Լիբանանի դիմագրաւած ծանօթ տագնապներուն հետեւանքով, երկամեայ ընդմիջումէ ետք, ՀԵԸ-ի ընտանիքին մէջ սկաուտական կեանքը ամբողջութեամբ վերաշխուժացաւ, սկաուտական զոյգ մասնաճիւղերուն տարեկան բանակումներով:
ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի սկաուտական խմբապետական կազմը, սկաուտական բարձրագոյն խմբակը, ընդհանուր խմբապետ Ժիրայր Թօսունեանի գլխաւորութեամբ, ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի Գործադիրի եւ ծնողաց վարչութեան անդամներով Շաբաթ, 30 Յուլիս 2022-ի առաւօտեան, երկու օթոպիւսներով մեկնեցան բանակավայր՝ Ռաս էլ Մեթն:

Բանակավայր հասնելէ անմիջապէս ետք սկսան նախապատրաստութիւնները՝ մաքրութիւն, վրաններու լարում, ելեկտրականութեան, ջուրի մատակարարում,խոհանոց, որմէ ետք բարձրացաւ ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի հիմնադրութեան վաթսունամեակին նուիրուած կայմը:

Յաջորդող օրերուն սկաուտական խումբերը հերթաբար բարձրացան բանակավայր: ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի Գործադիրը, ատենապետ Նշան Ղորղորեանի գլխաւորութեամբ, ծնողաց վարչութիւնը եւ սկաուտական վարչութիւնը մնայուն ներկայութիւն դարձած են բանակավայրին մէջ, միշտ պատրաստ՝ հասնելու բանակավայրի կարիքներուն:
Նշենք, թէ Կիրակի 14 Օգոստոս 2022, երեկոյեան ժամը 6.30-ին, , ՀԵԸ-ի սկաուտական շարժումի հոգեւոր հովիւ, Ռըմէյլի շրջանի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ քահանայ, Տէր Ղեւոնդ Լոշխաճեանի հովանաւորութեամբ տեղի պիտի ունենայ խաղողօրհնէք:
Աւանդական խարուկահանդէսը պիտի սկսի Կիրակի, 14 Օգոստոս 2022, երեկոյեան ժամը 7.00-ին, բանակավայրին մէջ, Ռաս էլ Մեթն:
Ծնողները, միութենականները ժամը 5-էն հրաւիրուած են բանակավայր, միասնաբար վայելելու յիշատակելի պահեր:
Բանակումի վայրը ճշգրիտ իմանալու համար, փափաքողները կրնան դիմել ՀԵԸ-ի Կեդրոնական գրասենեակ: