Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

Ներկայ Իշխանութիւնը Մեր Ժողովուրդին Վերջին 32 Տարուայ Կեղծիքին ու Անտարբերութեան Բնական Արդիւնքն է

Տեսանկիւն

Հասարակութիւնը ոչնչացնելու արդիւնաւէտ միջոցը, ժխտելն է ու ջնջելն է իր պատմութեան սեփական ըմբռնումը:

Ճորճ Օրուէլ

Արդէն բաւական ատեն է Հայաստանի եւ հայութեան ամենամեծ ու ամենաօրակարգային խնդիրը Քրիստոսի արձանը կանգնել թէ չկանգնելն է:

Այսօր, այս սիւնակով բնաւ նպատակ չունիմ քննարկելու Գագիկ Ծառուկեանի մարդկային ազատ կամքը՝ սեփական դրամը իր յարմար տեսած ձեւով ծախսելու: Ինչպէս իրաւունք չունիմ վերոյիշեալ հայուն ազնիւ, թէ յանձաւոր միտումները դատելու ոմանց պէս:

Հայաստանի մէջ Քրիստոսի հսկայական արձանը կանգնեցնելու-չկանգնեցնելու այս թոհուբոհին մէջ, ինծի ցաւ պատճառողը եւ ուշագրաւ երեւոյթը անոր հիմնարկէքի արարողութիւնն էր: Արդարեւ անցեալ շաբաթավերջին, Կոտայքի մարզի Հատիս լերան վրայ նշեալ՝ կոթողին հիմնարկէքին գլխաւոր բացականերն էին հոգեւորականներն ու մշակոյթի հետ առնչուած հայ անձնաւորութիւններ, մինչ նշեալ արձանը անմիջականօրէն առնչուած է կրօնքի ու մշակոյթի հետ: Փոխարէնը ներկայ էր Հայաստանի Էքոնոմիքայի (տնտեսութեան) նախարարը…:

Այնտեղ եւ այդ առիթով արտասանուած խօսքերուն մէջ հոգեւոր բառ մը իսկ չգտայ, մինչ բոլոր խօսքերը կեդրոնացած էին շրջանին մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման, եկամուտի, պիզնեսի եւ նմանօրինակ առարկաներու վրայ…:

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի իսկ հաստատումով Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցուոյ դաւանանքին հակասող երեւոյթ է Քրիստոսի արձանը կանգնեցնելը:

Աւելին արձանի երեւոյթը կը հակասէ տարիներու ընթացքին Հայ Առաքելական եկեղեցին յատկանշող կարեւոր ճշմարտութիւն մը եւ նոյնիսկ զբօսաշրջութեան մակարդակով սուտ կը հանէ Հայ Առաքելական Ս. եկեղեցուոյ դաւանական իւրայատկութեան մասին մինչեւ օրս ընկալուածը, թէ՛ ազգային եւ թէ՛ միջազգային առումով:…:

Հետաքրքրական է նշեալ արձանը անպայման տեղադրելու մոլուցքը, որ ամէն գնով կը հետապնդուի նոյնիսկ պետական մակարդակով երբ կառավարութիւնը իր համաձայնութիւն տալէն երկու օր ետք, նախարարներուն մէկուն բերնով յետս կոչեց քաջալերանքը, զանազան պատճառաբանութիւններով… ու պահանջեց անոր աշխատանքներուն կասեցումը:

Կը մնան կարգ մը հարցումներ, որոնք կը կարօտին պատասխանի.

  • Արդեօ՞ք մէջտեղ նետուած նիւթը, մեր ժողովուրդին ուշադրութիւնը ներ-հայաստանեան քաղաքական ու տնտեսական ցաւալի իրականութիւններէն շեղեցնելու համար հերթական յղացո՞ւմ մըն է:
  • Այս պարագային, Գագիկ Ծառուկեանը իշխանութեան զո՞հն է, թէ գործընկերը:
  • Անկումային այս ի՞նչ վիճակ է, երբ առաջին քրիստոնեայ ազգ-պետութեան մը մէջ Քրիստոսի արձանի կանգնեցումը կ՛արդարցուի զուտ «պիզնես»-ի տեսանկիւնէն…:
  • Միթէ մեր հայրենիքին մէջ զբօսաշրջութիւն քաջալերելոու համար մեր երկրին ամէն տուեալներն ու կարելիութիւնները սպառած են, որ նման խնդրայարոյց կառոյցի մը յոյսին մնացած ենք:
  • Նման արձանի մը հետեւանքով, թէական մեծ հոսքով զբօսաշրջիկներու թիւին հետ կապուած ուսումնասիրութիւնները, ո՞վ ըրած է:
  • Ընդամէնը երկու տարիէն, այսպէս կոչուած միլիոնաւոր զբօսաշրջիկներու թէական հոսքը կանոնաւորող մարդկային, թէ այլ ենթակառոյցները ունի՞նք արդեօք:

Եթէ այստեղ է, որ հասած ենք, ես ալ իմ կարգիս զաւեշտի ժանրով առաջարկութիւններ ընեմ զբօսաշրջիկ «գցելու» կամ մէկ անգամէն հարստանալու երազանքով տոգորուած հայաստանցի մեր հայրենակիցներուն համար.

  1. Քրիստոսի խնդրայարոյց արձանին փոխարէն կանգնենք օրինակ Մաու Ձէ Թունկի արձանը: Նման «ճարպիկ» քայլով մը փոթենցեալը կ՛ունենանք 1.5 միլիառ Չինացի զբօսաշրջիկ Հայաստան բերելու…:
  2. Կամ կառուցենք աշխարհի ամենահսկայ կովին արձանը, հրապուրելու համար 100 հազարաւոր հինտուս հաւատացեալներ…:

Ցաւալի իրականութիւն մը կ՛ապրինք ազգովին, եւ մինչ 5000 մատաղ զոհեր տուած ենք, անոնց անտեղի զոհաբերութիւնը պետական մակարդակով հաստատող կողմը կը վերընտրուի իր պետական պատասխանատու պաշտօնին մէջ: Մինչ տակաւին երէկ, դատարանին մէջ հազարաւորներու տեսողութեամբ կը մահանայ չարդարացուած կերպով կալանաւորուած հայորդի մը եւ քանի մը օր առաջ, այլ հայորդիի մը մուտքը առանց յստակ հիմնաւորումի կարգիլուի Հայաստան ու նուազագոյնը արդարադատութեան նախարարը չհրաժարիր: Եւ մինչ ժողովրդավարական սկզբունքներն ու մարդկային իրաւունքները հակասող այս երեւոյթները տակաւին պաշտպանող ու արդարացնող քաղաքացիներ կան: Ապա մեզի կը մնայ ըսել, որ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը Հայաստանի անկախութենէն ի վեր, մեր Հայրենիքին Պետականութեան ու ապագային հանդէպ մեր ազգին կարեւոր մէկ մասին ունեցած կեղծ կամ հեռակայ հայրենասիրութեան, ազգային տեսիլք ու ռազմավարութիւն չունենալու, ամէն ինչի վրայ «թքած ունենալու», փնթիութեան եւ ազգային արժէքներէ հրաժարած ըլլալու հրէշաւոր ու յանցաւոր վերաբերմունքին արդիւնքն է, մինչ անոր ղեկավարը նմանօրինակ ազգի անտարբեր մասսայի մը հարազատ խտապատկերը…։

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին