Հինգշաբթի, 14 Յուլիս 2022-ին, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին կազմակերպութեամբ, Մոն Լա Սալի մէջ, Այն Սաատէ, սկսաւ Լիբանանի փինկ փոնկի աղջկանց Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութիւնը:
Ախոյեանութեան մասնակցեցան երկու խմբակներու բաժնուած տասը խումբեր: Իւրաքանչիւր խմբակ՝ հինգ խումբ: ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ պարտութեան մատնեց մրցակից չորս խումբերը՝ Մըրժաայուն Պլաթ՝ 3-0, Ահլի Խիամ՝ 3-0, Շարիթէ Տար էլ Նուր 3-0, Լիուա Սայտա՝ 3-0 եւ անցաւ կիսաւարտական փուլ, ուր ՀՄԸՄ Պէյրութին ՝ 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք հասան աւարտականին:

Աւարտական մրցումին, ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի աղջիկները՝ 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեցին Ահլի Սայտան եւ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով արժանաւորապէս տիրացան խմբային ախոյեանութեան տիտղոսին:
Մեր սրտագին շնորհաւորութիւնները ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի մարզուհիներ՝ Մարիանա Սահակեանին, Լեթիսա Ազարին, Թալիա Ազարին, Լիբանանի ֆետերասիոնի մէջ ՀԵԸ-ի ներկայացուցիչ, գլխաւոր մարզիչ Սահակ Պիտինեանին այս հպարտալի յաղթանակներուն առիթով:
Մրցանակաբաշխութիւն
Շաբաթ, 16 Յուլիս 2022-ի երեկոյեան, Մոն Լա Սալի մէջ, Այն Սաատէ, տեղի ունեցաւ ախոյեանութեան մրցանակաբաշխութիւնը: Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուեցան Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Քուփալի, Ֆետերասիոնի անդամ՝ Նեժի Հալալ, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան եւ ակումբներու ներկայացուցիչներ:
