Ուրբաթ, 29. 03. 2024

spot_img

Այլեւս Չհամարձակի՛ք Եռաբլուրը Շփոթել Գերեզմանի Հետ. 44-օրեայ Պատերազմին Նահատակուածներուն Ծնողներուն Յայտարարութիւնը

Անհայրենիք գրչակի ղեկավարած խումբին մէջ միակ բանը, որ կը կատարուի անթերի, ձեռնավարական (manipulative) տեղեկատւութեան տարածումն է։ Նման բովանդակութեամբ յայտարարութիւն մըն ալ տարածեց Ոստիկանութիւնը՝ նպատակ ունենալով հանրային կարծիքը շեղելու իրենց գործած ստոր եւ բարոյականութեան սահմաններէն դուրս արարքներէն։ Միայն բառեր, բառեր, բառեր եւ հակառակը փաստող գործողութիւններ՝ ամէն ինչ այս կառավարութեան բանաձեւերուն համաձայն։

Մենք՝ պայքարի դուրս եկած ծնողներս, կը յայտարարենք.

Առաջին. Այլեւս չհամարձակի՛ք Եռաբլուրը շփոթել գերեզմանի հետ։ Այնտեղ կը հանգչին գաղափարի համար մարտնչածներն ու կեանք տուածները։ Անոնք, որոնք դաւաճանած են այդ գաղափարները, անոնք, որոնք փախած են, անոնք, որոնք ծնկած են թշնամիին առջեւ, անոնք, որոնք չեն հասկնար, թէ ինչ է պայքարը, իրաւունք չունին մուտք գործելու սրբավայր։

Երկրորդ. Ի՞նչ կապ ունիք դուք՝ ձեր նկարագրած ազատութեան եւ անկախութեան համար պայքար մղած Ոստիկանութեան հետ։ Ի՞նչ կապ ունիք դուք հայրենիքի համար կեանք տուած ոստիկաններուն հետ, դուք ինչպէ՞ս կը նայիք անոնց ծնողներու եւ երեխաներու աչքերուն, երբ առանց աչք թարթելու՝ գետնին կը տապալէք եւ կը քաշքշէք հերոսածին մայրերը։ Ի՞նչ արժէքներ կը կրէք դուք, ո՞րն է ընդհանրապէս ձեր ապրելու իմաստը։

Այո՛, ոստիկանութեան բազմաթիւ ծառայողներ, իբրեւ իրական հայեր եւ հայրենասէրներ, իրենց կեանքը տուած են հայրենիքի համար, եւ մենք անոնց յիշատակին պաշտպանն ալ ենք։ Անոնք մերն են, եւ ոչ մէկ ձեւով՝ ձերը։

Երրորդ. Ոստիկանութեան աշխատակիցներ, դուք այս ապազգային իշխանութիւններուն միակ հենարանն էք։ Դարձած էք նիկոլ փաշինեանի եւ անոր կամակատար վահէ ղազարեանի ազգադաւ օրակարգը իրականացնողները։ Այդ իսկ պատճառով ալ ամբողջութեամբ պատասխանատու էք այն ամէնուն համար, որ կը կատարուի Հայաստանի մէջ։ Չէք կրնար մէկ կողմ քաշուիլ ու միամիտ աչքերով փորձել հասկցնել, թէ չէիք գիտեր՝ ինչ կը կատարուի։

Ինչ կը վերաբերի մեր պայքարին, ուստի մենք գիտենք՝ ինչի համար կ՝ապրինք եւ ուր կ՝երթանք։ Մենք ունինք Եռաբլուր եւ հայրենիք, որուն համար թափուած է մեր տղաներուն արիւնը։ Մենք երբեք չենք նահանջեր եւ անպայման պիտի յաղթենք։ Եւ վերջը՝ եւս մէկ անգամ, իսկ ի՞նչ արժէքներ կը կրէք դուք, ո՞րն է ընդհանրապէս ձեր ապրելու իմաստը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին