Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

«Ինշալլա՛հ…»

ԿԱՐՕ ՊՕՀՃԱԼԵԱՆ

Վոլունթարիոս տա Փաթրիա փողոցի թիւ 4040 տունէն անդին, սալայատակ փողոցը զառիվար կը վազէր, անկիւնի թրոլէյպիւսի կայարանին մօտերը սահուն ասֆալտի կը փոխուէր ու յետոյ պզտիկ հրապարակի մը եզերքը քերելով, ճամբան կը շարունակէր եւ դիմացի երկար զառիվերը կը բարձրանար:

Այդ պզտիկ հրապարակը թաղին մէջ ճանչցուած էր : Հոն գտնուող բացօթեայ շուկային մէջ, կիրակի օրերու կանուխ ժամերէն մինչեւ կէսօրուայ մօտերը, վաճառորդներ, սայլակներու եւ փայտէ առժամեայ կառոյցներու վրայ, ուտեստեղէն, հագուստեղէն եւ մինչեւ իսկ տնական ամէնօրեայ գործերու համար, զանազան տեսակի աժան գործիքներ կը ծախէին:

Պզտիկ էր հրապարակը, եւ գնորդներով ալ միշտ խճողուած կ’ըլլար, բայց շուկան զարմանալիօրէն հանդարտ կ’ըլլար, որովհետեւ վաճառորդները առանց պոռչտուքի եւ աղմուկի կը կատարէին առուծախը…:

Մենք այն օրերուն հազիւ երկու ամիս կ’ընէր որ Պրազիլ հաստատուած էինք, բայց կարճ ժամանակուայ մէջ, մէկ շաբթուայ մեր բանջարեղէններու եւ կանաչեղէններու պաշարը այդ շուկայէն գնելը, արդէն մեզի համար կարծես կիրակի առաւօտներու հին սովորութիւն դարձած էր:

Հոն, հրապարակի բոլորակաձեւ տարածութեան վրայ, վաճառորդները իրենց որոշուած յատուկ տեղերը ունէին:

Անոնք առտուայ զով օդին պզտիկ բեռնակառքերով կու գային, հետերնին բերած բանջարեղէնները եւ խուրձերով կապուած կանաչեղէնները նախ տուփերէն կը հանէին եւ յետոյ ալ սեղանիկներու վրայ կոկիկ ձեւով կը շարէին:

Անկէ ետք, եթէ եղանակը ամառ, կամ ալ օդը տաք ըլլար, թարմ բանջարեղէններուն եւ կանաչեղէններուն վրայ թեթեւ ջուր կը սրսկէին եւ յետոյ յաճախորդներու գալուն սպասելով, ատեն-ատեն դրացի վաճառորդներու հետ կը խօսակցէին, եւ ծախուած կանաչեղէններուն տեղ, մինչեւ կէսօր, նորեր կը զետեղէին:

Հաճելի էր սեղանիկներուն վրայ, կոյտերով ցուցադրուած գունաւոր եւ թարմ բանջարեղէններուն մէջ, մութ գոյն սմբուկներու ողորկ մարմիններուն վրայ, արեւի առաջին շողերու տկար փայլը տեսնել…:

Հաճելի էր մանաւա՛նդ, օրուայ այդ զով օդին եւ կանուխ ժամերուն, քալել հանդարտ շուկային մէջ եւ տեղ-տեղ կենալով, երբեմն սակարկել ու գնումներ ընել , կամ ալ պարզապէս դիտելով, դանդաղ անցնիլ հոտաւէտ բոյսերով եւ կանաչեղէններով լեցուն սեղաններու եւ կողովներու առջեւէն, ու վայելելով, խորունկ շնչել այդ պահուն օդին մէջ միշտ տարածուած թարմ անանուխի, հոտաւէտ ռեհանի եւ ուրիշ բոյսերու անուշ բոյրերը…:

Մենք կը սիրէինք արեւի արթնցող ժամերուն շուկայ երթալ եւ բանջարեղէններուն եւ ուտեստեղէններուն ալ յատկապէս լաւերը զատելու համար, տան առջեւէն անցնող առաջին թրոլիին ձայնը հազիւ հեռացած, հայրս ու ես գնումներու պարապ սայլակ մը մեր ետեւէն քաշելով, ամէն կիրակի Վոլունթարիոսի մեր բնակած թիւ 4040 տունէն , փողոցի ծայրի պզտիկ հրապարակը կ’ուղղուէինք:

Ծանր թրոլիները գրեթէ կիսամութին կը սկսէին աշխատիլ:

Անոնք փողոցի վերի կողմերէն երբեմն արագ կու գային եւ սալայատակի վրայ անհաւասար, կամ ծանր երթեւեկելու պատճառով ցած իջած մասերէ անցած ժամանակ, գետինը յաճախ աղմուկով կը դղրդացնէին:

Ես լոյսի եւ ստուերներու առտուայ խառն ժամերուն այդ ձայներէն յաճախ կ’արթննայի, բայց անկողինիս մէջ դեռ քնատ՝ թրոլիի դարձող անիւներու եղանակին կը հետեւէի, որ հոսող ջուրի պէս ուրախ, փողոցն ի վար կը վազէր ու երգելով կը հեռանար…:

Սակայն ասկէ զատ, դուրսէն եկող ձայները երբեմն տարբեր ու աւելի բարձր ալ կ’ըլլային, որովհետեւ վայրէջքի ճամբուն վրայ, թրոլիին ճախարակը ելեկտրական հոսանքի թելէն «կը փախեր», եւ բարակ ձողն ալ վերի թելերուն զարնուելով Գահիրէի թրամվայներուն պատահածին պէս կապոյտ կայծ կ’արձակէր եւ փողոցին մէջ երկար ատեն բարձր ձայնով խօսակցութիւններու եւ իրարանցումի տեղի կու տար:

Վոլունթարիոսը երկար փողոց էր:

Սակայն թրոլիներու յաջորդ կանգառը մեր տունէն շատ հեռու չէր եւ զառիվարի ծայրին գտնուող հրապարակի կիրակի օրերու շուկայէն ալ քիչ անդին էր:

Ես օգտուելով ամէն կիրակի մեր շուկայ երթալու առիթէն, արդէն երկու ամիսէ ի վեր, գործ փնտռելու պատճառով, հրապարակին վրայ գտնուող լրագրավաճառի պզտիկ խանութէ մը Estado São Paulo անունով կարեւոր թերթը կը գնէի:

Թերթը հին էր, բարձր տպաքանակ ունէր, եւ իր կիրակի օրերու թիւն ալ, գործի յատուկ ծանուցումներու յաւելեալ էջերով, մեծ եւ ստուար տրցակներով կու գար լրագրավաճառներուն մօտ:

Սակայն եկած թերթերը գործ փնտռողներու պատճառով , շուտ կը ծախուէին եւ կէսօրուայ արեւը երկնքին վրայ իր սովորական տեղը դեռ չբարձրացած՝ վերջին թիւերը գրեթէ արդէն սպառած կ’ըլլային:

Թաղին բնակիչները եւ հրապարակէն գնում ընողները, սովորաբար լրագրավաճառի նոյն կրպակէն կը գնէին Estado թերթը եւ ապահովելու համար իրենց օրինակը , առտուները կանուխէն կ’երթային հրապարակ :

Այն օրը դարձեալ կիրակի , բայց ձմեռուայ ցուրտ եւ թափանցիկ առաւօտ էր:

– Ելի՛ր,- ըսաւ հայրս երբ սենեակէս ներս մտաւ,- պատրաստուէ՛, առաջին թրոլին արդէն անցաւ, հիմա շուկայ երթալու ժամն է

չի պի՞ գաս…:

Դեռ կանուխ էր : Ես յոգնած էի եւ տրամադիր չէի այն օրը շուկայ երթալու : Ատկէ զատ, երկու օր առաջ Օլինթոյին ինծի տուած եւ զիս իր բարեկամ Սիլվիո Պէքին ներկայացնող յանձնարարականով, ես ինքզինքս արդէն գործի մէջ ընդունուած կը կարծէի, եւ թերթ գնելու գաղափարն ալ աւելորդ կը սեպէի այլեւս:

Ուշացայ պատասխանելու…

– Չիպի՞ գաս,- կրկնեց հայրս եւ գիշերը մօրս տուած գնումներու

ցանկը ձեռքին մէջ բռնած՝ գնումներու սայլակը անհամբեր ետեւէն քաշեց…:

Ես հօրս եւ իր ետեւէն քաշած սայլակին հետեւեցայ:

Ճամբան մեր տունէն մինչեւ պզտիկ շուկան հեռու չէր, եւ երկու հոգիով ալ դիւրին կ’երթցուէր, բայց այն կիրակին սովորականէն երկար թուեցաւ ինծի, եւ ամբողջ տեւողութեան ընթացքին ալ, մեր խօսակցութեան նիւթը, գրեթէ միայն Օլինթոյի այցետոմսին եւ իր բարեկամին՝ սենեոր Silvio Beckի մասին եղաւ:

– Մէկ… երկու… երեք… չորս…

Ատենէ մը ի վեր սկսած քայլերս համրելու անիմաստ սովորութիւն մը, միտքիս մէկ անկիւնը յամառօրէն նստած՝ հետս մինչեւ փողոցի ծայրի հրապարակը հասաւ եւ հակառակ որ կապ չունէր մեր խօսակցութեան գլխաւոր նիւթին եւ սենեոր Silvio Beckին հետ, հոն շարունակեց իր «քայլ յառաջ»ը:

– Հինգ …վեց…եօթ…

Գնումներէն ետք, երբ թրոլիի կայարանին մօտիկ լրագրավաճառի կրպակին մօտեցանք, հայրս իր կիրակի օրերու տուած սովորական խորհուրդը դարձեալ կրկնեց

– Տղա՛ս, եկո՛ւր սըտեղէն Estado մը գնենք…

Բայց ես Օլինթոին ինծի տուած յանձնարարականին վրայ մեծ յոյսեր ունէի , հարկ չտեսայ եւ չուզեցի օրուայ թերթը գնել:

– Տղա՛ս,- վերսկսաւ հայրս,- Օլինթոն իր ազնուութիւնը ըրած՝ եւ իր հին բարեկամներէն մէկուն ուղղուած յանձնարարական մը տուած է քեզի որուն վրայ դուն այդքան ալ մեծ վստահութիւն չես կրնար ունենալ: Ի վերջոյ Օլինթոն չէ քեզի գործ տուողը եւ իր բարեկամն ալ դուն դեռ չես ճանչնար:

– Բայց վաղը ես զինք տեսնելու պիտի երթամ,-առարկեցի…

– Գիտեմ, գիտեմ որ դուն վաղը զինք տեսնելու պիտի երթաս, բայց տե՛ս, աւելի լաւ չէ՞ր ըլլար, եթէ այսօրուայ Estadoին մէջ, յանկարծ չսպասուած եւ վաղը թակելիք ուրիշ ալ դուռ մը գտնէիր…:

– Ուրի՞շ ալ դուռ …

– Այո ուրիշ ալ դուռ,- կրկնեց ներսէս ինծի ծանօթ ձայն մը յանկարծ…:

Այդ ձայնը ես կը ճանչնայի: Կեանքի մէջ միշտ շրջահայեաց ըլլալու հօրս ինծի սորվեցուցած ներքին ձայնս էր:

Հայրս խոհեմ մարդ էր, միշտ այդպէս եղած էր, եւ ես պատանեկութեանս, ինծի նարտի խաղը սորվեցուցած ժամանակ, փուլերու շարժած ձեւէն նշմարած էի, որ խաղին մէջ շրջահայեաց էր: Սակայն հայրս ատկէ զատ բծախնդիր ալ էր, եւ անիմաստ սխալներ գործողներու քիչ կը հանդուրժէր:

Դեռ իր ամէնէն շատ սիրած թաուլուի խաղերուն մէջ անգամ, եթէ դիմացինը անզգոյշ սխալներ գործէր, «Աճեմի խաղացող է» կ’ըսէր եւ ուրիշ անգամ չէր ախորժեր հետը խաղալէ:

Սակայն ճիշտ ի՛նչ էր երբեմն հօրս գործածած այդ «Աճեմի» բառին բու՛ն իմաստը, ես չէի գիտեր, բայց ուրիշ անգամներ ալ իրմէ նոյն բառը լսած ըլլալով, ինքնիրենս այն եզրակացութեան հասած էի, որ լաւ թաուլու խաղացողները «Աճեմի»ներ չէին ըլլար…:

– Աճեմինե՜՜ր,- դարձեալ ականջիս փսփսաց ինծի ծանօթ ներքին ձայնս,- դուն չե՛ս կրնար «Աճեմի» ըլլալ, շրջահայեա՛ց պէտք է ըլլաս, որովհետեւ կեանքը ամբողջ խաղ է, մրցակիցներու վտանգաւոր խաղ, որ գործ փնտռելու ժամանակ իսկ, հօրդ սորվեցուցած խոհեմութեան օրէնքներով պէտք է խաղաս,-խրատեց:

-Աճեմինե՜ր…խոհեմութիւ՜՜ն…

Կրպակին առջեւ դիզուած «Estado»ներէն մաքուր հատ մը զատեցի եւ նախորդ շաբաթներու գնած թերթիս գինը վճարեցի:

Բայց խանութպանը գլուխը բացասական ձեւով շարժեց եւ

– Սղաճ,- ըսաւ ու աւելի ուզեց:

– Սղա՞ճ, մէկ շաբաթուայ մէ՞ջ….

Հայրս, քովս կեցած ինծի նայեցաւ եւ վայրկենաբար կրակ դարձած,

– Տեսա՞ր հիմա քու եւ եղբօրդ սիրած Պրազիլը … ձեր ըսած «Ապագայի երկիրը» իշտէ ա՛ս է, ամէն շաբաթ սղաճ, ամէն շաբաթ սղա՛ճ եւ գիներու յաւելում,- կրկնեց ու բորբոքած՝,- սղաճը ի՞նչ է…կիւզելիմ Եգիպտոսիս մէջ այդպէս բան չկար,- շարունակեց ու դեռ չհանդարտած, խորունկէն եկող հառաչով,

– Ա՛խ ա՛չքդ սիրեմ Եգիպտո՛ս,- աւելցուց:

Ես պատասխան չգտայ տալիք…:

Հայրս Գահիրէի մէջ ձգած էր իր հանգիստ կեանքը, սիրած բարեկամներով նարտի խաղերը, աշխատցուցած բեռնակառքերը եւ հակառակ իր տարիքին, Պրազիլ գալէն յետոյ թէեւ նոր գործի սկսած էր, բայց չէր վարժուած այստեղի կեանքի եւ գործի դժուար պայմաններուն:

Հիմա իրիկունները երբ գործէն տուն վերադառնար, եւ յոգնած հեռատեսիլի դիմացի բազմոցին վրայ նստէր, յստակ կը տեսնէի թէ ան յուսախաբ եղած էր «Ապագայի երկրէն», եւ հոգւով ու սրտով դեռ կապուած էր Գահիրէի հին կեանքին:

Հայրս մեր սիրոյն համար Պրազիլ եկած էր, եւ բազմոցին վրայ նստած՝ ես կը զգայի թէ ականջներուն մէջ դեռ Գահիրէի երգիչներուն եւ իր բարեկամներուն ձայները կը լսէր:

Ես պատասխան չունէի տալիք…: Վճարեցի թերթին նոր գինը եւ երկուքս լուռ՝ այս անգամուն տուն դառնալու զառիվեր ճամբան բռնեցինք:

Սակայն հայրս երբ բարկանար, ուշ կը հանդարտէր:

Ճամբուն բաւական մասը քալելէ յետոյ, կէսին մօտերը շունչ առնելու համար ան յանկարծ կեցաւ եւ առիթէն օգտուելով,

– Էհ, բաց նայինք սա թերթը ինչո՞ւ այսչափ կ’ուշանաս, չե՞ս ուզեր գործի ուրիշ առիթ մըն ալ տեսնել…

Ձայնին մէջ դեռ բարկութիւն կար:

Թերթին գործերու բաժինի առաջին մասին մէջ, ինծի հետաքրքրող կամ կարեւոր եղող ծանուցումներու չհանդիպեցայ: Սակայն երկրորդ եւ երրորդ բաժիններէն մէկուն մէջ, կէս էջի տարածութիւն գրաւող, սեւ գիրերով տպուած խոշոր ծանուցում մը տեսայ:

Չհաւատացի տեսածիս: Օլինթոյին բարեկամին աշխատած օդանաւի ընկերութիւնը, զանազան գործերու մէջ պաշտօնեաներ կը փնտռէր:

Պահ մը ամէն ինչ երազ թուեցաւ:

– Շիտա՞կ էր տեսածս, մէկ օր առաջ Օլինթոյին ինծի տուած յանձնարարականը եւ հիմա ալ թերթին տրուած այս ծանուցումը… ի՛նչ զուգադիպութիւ՜ն….

Յանկարծ ծանուցումին ամէն մէկ տողը էջին վրայ ելեւէջներ ըրաւ եւ ամէն մէկ բառը ականջներուս մէջ նուագով թրթռաց…:

– Ալ պիտի անցնին դժուար օրերը խորհեցայ եւ ուզեցի ժամ առաջ տուն հասնիլ, որպէսզի զգացած ուրախութիւնէս ճիւղ մը բաժին հանէի մօրս:

Երբ տան առջեւ հասանք, ներսը տապկուած իւղի հոտ տարածուած էր եւ մայրս կանանչ պատերով խոհանոցի պատուհանին դիմաց, ձուկ կը տապկէր:

Ես մօտեցայ փաթթուեցայ մօրս եւ

– Մա՛, ես գործ գտայ, մեր դժուար օրերը պիտի անցնին, դուն այլեւս ձուկ պիտի չտապկես,- ըսի:

Մայրս թեւերը բարձրացուց եւ պատուհանէն դուրս նայեցաւ : Յետոյ երբ պատմածս լսեց, յուզուեցաւ, զիս համբուրեց եւ

– Ինշալլա՛հ, տղա՛ս, Աստուած ձայնդ լսէ,- ըսաւ…

Իւղը տապակին մէջ կ’եռար : Մայրս ափսէին մէջ շարեց տապկուած ձուկերը եւ սեղան բերաւ : Այն օրը ճերմակ փիլաւէ զատ ուրիշ բան չկար քովը ուտելիք: Բայց մենք ճաշի վրայ թերթի ծանուցումը խօսակցութեան նիւթ ընելով ուրախ էինք, գրեթէ անօթութիւն չէինք զգար, եւ ամէն անգամ երբ պատմածս վերջացնէի ու վերսկսէի, մեր յոյսերը սեղանին վրայ կ’աւելնային եւ հայրս ու մայրս

– Ինշալլա՛հ, կը կրկնէին շարունակ:

Պատուհանին պզտիկ, քառակուսի ապակիներէն, սեղանին վրայ արեւի դեղին լոյս թափանցած էր : Սենեակը պզտիկ էր եւ լոյսը գալիք ուրախ օրերու հեռանկարով, սեղանին շուրջ տաքուկ եւ հաճելի մթնոլորտ ստեղծած էր:

Սակայն անկէ աւելի ուրախութիւն պատճառողը, սեղանին մէկ անկիւնը Estadoի գործերու բաժինին դեռ բաց մնացած էջն էր, որուն վրայի սեւ գիրերով տպուած խոշոր ծանուցումին ամէն մէկ տողը, թուղթին վրայ կը շարունակէր ելեւէջներ ընել, եւ ամէն մէկ բառն ալ ականջներուս մէջ նուագով դեռ կը թրթռար…:

Քամփինաս, Պրազիլ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին