Լիբանանահայ Կեանք
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի, 30 Յունիս 2022, երեկոյեան ժամը 7.30-ին հանդիպում մը տեղի ունեցաւ ՀԵԸ-ի սկաուտական շարժումին մէջ ծառայած, Հարաւային Գալիֆորնիայի ճարտարագիտութեան հաստատութենէն վկայեալ Ալեք Մելքոնեանին հետ, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային վարչութեան ատենադպիր Սիլվա Լիպարիտեան, ՀԵԸ-ի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան, Կեդրոնական վարչութեան անդամ՝ Յակոբ Ճըղլեան, Գէորգ Սանթուրեան, հիւրեր, Նար Խաչատուրեան, Հրայր Խաչատուրեան, Սարգիս Ազատեան, Վահան Գասարճեան, Վաչէ Մելքոնեան, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի երիտասարդական, համալսարանական, սկաուտական շարժումներու ներկայացուցիչներ:
Շահեկան այս միջոցառումին բացումը կատարեց Յակոբ Ճըղլեանը եւ բացատրեց հանդիպումներուն նպատակը:
ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի երիտասարդական կեդրոնին նախաձեռնութեամբ հանդիպումներու այս շարքը, երիտասարդ շրջանաւարտները կը քաջալերէ Միութեան յարկին տակ նախաձեռնութիւններ վերցնելու, կարողութիւններ դրսեւորելու, ծանօթութիւններ հաստատելու եւ համախմբուելու:
Ալեք Մելքոնեան, իբրեւ առաջին ուսուցիչը եւ խորհրդատուն ՀԲԸՄ-ի նորագոյն ծրագիրներէն՝ Innovation Studios-ի, (սոյն կառոյցը կը փորձէ կամուրջներ հաստատել միջազգային գիտութեան, արհեստագիտութեան, ճարտարագիտութեան, ուսողութեան եւ հայ մշակոյթի միջեւ), ներկաները խանդավառեց համապարփակ տեղեկութիւններ հաղորդելով անցեալի եւ ապագայի իր ծրագիրներուն մասին:
Այս առիթով, ան երախտագիտութիւն յայտնեց ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի սկաուտական շարքերէն ձեռք բերած փորձառութիւններուն համար, ապա պատասխանեց ուղղուած հարցումներուն:
Հետաքրքրական հանդիպումի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: