Ուրբաթ, 14. 02. 2025

spot_img

Արտերկրէն Լիբանան Հասնող «Զբօսաշրջիկներու» Մեծ Հոսք

Լիբանանի Միջազգային օդակայանը այս օրերուն կը դիմագրաւէ արտերկրէն Լիբանան հասնողներու մեծ հոսք, որոնց մեծ մասը երկրէն դուրս ապրող լիբանանցիներ են, որոնք կը վերադառնան հայրենիք իրենց ամառնային արձակուրդը անցնելու համար:

Կը հաղորդուի, որ օդակայանին մէջ ճամպրուկները փոխադրող սարքերը քանի մը անգամ խանգարուած են երէկ մեծ խուճապ յառաջացնելով:

Յուսալի երեւոյթ մը, որ սակայն ափսոս ամառուայ աւարտին կրնայ չքանալ, իր հետ տանելով արտերկրէն եկած տոլարները, որ ժամանակաւոր կերպով պիտի աւելի լաւ կեանքի պայմաններ ստեղծեն տնտեսական ծանր տագնապի տակ տուայտող լիբանանցիին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին