոյութիւն ունենալէ քանի որ մարմնի մէջ բնակողը կը ճանչնայ մանկութիւն, երիտասարդութիւն, ծերութիւն եւ յետոյ կը փոխանցուի ուրիշ մարմնի մէջ: Ուրեմն՝ իմաստունը չի տխրիր այս առընչութեամբ»:
Ուստի, մարդու գլխաւոր նպատակը պէտք է ըլլայ հաւատքով նիւթականէն անցնիլ հոգեկանին, երեւութականէն՝ աներեւոյթին. Ժամանակաւորէն՝ յաւերժականին. Հոս հաւատքն է որ պիտի ներգործէ: «Առանց հաւատքի Աստուծոյ հաճելի ըլլալ կարելի չէ»(Պ. Առաքեալ):
Կայ գրականութեան հսկայ ծաւալ մը Արեւելքի մէջ հոգի-մարմին իրականութեան շուրջ Հնդկականէն, Պարսկական (Զրադաշտական, ապա՝ Մահմետական),Թիպէթեան եւ այլ բազում երկիրներու արգասիք կրօններ ի հարկէ մարդու որոնումներու իմաստ, յոյս, սէր տածելով հետեւող զանգուածին իբրեւ մխիթարանք այս տառապակոծ աշխարհին մէջ ապագայի երանելիութեամբ ապրելու, գոյատեւելու յաւիտեանս յաւիտենից աւելի նպաստաւոր կեանքի իրականութեան ի հարկէ տրուած սահմաններու մէջ ապրողներու, երկրի վրայ իր պարտականութիւնը լրիւ եւ անթերի ապրողներու: Այս ընդհանրութեան մէջ եւ ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կ՛ըսէ .-« Աստուածապաշտութիւնը ամէն բանի օգտակար է որ թէ՛ ներկայ եւ թէ՛ ապառնի կեանքի խոստումը ունի»: Ան որ կը հաւատայ, կ՛ապրի: Երանելիներու ցուցակին իբրեւ մէկ անդամը: Յաւելելով՝ «Մի տխրիք անոնց պէս որ յոյս չունին»:
ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ: