Շաբաթ, 31. 05. 2025

spot_img

«Չի Կարելի»

Հայաստանեան մամուլի իմ գործընկերներուն, ֆէյսպուքի եւ ընկերային համացանցի օգտատէրերուն եւ մասամբք նորին.

«ԶՈՀՈՒԻԼ» բայը ազնիւ իմաստ ունի: Մարդիկ կը զոհուին լաւ նպատակի համար: Նահատակը իր կեանքը զոհած կ՛ըլլայ իր հայրենիքին ու ժողովուրդին: Հին աստուածներուն զոհաբերութիւն կ՛ընէին: Աւետարանը լի է զոհաբերութեան դրուաքներով: Զոհը շատ յաճախ համազօր է մատաղ բառ-հասկացողութեան:

Հետեւաբար ՉԻ ԿԱՐԵԼԻ լրատուութեան կամ գրառումներու մէջ թշնամիին բանակին մեռեալներուն ԶՈՀ անուանել: Գուցէ ո՛չ անպայման առարկայական, սակայն թէ՛ ազգային եւ թէ՛ գրական իմաստներով անճիշդ ձեւ է սա:

Պիտի խնդրեմ ալ չգրել օրինակ. «Ազերի բանակի 50 զինծառայող զոհուած է երէկ»…: Այսպէս գրելը ազերիական կողմին յարիր է իրենց կորուստներուն մասին եւ ո՛չ մեզի:

Այս մասին իր ֆէյսպուքի էջին վրայ գրառում ըրած է ԶԱՐԹՕՆՔ-ի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին