Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

Ապագայատեսիլ Սփիւռքը՝ Գործնական ծրագիրներով

Դոկտ․ ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ

Սոյն տարուայ Յունիսի երկրորդ կիսուն, Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ գաղափարական, մասնագիտական թէ յարանուանական իրենց պատկանելիութիւններէն  անկախ, հոյլ մը աշխարհով մէկ ցիրուցան, բայց անխտիր բոլորը նոյն ցաւոտ մտահոգութեամբ, հարուստ ազգային թէ համայնքային կենսափորձով, մասնագիտական հմտութեամբ, բեղուն փորձառութեամբ սփիւռքահայ, գիտական կառոյցներու եւ այլազան բնագաւառներու մէջ ազդեցիկ դերակատարութիւն ունեցող քսան  մտաւորականներու կողմէ առաջարկուած լրջամիտ ծրագիրներու հատընտիր մը` «ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ Ընկալուածէն Դէպի Ապագայատեսիլ Սփիւռք, Ի՞նչ Բարեփոխել եւ Ինչպէ՞ս Վերակազմակերպել» խորագրեալ հատորը, որ կը բաղկանայ 150 էջէ։

«2022ը՝ Սփիւռքի Տարի» Արամ Ա վեհափառի Կաթողիկոսական կոնդակով հռչակագիրը յանձնառու եւ պարտաւորիչ համարելով՝ Յունուարի վերջին օրերուն գործնական ծրագրի մը մտայղացումն ու նախաձեռնութիւնը առաջ բերած էր,  2011-ին հիմնած եւ մինչեւ օրս շուրջօրեայ սփռուող www.radioayk.com առցանց ձայնասփիւռի կայանի հիմնադիր ու հաղորդավարուհի՝ Շաքէ Մանկասարեանը։ Գիրքին մեկենասն է Շաքէ եւ Մարք Կրոկըն ամոլը։ Խմբագրական խորհուրդ ունենալով՝ առակագիր Եզնիկ Բալայեանը, գրողներ` Գէորգ Պետիկեանը, Ռուբէն Յովակիմեանը, գեղանկարիչ՝ Վիգէն Շարոյեանը, իսկ հատորին խմբագրութիւնը ստանձնած են՝ Փրոֆ. Արա Սայեղ եւ Շաքէ Մանկասարեանը։

Հայկական Սփիւռքը իր գերյոգնած մարտահրաւէրներով, համաշխարհայնացումի քաշքռտուքին դիմաց անհաստատ, օրէ օր որակի սով մը ապրող, ինքնամաշումի իրավիճակէն, բեւեռացած խրամատներէն, ապագայի անորոշ հորիզոնէն դուրս բերելու համար զգաստացնող ահազանգի մը կը կարօտի, թմրութիւնը թօթափեցնող անյետաձգելի ուժգին սթափումի մը պահանջը ունի։ Արամ Ա Կաթողիկոս այդ մարտակոչը խստաշունչ բարձրաձայնեց, վտանգները ահազանգեց եւ վերջապէս անկիւնադարձային հռչակագիրով մը ազդարարեց։

Ուստի անմիջական ելքեր փնտռելու գործնական ռազմավարութեան խիստ պահանջի դիմաց ենք։ Լոզունքներէ, տրտնջացող տրամաբանութենէ շատ հեռու, բուժելու կամքով եւ կարողութեամբ, գիտական հմտութեամբ տոգորուած, փորձառու եւ արհեստավարժ լրջախոհութեամբ գործելու ու մասնագիտացած ուղղութիւններով ընթանալու անյետաձգելի հրամայականին դէմ յանդիման ենք ազգովին:

Վերջին տասնամեակներուն տեղի ունեցած բոլոր շնորհակալ նախաձեռնութիւնները, զանազան համայնքային  հանդիպումները, գաղութային խորհրդակցութիւնները, քննարկումները, խորհրդաժողովները, համագումարները, լսարանները եւ այլն, մնացին  անպարտադիր եւ անկախ, տեսական եւ անկաշկանդ պարունակի կամ մակարդակի վրայ։ Նոյնիսկ մարտահրաւէրները, վերլուծումները եւ ահազանգող ալեկոծումները կարծես անհետացան, զգուշացնող տագնապները շոգիացան՝ մնալով միայն մամուլի էջերուն վրայ իբրեւ յիշատակելի եւ չգործադրուած  իրադարձութիւններ, անցուդարձեր։

Ուստի գործնական ծրագիրներ մէջտեղ բերելու համար, խիզախութիւն մը պէտք չէր, միայն գործը նախաձեռնելու եւ մասնակցելու զօրեղ կամք ու իրագործելու հաստատակամ հաւատքի պէտք ունէր։ Այս հատորը այդ հաւատքի եւ գործելու ձեւաչափի վառ ապացոյցն է, հաւաքական աշխատանքի դրսեւորումին գործնական մէկ նմուշը։ Մէկ խօսքով այս հատորին մէջ տեղ գտած են այլընտրանքային լուծումներ, ելքեր ու գործադրելի առաջարկներ, որոնք անհասցէ չմնացին։

Նման ծրագիրներու հատոր մը միասնական խտացուած ճիգերու արգասիքն է, փաստացի  հաստատում մըն է, թէ հայկականին զուգահեռ, համահայկականը նախաձեռնելու, ծրագրելու եւ գործադրելու կամք, կարելիութիւններ եւ գործիքաւորում կարելի է որոնել։

Բազմանշանակ եւ օրինակելի է նման անձնական նախաձեռնութեամբ ծնունդ առած եւ հաւաքական աշխատանքով աւարտած գործնական ծրագիրներու հատոր մը։ Աշխատանք մը որ պէտք է ըլլար հայկական սփիւռքի աւանդական կառոյցներու, զանազան ղեկավար միաւորներու գործնական առաքելութիւնը, հեռատես ռազմավարութեան առաջնահերթութիւնը, գերագոյն նպատակը՝ մեր ներուժը համախմբելու, կամրջելու, շաղկապելու, ծրագրաւորելու, մասնագիտական հարթակներ ստեղծելու եւ միասնական համագործակցութիւնը ամրապնդելու, հայ մտաւորականներու փաղանգները համախմբելու գերանհրաժեշտ օրակարգերու հիմնական ծրագիրներու շուրջ՝ որ կը կոչուին Սփիւռքի գոյառումի գերխնդիրներ։

Գործնական ծրագիրներ առաջարկելու, մշակելու նախաձեռնութեան մը մասնակցիլը պիտի նշանակէր թէ սփիւռքի մէջ թէեւ քիչ, բայց  կան տակաւին գործնական, լաւատեսութեան լուսաշիթերու հաւատացող հոյլ մը, որոնք կը տառապին զօդելու հայ մտաւորականները, կը տագնապին անոնց միջեւ ամրապնդելու շինիչ կապն ու կամուրջը, կը միտին  միասնականութեան հարթակներ ստեղծելու, անդրդուելի կամք ունին նոյն թիրախին ծառայելու, զօրակցութեան ձեռք երկարելով սփիւռքահայ միաւորները դրդելու, շահագրգռելու, միտք-մտքի կցելով մտախոհելու, միասնականութեան միախորհուրդ հոգին գործնականացնելու, բարձրահունչ մարտակոչերը լսելի դարձնելու, ահազանգային աղաղակ մը հնչեցնելու գերագոյն նպատակին՝ թէ՛ հայկական եւ թէ՛ համասփիւռքեան մեր կեանքի մէջ։

Հատորին մէջ յիշուած գործնական ծրագիրները կարելի է համարել համեստ ձեւաչափով լուսամուտեր, անոնց ընդմէջէն արտասփռող միտքերը ճաճանչող շողերու նման կարող են սփիւռքի՝ հայապահպանութեան, հայակրթութեան, ազգային ունեցուածքներու կառավարում, հայահաւաքի, բազմաշերտ վերակառուցումի, գիտական կեդրոններու, տեղեկագիտական, թուային եւ օժանդակ արհեստագիտութիւններու, ինքնութեան եւ այլ բաղադրիչ բնագաւառներու վրայ լոյս սփռել, մատչելի դարձնել:

Գիրքի կազմին վերջին էջին զետեղուած՝ ծրագիրներու հիմնական միտքերը, կը պարզաբանեն հատորին մէջ տեղ գտած ծրագիրներու բանալի ուղղուածութիւնները, կը փոխանցեն լուծումներու յստակ մտապատկեր մը, կենսագործելի մտադաշտեր կը թելադրեն, բարեյուշութիւններու կը մղեն։

Համոզիչ եւ արդար է, որ մեր ազգային տեսական բարձրագոչ լոզունքները, որոնք ընդհանրապէս ժամանակի հոսանքին հետ խափուսիկ կը դառնան եթէ չգործնականացնենք զանոնք, լալկան եւ տրտնջացող տրամաբանութեամբ ճապաղ ազգայնական եւ հրապարակային աղմկարար ճառերու կը վերածուին, մէկ խօսքով ապաշնորհ քարոզչութիւններ եւ ընդհանրապէս` խօսոյթներ կը մնան, մակերեսային տեսաբանութեամբ, եւ մանաւանդ զգացական մօտեցումով համակուած են, ԵԹԷ չգործնականցնենք այդ բոլորը իմաստալից ծրագիրներով։

Ապացոյց է նաեւ, որ նոր հայ սերունդի խորտակիչ մասը անդրդուելի է, ականջները խուլ կը ձեւացնէ այդ բոլորի դիմաց որով այդ բոլոր մարտահրաւէրները մնացած են միայն տեսական եւ հատուածական պարունակին մէջ։ Ուստի գործնական նորարար ռազմավարութեամբ պէտք է զրուցել, համոզել մեր մտասեւեռումին կիզակէտը հանդիսացող նոր սերունդը: Խիստ կարիքը ունինք ժամանակակից գիտական, արհեստավարժ եւ հմուտ ճարտարապետումի՝ սփիւռքի մարտահրաւէրները տարրալուծելու, ելքեր գտնելու։ Ճիշտ այդ մէկն է այս հատորին թիրախը, եւ ուրեմն անոր մէջ տեղ գտած գործնական ծրագիրներուն ճշգրիտ հասցէն։

Աւելորդ չէ նշել, որ ներկայ հատորին մէջ ներկայացուած ծրագիրները վերջակէտ մը չեն սփիւռքահայ  մարտահրաւէրներուն ելքեր որոնելու ճիգերուն ընդ առաջ, որ հաւանաբար ամբողջական ալ չեն, սակայն իրապաշտ ըլլալու համար կարող են համոզիչ խթան հանդիսանալ, մտածելու թելադրիչ նշաձողեր ըլլան նոր ծրագիրներու լուսաբացի մը, օգտաշատ գաղափարներու շահեկան հորիզոններ յորդորելու: Կենսական է շեշտել, որ ներկայացուած մտորումներու, վերլուծումներու, ծրագիրներու աշխատակարգը կարելի է իր բնոյթով՝ եզակի համարել, իսկ իր իմաստով՝ նախաձեռնութիւններու եւ հետագայ հնարաւոր գործնական քայլեր իրականացնելու երթի սկզբնական ՈՒՂԵՑՈՅՑ մը:

Հաւաքական այս նախաձեռնութիւնը վառ օրինակն է, որ տակաւին սփիւռքի մէջ ունինք գործնական ծրագիրներու հաւատացող ու աշխատանք չզլացող ապագայատեսիլ մտաւորականութիւն մը: Կը հաւատանք նաեւ, որ «Սփիւռքի տարի» հռչակագիրը յարմարագոյն գործի կոչնակն է, տալու պահը: Եւ հայը գիտէ, որ ազգաշէն գիտակցութեամբ տալը, նուիրաբերելը զրկանք չէ: Տալը հրճուանք է, երբ թիրախը հայ ազգի ընդհանրական եւ ապագայատեսիլ շահն է։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին