Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

Եգիպտականք (1)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Այսօր կը սկսիմ  նոր բնաբան մը՝ եգիպտագիտութիւնը:
Որ շատ կը խօսի իմ սրտիս եւ որուն վրայ տարիներ աշխատած եմ՝ առանց մեծ արդիւնքի, որովհետեւ տարիքս չէր ներեր լրիւ ընկալելու  նման նիւթ մը, որ շատ երիտասրդ՝ հազիւ 18−20 տարեկանի ուղեղ եւ յիշողութիւն կը պահանջէ: Իմս եղաւ ուշացած սէր մը, ըստ այսմ ալ՝ սորվածներուս 95%-ը մոռցած եմ: 
Այդ բոլորէն մնացած են թանկագին պատառիկներ, որ կը բաժնեմ բոլորիդ հետ:

Ա.Ե.

Եգիպտագիտութիւնը շատ  ընդարձակ մարզ մըն է, որ կ’ընդգրկէ՝

  • Եգիպտոոսի պատմութիւնը՝ 3.200 Քա. մինչեւ 390 Քե.[1],
  • Եգիպտոսի կրօնքը,
  • Եգիպտական ճարտարապետութիւնը,
  • Եգիպտական գրականութիւնը,
  • Նկարչութիւնն ու քանդակագործութիւնը,
  • Եգիպտերէն լեզուն (իր  տարբերակներով),
  • Եգիպտական գիրերը (իրենց տարբերակներով):

Շատ քիչեր կը նուիրուին եգիպտագիտութեան, որովհետեւ… ան այլեւս փոր չի կշտացներ, սակայն  այդ սակաւ նուիրուողները կը դառնան անոր ստրուկը ու այդպէս ալ կը մնան իրենց ամբողջ կեանքը. այսպիսիներէն թուենք՝ Jean-François Champollion,  Karl Frédéric Lépsius (մեծ հայասէրին հայրը),  Auguste Mariette (Եգիպտական թանգարանի հիմնադիրը), Gaston Maspero, Kurt Sethe, sir Alan Gardiner, Gustave Jéquier, Gustave Lefebvre, Howard Carter (Թութանխամոնի դամբարանին գիւտարարը), Lord Carnarvon (Հովարդ Կարտերը գործը ֆինանսաւորող անգլիացի մեծահարուստը) եւ ուրիշներ:

Մենք պիտի խօսինք մասնաւորաբար եգիպտական գիրերու մասին, որովհետեւ անոնք` այդ գիրերը, դարձան բանալին ամբողջ եգիպտագիտութեան, մանաւանդ անոնք են որ սկզբնապէս գերեցին ապագայ մասնագէտներու ու նուիրեալներու միտքն ու հոգին:

Յատկապէս այդ գիրերէն հնագոյնը՝ մեհենագիր տարբերակը (hyéroglyphes):

Ստորեւ նախաճաշակ մը, որ կու տայ Cliopadra (Կղէոպատրա) անունը: Ուրեմն կարելի է տառ առ տառ  վերծանել  գրութիւնը՝ լատինատառ արձանագրութեան  առաջնորդութեամբ:       

Սկսելու համար՝ ձախէն առաջին  ուղղանկիւն-եռանկիւնը C կամ K   տառն է, անոր տակը գտնուող առիւծը՝ L է եւ այսպէս շարունակ:


Եգիպտոսը հնագոյն ժամանակներէ սկսած արժանացած է զանազան տիրակալներու, պատմաբաններու, զբօսաշրջիկներու, այլեւ հասարակ մարդկանց հետաքրքրութեան՝ առանց  թօթափելու  այն թանձր քողը, որ կը ծածկէր իր ինքնութիւնը: Այդ ինքնութեան  խորքը կը գտնուէին մեհենագրերը, որ է  գրային համակարգը ընդհանուր առմամբ, որ անծանօթ կը մնար:

Թուենք թէկուզ Քա.  Ե. դարու  յոյն պատմաբան ու աշխարհագիր Հերոդոտոսը, որ շրջեցաւ ամբողջ երկիրը՝ հասնելով մինչեւ Վերին Եգիպտոս, ու այնքան հետաքրքրական տեղեկութիւններ կտակեց մարդկութեան ականատեսի իր գրիչով, սակայն ոչ մէկ բառ արձանագրած  է ան եգիպտական գրային համակարգին մասին:

Հին կտակարանին մէջ կը գտնենք  հատուկենտ ակնարկութիւններ կարգ մը փարաւոններու  անուններուն, չհաշուած Յովսէփ Գեղեցիկի ու անոր յաջորդներուն աւելի քան  հինգհարիւրամեայ կեցութիւնը Եգիպտոսի մէջ: Այս բոլորը եգիպտերէն ոչ մէկ տառի վերծանումին օգնած են:

Այդպէս ալ շարունակուեցաւ  աւելի ուշ՝  հետագայ այցելուներուն կողմէ:

Եգիպտական գիրերը շարունակեցին  առեղծուած մնալ:

Իսկ այդ գիրերը… ամէն տեղ էին. անոնք ողողած էին ամբողջ Եգիպտոսը, ուր ամէն կոթող, ամէն քար ու խիճ,  ամէն  շարժական ու անշարժ առարկայ ծածկուած էր գիրերով:

Ոչ մէկ մշակոյթ այնքան շատ կառչած է գիրին ու գրած է, որքան եգիպտականը:

Եգիպտացիին համար գիրով ու գիրին շնորհիւ է, որ իրերը կ’իմաստաւորուէին, գոյութիւն կը ստանային ու կ’արժանանային յաւիտենականութեան, որուն խորհրդանիշն էր գիրը, յատկապէս՝ մեհենագիրը:

Թութանխամոնի (Քա. 1341−1323)  դամբարանէն դուրս բերուած մօտ 5.000 առարկաներէն բոլորը կը կրեն արձանագրութիւն մը՝ արքայական գահէն սկսեալ մինչեւ կառքը, մահճակալը, բազկաթոռները, պահարանները, տուփերը, մուճակները, նետերն ու աղեղները, մատանիներն ու օղերը, ամաններն ու գաւաթները, դգալներն ու դանակները, մանեակներն ու ապարանջանները, տէգերն ու նիզակները:  Արձանագրութիւններով ծածկուած էին դամբարանին պատերը, յատկապէս այն թաղման խուցին, ուր զետեղուած էր դագաղը՝ մէջը մոմիայով:  Դագաղ ըսի, պէտք է ճշդենք՝  մոմիան պարփակուած էր մէջմէջի դրուած հինգ դագաղներու մէջ, որոնց երեսները ամբողջութեամբ ծածկուած էին ոսկեայ թերթիկներով՝ իրենց փորագիր  արձանագրութիւններով, ընդհուպ մինչեւ վերջինը, որ ոսկեայ մարդակերպ  դագաղ մըն էր, ձոյլ ոսկիով կերտուած,  որ կը գրկէր մոմիան, նմանապէս արձանագրութիւններով ծածկուած:

Այս իւրայատուկ ու եզակի  գանձը անվթար կը գտնէք  Գահիրէի Եգիպտական թանգարանին մէջ, ուր յատուկ բաժանմունք մը յատկացուած է անոր:

Այս արձանագրութիւնները ունէին քանի մը տարբերակներ, որոնց պիտի յընթացս ակնարկուի. ամէնէն  տպաւորիչը մեհենագրերն էին, իսկ այդ դամբարանի բոլոր առարկաները  արձանագրուած էին մեհենագրերով:

Գիտնանք տակաւին, որ  Թութանխամոնի դամբարանը ամենափոքրն է  փարաւոններու դամբարաններուն, ուր կը գտնենք  տասնապատիկ, երբեմն քսանապատիկ աւելի ծաւալուն դամբարաններ, որոնք օրին յորդած եղած են ոսկիով եւ  մեհենագրերով. ոսկին մեծ ագահութեամբ յափշտակուած է ժամանակի ընթացքին գանձագողերու կողմէ, իսկ արձանագրութիւնները… ըստ ամենայնի մնացած են: 

Ամենածաւալուն արձանագրութիւնները կը գտնուէին բուրգերու ներքին սենեակներու պատերուն ու առաստաղներուն վրայ: Միւս կողմէ՝ անցնող քանի մը դարերուն  գտնուած են,−  ու կը շարունակեն գտնուիլ, −  հարիւրաւոր՝ յարաբերաբար աւելի համեստ  դամբարաններ եւս՝ մասթապա-ներ, որոնք նմանապէս կը յորդին արձանագրութիւններով. ասոնց մեծ մասը դիմում են առ աստուածները` խնդրելով  փրկել ննջեցեալի հոգին եւ արժանացնել զայն յաւիտենական  կեանքի, որ կը բնորոշուի neḥeḥ-նեխեխ մեհենագրով՝

Թութանխամոնի ոսկեայ  մարդակերպ դագաղը՝  110,4  քկ,  ու ոսկեայ դիմակը՝   10,32 քկ,  որ անջատ է   դագաղէն: 

[1] Հնագոյն գտածոյի կրած արձանագրութենէն  մինչեւ  եգիպտական մեհենագրերով գրուած վերջին գտածոյին արձանագրութեան թուականը, այսինքն՝ 3200 (Քա.) մինչեւ 394 (Քե.), երբ Հռոմի Թէոդոս կայսրը փակել տուաւ այն տաճարները, ուր տակաւին  հին  եգիպտերէնը կը կիրրակուէր:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին