Հինգշաբթի, 02. 05. 2024

spot_img

Այս է Մեր Երկրին Իրական Դէմքը

«Քեզի Համար Լիբանան»

 Լիբանանեան ՄԱՅՅԱՍ Խումբը Կը Հասնի Եզրափակիչ Փուլ

Լիբանանեան ՄԱՅՅԱՍ խումբը «Քեզի Համար Լիբանան» կարգախօսով նուաճեց «Ամերիքաս Կադ Թելընդ» (America’s Got Talent) ծրագրի եզրափակիչ փուլը։

Խումբը փայլուն ներկայացում մը հրամցուց ամերիկեան տաղանդներու ծրագրի կիսաեզրափակիչ փուլին Ան նկարագրուեցաւ, որպէս  «շնչահատ ներկայացում»։

Այժմ ուշադրութիւնը բևեռուած է եզրափակիչ արարողութեանը, ուր լիբանանցիները մեծ լսարանի փոխազդեցութեան պայմաններով կը սպասէ իր խումբին վերջին ելոյթին, մինչդեռ ընկերային համացանցի կայքերու ռահվիրաները կը կարծեն, որ «այն ինչ ներկայացուց խումբը այս դժուարին. Պայմաններու պահուն, որոնց մէջէն կ՛անցնի մեր երկիրը, կ՛արտացոլացնէ Լիբանանի իրական դէմքը՝ մշակոյթի, բազմազանութեան և արուեստի երկիր. այն Լիբանանը, որու մասին մենք կ՛երազենք:

ՄԱՅՅԱՍը, որ բարձրացուց Լիբանանի անունը աշխարհի մէջ: Անոր վերջին ներկայացումը երկար դաջուած պիտի մնայ բոլոր զայն դիտողներուն միտքին մէջ։

Մէկ խօսքով, ՄԱՅՅԱՍը մեզի ցոյց տուաւ Լիբանանի կերպարը: Այն կերպարը, որ մենք կը սիրենք՝ կեանքով լի, հակառակ այն համատարած խաւարին, որուն մէջ երկիրը վերջերս կը խեղդուի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին