Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Նոր Հրատարակութիւններ

Պատրաստեց՝ ԳԷՈՐԳ ՆԱԹԱԼԻ (ԵԱԶԸՃԵԱՆ) 

– Ազնաւորեան Զարեհ արք., «Սերտողութիւն Յայտնութեան գրքի», արեւելահայերէն երկրորդ հրատարակութիւն, հրատարակութեան պատրաստեցին Գէորգ Եազըճեան եւ Մարգարիտա Խաչատրեան, խմբագիր՝ Մարգարիտա Խաչատրեան, «Հայաստան» հրատարակչութիւն, Երեւան, յունիս 2022, 352 էջ (14,6 x 20,1 սմ.) (Նոր Կտակարանի վերջին գիրքի՝ Յովհաննու Յայտնութեան համար առ համար բացատրութիւնը):

– «Արդարացի լուծում. Հատուցումներ Հայոց ցեղասպանութեան», անգլերէնէ թարգմանեց Սուպհի Ճորճ Տիպօ, Հալէպ, 2022 (արաբերէն):

– Գարագաշեան Մատլէն, «Հայ անձնաւորութիւններ Ռումանիոյ արդի եւ ժամանակակից պատմութեան մէջ», երկրորդ՝ լրամշակուած եւ վերանայուած հրատարակութիւն, «Արարատ» հրատարակչութիւն, Պուքրէշ, 2021 (բազմաթիւ լուսանկարներ, օգտագործուած աղբիւրներու եւ յիշատակուած անձնանուններու ցանկեր) (ռումաներէն): Տպագրուած է Ռումանիոյ հայոց միութեան հովանաւորութեամբ:

– Եսայեան Զապէլ, «Աւերակներուն մէջ», վերահրատարակութիւն, հրատարակութեան պատրաստեց եւ վերջաբանը գրեց Արթուր Անդրանիկեան, «Սփիւռք» մատենաշար, «Էտիթ փրինթ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2021, 272 էջ (13 x 20,1 սմ.) (Ատանայի եւ Հալէպի նահանգներու 1909-ի ապրիլեան կոտորածներու հետեւանքներու ականատեսի վկայութիւններ):

– Թաշճեան Լոռի, «Պէյրութի հայանուն փողոցները», տպարան «Արազ», Պէյրութ, 2022: Հրատարակութիւնը հովանաւորած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը:

– Իսահակեան Աւետիք, «Վարպետը», հայերէնէ թարգմանեց Գարուն Սարգսեան, «Նայիրի» հրատարակչութիւն, Թեհրան, 2022, 315 էջ (Իսահակեանի արձակ բանաստեղծութիւններու, պատմուածքներու, առակներու եւ հեքիաթներու ընտրանի) (պարսկերէն):

– Կուսթ Վոլֆկանկ (կազմող եւ խմբագիր), «Հայոց ցեղասպանութիւնը – Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանատան վաւերագիրները, 1915-1916», թարգմանիչ՝ Փարվին Տանեշվար, «Աֆքար» հրատարակչութիւն, Թեհրան, յունիս 2022 (պարսկերէն):

– Հոսֆելտ Ռոլֆ, «Մահ անապատում – Հայոց ցեղասպանութիւնը», թարգմանիչ՝ Արամ Պօղոսեան, համաթարգմանիչ եւ բովանդակային խմբագիր՝ Ալլա Խառատեան, հրատարակիչ՝ Քոնրատ Ատենաուեր հիմնադրամ (Գերմանիա), Երեւան, 2022, 336 էջ (15,5 x 21 սմ.): «Սոյն գիրքը թարգմանուել եւ տպագրուել է Քոնրատ Ատենաուեր հիմնադրամի աջակցութեամբ: Գրքի թարգմանութիւնը մասնակիօրէն համաֆինանսաւորուել է «Փիւնիկ» բարեգործական հիմնադրամի կողմից»:

– Մանուկեան Աբէլ քահանայ, «Հայ Եկեղեցւոյ սարկաւագուհիները», «Սիփան» հրատարակչութիւն, Պէյրութ, մայիս 2022, 216 էջ (15,5 x 23 սմ.):

– «Յակոբ Խաշմանեան. Մոռցուած էջեր – Նամականի», խմբագիր՝ Գէորգ Եազըճեան, «Հայաստան» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2022, 544 էջ (14,9 x 20,8 սմ.) (ամերիկահայ հասարակական գործիչ, հրապարակագիր եւ խմբագիր Յակոբ Խաշմանեանի (1888, Պարտիզակ – 1968, Նիւ Եորք) փոխանակած նամակները Համաստեղի, Վազգէն Ա.ի, Բերսաբէ Գրիգորեանի, Վարդգէս Համազասպեանի եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան հետ, յառաջաբանի փոխարէն, մեծաթիւ ծանօթագրութիւններ, անձնանուններու ցանկ): Տպագրուած է ՀՀ ԳԱԱ Մանուկ Աբեղեանի անուան Գրականութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդի որոշումով:

– Յակոբեան Հրավարդ, Մինասեան Թամարա, Թորոսեան Վահէ, «Արցախի եւ Ուտիքի ձեռագրային ժառանգութիւնը», «Անտարես» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2022 (անգլերէն):

– «Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ – Հայրապետական 25-ամեայ գահակալութիւն (1995-2020) – Արժեւորում եւ վկայութիւններ», հինգ հոգինոց խմբագրական կազմ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարան, Անթիլիաս-Լիբանան, 2021, 644 էջ (20,3 x 27,9 սմ.) (Արամ Ա.ի կաթողիկոսական ժամանակաշրջանի համապարփակ, հանրագիտարանային ներկայացումը, 1 գունաւոր լուսանկար): Հրատարակուած է տէր եւ տիկին Կարօ եւ Սօսի Էշկիեաններու մեկենասութեամբ:

– Տաուսեթ Չարլզ, «Գաղտնազերծելով միջնադարեան Հայաստանի առեղծուածները – Օքսֆորտի համալսարանի Գալուստ Կիւլպենկեանի անուան Հայկական ուսումնասիրութեանց առաջին փրոֆեսոր Չարլզ Ճեյմս Ֆրենք Տաուսեթի ուսումնասիրութիւններու հաւաքածոն», կազմող, ներածականի եւ մուտքի խօսքի հեղինակ Վրէժ քահանայ Ներսիսեան, «Անկիւնաքար» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2022, 604 էջ (անուանի հայագէտի 1951-1990 ժամանակաշրջանին գրած ուսումնասիրութիւնները հայոց պատմութեան գրականութեան ու լեզուի մասին, 10 լուսանկար) (անգլերէն):

– «Վահան Թէքէեան – «Արեւ»ի խմբագրականներ (1915-1945)», կազմողներ՝ Պետրոս Թորոսեան եւ Անդրանիկ Տագէսեան, Հայկազեան համալսարանի հրատարակչութիւն, Պէյրութ, 2022:

– «Վահան Թէքէեան – Յօդուածների ժողովածու, Ա. գիրք, 1901-1910», աշխատասիրեց Վարդուհի Դաւթեան, Երեւան, 2022 (յառաջաբան, ծանօթագրութիւններ, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր): Հրատարակուած է Երեւանի «Թէքէեան կենտրոն» հիմնադրամի աջակցութեամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին