Երկուշաբթի, 07. 10. 2024

spot_img

ՀԺՄ-ն Խստօրէն Կը Դատապարտէ ԱԺ-ի Մէջ Լրագրողներու Նկատմամբ Կատարուած Ոտնձգութիւնները

Հայաստանի ժուռնալիստներու միութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ Ազգային ժողովէն ներս լրագրողներու նկատմամբ կատարուած ոտնձգութիւնները։

Միութեան տարածած յայտարարութեան մէջ,  մասնաւորապէս, կը նշուի.

«Այսօր Ազգային ժողովէն ներս՝ իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Պօղոսեանը անհաւասարակշիռ պահուածքով եւ ոչ ճիշդ բառապաշարով  արձագանգեց  MediaHub.am կայքի լրագրող Անի Գէորգեանին՝ ի պատասխան լրագրողի հնչեցուցած յստակ, հաւանաբար պատգամաւորը դժուար կացութեան մէջ դնող հարցերուն: Պատգամաւոր Քրիստինէ Պօղոսեանը, յայտարարելով, որ ԱԺ-ն իր տունն է, պահանջեց լրագրողէն հեռանալ, իսկ երբ լրագրողը ընդդիմացաւ, պատգամաւորը ձեռքը մեկնեց դէպի սեղանը դրուած հեռախօսը (ամենայն հաւանականութեամբ)՝ փորձելով զայն նետել  լրագրողի ուղղութեամբ, որ կանխեցին անոր իսկ գործընկեր պատգամաւորները:

Թէեւ անհաւասարակշիռ վարքագիծ դրսեւորած պատգամաւորը գործընկերները ձեւով մը հեռացուցին տարածքէ, բայց քիչ անց անոր օգնութեան հասաւ ԱԺ նախագահ Ալէն Սիմոնեանը: Ան ալ Խորհրդարանի անվտանգութեան աշխատակիցներուն հրահանգեց լրագրող Անի Գէորգեանը դուրս հանելու ԱԺ շէնքէն, որ անյապաղ կատարեցին. լրագրողի նկատմամբ բռնութիւն գործադրելով, թեւերէն բռնած քաշքշելով՝ զինք դուրս բերին ԱԺ շէնքէ:

Տեղի ունեցածէն ետք՝ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին՝ Ալէն Սիմոնեանը ոչ միայն յայտարարեց, որ չի պատրաստուիր պատգամաւոր Քրիստինէ Պօղոսեանի վարքագիծը քննութեան առնել, այլեւ, որ ինքը պիտի առաջնորդուի ԱԺ կանոնակարգ օրէնքի նոր դրոյթներուն համապատասխան, ըստ որոնց՝ ԱԺ գործունէութիւնը խաթարող լրագրողը պէտք է հեռացուի: «Վաղուց էր պէտք դա անել: Փառք Աստծոյ, օրէնքն արդէն ընդունել ենք»,- յայտարարեց Ալէն Սիմոնեանը:

Ակնհայտ է, որ մամուլի նկատմամբ իշխանութիւններուն նման, մեղմ խօսքով, պաշտօնեային ոչ յարմար վերաբերմունքը կապուած է վերջին օրերուն երկրին մէջ տեղի ունեցող՝ զիրենք անհանգստացնող իրադարձութիւններով, ռազմաճակատին զուգահեռ՝ քաղաքական հարթութիւնու վրայ կատարուող ստուէրային գործընթացներով եւ անոնց նկատմամբ հասարակութեան մէջ յառաջացած արդարացի վրդովմունքով:

Իշխանութիւնը, ինչպէս նախապէս, այնպէս ալ այսօր, իր սխալներուն եւ թերութիւններուն մասին հանրութիւնը իրազեկող մամուլը կը համարէ թշնամի, քանի որ մեծապէս ազատ ու իշխանութեան վերահսկողութենէն դուրս գործող ԶԼՄ-ներու աշխատանքին շնորհիւ է, որ հասարակութիւնը կը տեղեկանայ իր թիկունքին կատարուող իրադարձութիւններուն մասին:

Հայաստանի Ժուռնալիստներու միութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ այսօր Ազգային ժողովէն ներս լրագրողների նկատմամբ կատարուած ոտնձգութիւնները, ներառեալ՝ ներկայացուցչական մարմնի ղեկավարի՝ ԱԺ նախագահի հրահանգով,  իշխանութենէն կը պահանջէ ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն հաւատարիմ գործելաոճ դրսեւորել,  կատարուածը արժանացնել իրաւական գնահատականի, պատասխանատւութեան ենթարկել սեփական խմբակի անդամ այն պատգամաւորները, որոնք առաջին անգամ չէ, որ լրագրողներուն կը սպառնան հաշուէհարդարով: Անպատժելիութիւնը կը ծնի ամենաթողութիւն. այս պարագային յիշատակուած պատգամաւորը ոչ միայն սպառնացած է, այլեւ փորձած է յստակ գործողութիւններու դիմել:

Կոչ կ՝ընենք մամուլի ազատութեան հարցերով զբաղող տեղական եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ իրապէս զբաղող միաւորներուն ու անհատներուն՝ ցուցաբերելու համարժէք գործելակերպ, զսպելու եւ կանխելու ազատ խօսքի նկատմամբ իշխանութեան ահագնացող ոտնձգութիւնները:

Մեր գործընկերներուն կոչ կ՝ընենք, անկախ ստեղծուած իրավիճակէն, պահպանել մասնագիտական բարոյականութեան բոլոր չափանիշները եւ սատար կանգնիլ միմեանց»։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին