Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

Ցաւակցագիր

Կ՛աղօթենք Առ Աստուած, Որ Արժանաւոր Պապին Արժանաւոր Թոռը Արժանանայ Երկնքի Արքայութեան

Սիրելի Տէր եւ Տիկ. Էտմոն եւ Թալին (Ուզունեան) Աւագեան,

Սգակիր  անդամներ Աւագեան, Ուզունեան, Խաչատուրեան եւ Ահարոնեան ընտանիքներու,

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնի Վարչութեան անունով Ձեզի կը փոխանցենք սրտի մեր խորազգաց կսկիծը, Ձեր զաւակին եւ հարազատին Հայկ Աւագեանի կանխահաս մահուան աոիթով:

Ահաւոր դժուար է սփոփիչ խօսքեր գտնել որդեկորոյս ծնողքի մը համար: Հայկին վաղահաս մահուան ցնցող ու դաժան գոյժը անակնկալ էր զինք բոլոր սիրող եւ յարգողներուն համար:

Հոգեհարազատ բարեկամներ,

Թող, որ Աստուած Ձեզի շնորհէ երկնային  համբերութիւն եւ անսահման մխիթարութիւն:

Կ՛աղօթենք առ Աստուած, որ ԹՄՄի Հիմնադիր անդամ երախտաւոր ողբ.  Հայկաշէն Ուզունեանի արժանաւոր թոռը արժանանայ Երկինքի Արքայութեան:

ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի Վարչութեան

Ատենադպիր/ Անի Լաչինեան-Մակարեան

Ատենապետ/ ՅԱԿՈԲ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին