Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Ամերիկան Ո՞ւր Կ՛երթայ

Նամակ Ամերիկայէն – 26 –

ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ամերիկայի նախագահական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 2024-ի Նոյեմբեր ամսուն: Այսուհանդերձ քաղաքական մեկնաբաններ և քաղաքական գործիչներ արդեն իսկ սկսած են իրենց կարծիքները արտայայտել ու թելադրութիւնները կատարել այս նիւթին շուրջ:

Նիւ Եորք Թայմզի Յուլիս 14-ի  թիւին մէջ, սիւնակագիր Տէյվիտ Պրուքս լուրջ վերլուծականով կ՛արտայայտուի երկու տարի ետք տեղի ունենալիք 6-րդ նախագահական ընտրութիւններուն: Ան կը մատնանշէ, թէ ամերիկացի ժողովուրդին միայն 13 առ հարիւրը կը հաւատայ, թէ երկիրը ճիշդ ուղղութեամբ կ՛ընթանայ: Ան կ՛աւելցնէ, թէ երկրին բնակչութեան սոսկ 33 առ հարիւրը համամիտ է նախագահ Պայտընի գործունէութիւններուն:

Աւելին, Ամերիկայի Ներկայացուցիչներու Տան շատ մը անդամները՝ մեծամասնութեամբ դեմոկրատ, սկսած են պնդել, թէ իր յառաջացեալ տարիքին բերումով, նախագահ Պայտընը պէտք է հրաժարի վերընտրութեան արշաւին մասնակցելէ: Նման անձինք կը յիշեցնեն, թէ նախագահը 81 տարեկան հասակին ֆիզիքական կորովն ու մտային ճկունութիւնը պիտի չունենայ բուռն ընտրապայքարի մասնակցելու:

Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչները Տան երկու ազդեցիկ դեմոկրատ անդամներ՝ Ճերի Նետլըր և Քարոլին Մալոնի (որ ծանօթ է իր հայանպաստ դիրքորոշումներով) երկուքն ալ Նիւ Եորք քաղաքի զանազան ընտրաշրջանները ներկայացնող, խուսափողական պատասխաններ տուին վերջերս, երբ լրագրողներ հարց տուին, թէ պիտի պաշտպանե՞ն Պայտընի վերընտրութեան թեկնածութիւնը: Տիկին Մալոնին շեշտեց, թէ իր  կարծիքով նախագահը իր թեկնածութիւնը պիտի չառաջարկէ: Նաև Քոնկրէսի այլ անդամներ չեն քաջալերեր Պայտընի վերընտրութեան համար առաջադրուելիք թեկնածութիւնը: Դեմոկրատ յայտնի գործիչներ և անձնաւորութիւններ կը ձայնակցէին՝ պնդելով, թէ  նախագահը իրագործած ըլլալով դեմոկրատական կուսակցութեան օրակարգի շատ մը կարևոր ծրագիրները յօգուտ ամերիկացի ժողովուրդին, պէտք է փառքով և պատուով հեռանայ Սպիտակ տունէն: Շատերը մտահոգ են այն իրողութեամբ, թէ ան եթէ վերընտրութեան իր թեկնածութիւնը դնէ, հանրապետականներուն հաւանական թեկնածուն՝ Տոնալտ Թրամփ, կրնայ զինք պարտութեան մատնել:

Դեմոկրատ կուսակցութեան աւագանին լուրջ փնտռտուքի լծուած է երիտասարդ, տեսիլք ունեցող և քարիզմատիք /Քենետիի պատկերով/ քաղաքական դէմք մը գտնելու: Դժբախտաբար, սակայն քաղաքական հորիզոնին վրայ նման անձ մը յայտնաբերուած  չէ տակաւին: Քաղաքական դէտեր այս ամլութեան պատճառը կը նկատեն Քլինթընները, որոնք իրենց քաղաքական անյագ փառասիրութեան պատճառով արմատախիլ ըրին որևէ մրցակցութիւն:

Տեյվիտ Պրաքս կը գրէ, թէ ամերիկացի հասարակութիւնը սկսած է ստուար թիւով, տարուէ տարի, անտարբերութիւն ցոյց տալ երկու գլխաւոր կուսակցութիւններուն նկատմամբ: Ան, հիմնուած վիճակագրական նորագոյն տուեալներու վրայ կը մատնանշէ, որ ամերիկացի քուէարկողներուն 62 առ հարիւրը ուժգին կերպով կը հաւատան երրորդ կուսակցութեան մը անհրաժեշտութեան մասին: Ժողովուրդը զզուած է ներկայ իրավիճակէն կը գրէ ան աւելցնելով, թէ ամերիկացիք համոզուած են, թէ ներկայ վարչամեքենան չի բանիր: Երիտասարդ քուէարկողներուն գրեթէ կէսը, կը հաւաստիացնէ ան, թէ կը զգան, որ իրենց քուէները ոչ մէկ տարբերութիւն կ՛ընեն կառավարութեան գործելակերպին վրայ:

Իրերու այս դրութեան մէջ, հետեւաբար ինչպէ՞ս այպանել այն երկիրները, որոնց ղեկավարները միահեծան կը կառավարեն: Ինչո՞ւ պատրուակել, թէ այդ երկիրներուն մէջ ժողովրդավարութիւն գոյութեան չունի, որովհետև այդ երկիրներուն առաջնորդները՝ Ռուսիոյ Փութինը, Եգիպտոսի  Սիսին և ուրիշները, հնազանդ չեն  Ուաշինկթընի ցուցմունքներուն:

Արդեն տասնամեակներէ ի վեր Ուաշինկթընի մէջ դեմոկրատներու և հանրապետականներու միջև համագործակցութիւնը կասեցուած է, յայտնապէս ի վնաս ամերիկացի ժողովուրդին: Երբ հանրապետականները մեծամասնութիւն կը կազմեն, անոնք կը խափանեն դեմոկրատներու կողմէ ներկայացուած որևէ ծրագիր: Պարագան նոյնն է դեմոկրատներուն:

Այս բևեռածումը շատ աւելի ակնյայտ դարձաւ Օպամայի ութնամեայ պաշտօնավարութեան շրջանին եւ տակաւին կը շարունակուի շատ աւելի ծայրայեղ կերպով:

Միակ կէտը, որուն շուրջ երկու աւանդական կուսակցութիւնները միաքայլ կ՛ըթանան՝ արտաքին քաղաքականութիւնն է:

Երկու կողմերն ալ կը փորձեն գերազանցել զիրար, Իսրայէլի պաշտպանութեան ախոյան հանդիսանալով: Գործելաձեւի նմանութիւնը նոյնն  է Չինաստանին ընդդէմ: Երկու կուսակցութիւնները հաւասարապէս վճռական են զսպելու Փեքինի տարածուող ազդեցութեան գօտիները: Իսկ ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ և անոր նախագահ Վլատիմիր Փութինին,  երկու ճակատներն ալ կարծէք երդում առած են տապալելու ռուս նախագահը և կործանելու Ռուսիոյ տնտեսութիւնը, զայն դարձնելով  երրորդ աշխարհի երկիր մը:

Արդարև երկու կուսակցութիւններուն կողմէ ծայրայեղ այս արտաքին քաղաքականութեան վարքագիծը, որուն ճարտարապետութիւնը  ստանձնուած է Սպիտակ տան կողմէ, աւելի վնաս կը պատճառէ Ամերիկայի հեղինակութեան և շահերուն: Յատկապէս, ուքրանական պատերազմի հարցով Ուաշինկթընը իր մեկուսացումը ծածկելու համար՝ ինքզինք շրջապատուած է եւրոպական երկիրներով: Հարաւային Ամերիկան, Ափրիկէ, Միջին Արևելք և Ասիա – այս ցամաքամասներէն ու տարածաշրջանէն ոչ մէկ երկիր բարձրաղաղակ դիրքորոշում չէ արտայայտած ի նպաստ Ամերիկայի անոր առաջնորդութեամբ Քիեւին  հայթայթուող անսահման և գերարդիական զինուորական սարքաւորումներուն: Նաև այս երկիրներէն որևէ մէկը փաստօրէն չքննադատեց Ռուսիոյ յարձակումը Ուքրանիոյ վրայ այլ ջատագովը հանդիսացան և կը շարունակեն հանդիսանալ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու փորձերուն: Լարախաղաց Թուրքիան նոյնիսկ, ՆԱԹՕ-ի անդամ ըլլալով հանդերձ ցայդ մերժած է Ռուսիոյ դէմ իրականացուող տնտեսական-քաղաքական պատժամիջոցներուն մաս կազմել:           

Նիւ Եորք     
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին