Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

«Խաղաղութի՞ւն Է»

Համացանցի Վրայ

Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութիւն…

Քաղաքականութենէ ինչքա՞ն կը հասկնաք… չե՛մ գիտեր, սակայն գիտեմ, որ քաղաքականութեան մէջ լաւագոյն գիտութիւնը պատմութենէն դասեր քաղելուն մէջ կը կայանայ, որովհետեւ ինչպէս յայտնի է, պատմութիւնը անպայմանօրէն ինքզինք կը կրկնէ…:

Այսօր երբ Թուրքին հետ հաշտութիւն կ’ուզէք հաստատել, կ’ուզեմ ձեզի պատմութեան մէջէն դրուագ մը յիշեցնել:

Կը խնդրեմ բանա՛ք ու կարդա՛ք Թիֆլիսի մէջ հրատարակուած «Զանգ» օրաթերթի 6-րդ թիւը (Ուրբաթ, 18 Օգոստոս 1906, էջ 2, Բ. սիւնակ):

Շահէն անունով գրող մը հետեւեալ տողերը կը գրէ.-

«Խաղաղութի՞ւն է…

Խաղաղութիւն երկար արիւնից յետոյ, խաղաղութիւն շէն քաղաքը աւերակացնելուց յետոյ, խաղաղութիւն որբերի եւ այրիների թիւը հազարներով աւելացնելուց յետոյ, խաղաղութիւն շատ մատաղ կեանքեր կտրելուց յետոյ…

Խաղաղութի՞ւն է…»

Ծանօթ դրուագ մը կրցա՞ք տեսնել… Հազարաւոր մատաղ կեանքեր զոհելէ ետք կնքուած «խաղաղութեան» մէջ։

Յայտնեմ, որ Շահէն այս նամակը կը գրէ Շուշիէն՝ հազարաւոր մատաղ կեանքեր զոհուելէ, հազարաւորներ որբ ու անտուն մնալէ, շէն քաղաքը աւերակուելէ ետք…

Ծանօթ բան մը չի՞ կայ…

Առ ի յիշեցում, այդ խաղաղութենէն իննը տարիներ ետք մենք ջարդուեցանք այն կողմին ձեռամբ, որուն հետ «խաղաղութիւն» կնգած էինք…:  

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին