Չորեքշաբթի, 17. 04. 2024

spot_img

Սայեաթ-Նովա

Սայեաթ-Նովա (բուն անունով՝ Յարութիւն Սայադեան, 14 Յունիս  1712  կամ  1712, Թիֆլիս,  Քարթլիի թագավորություն – 22 Նոյեմբեր 1795, Հաղպատ, Քարթլի-Կախեթի թագաւորութիւն Թիֆլիս, Քարթլի-Կախեթի թագաւորություն), բանաստեղծ. աշուղ։

Ամենայն հաւանականութեամբ Սայեաթ-Նովայի նախնիները Թիֆլիս եկած են Կիլիկեան Հայաստանէն։ Սայեաթ-Նովայի ընտանիքը Թիֆլիսի քաղաքային արհեստաւորներու ընտանիք էր։ Սայեաթ-Նովայի մանկութիւնն ու պատանեկութիւնն անցած է Թիֆլիսի մէջ։ Սորված է գրել-կարդալ հայերէն, վրացերէն, գիտցեր է նաեւ արաբերէն այբուբենը։

12 տարեկանէն զայն տուեր են արհեստի, սորվեր է ջուլհակութիւն եւ կարճ ժամանակի մէջ այնքան հմտացեր է, որ կտաւը շինելու եւ գործելու նոր դազգահ պատրաստեր է։

Երգն ու երաժշտութիւնը զինք հմայեր են դեռ մանուկ հասակէն։ Մինչեւ երեսուն տարեկան՝ Սայեաթ-Նովա կատարելագործուեր է աշուղական արուեստի մէջ, սորվեր է եղանակներ եւ պարզ ու խառն չափեր, յօրիներ է խաղեր՝ յարմարցնելով յատուկ մեղեդիներ եւ ատոնք կատարեր է ժողովրդական հաւաքոյթներու ատեն։

Հաւանաբար, երկար տարիներ շրջեր է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, եղեր է Պարսկաստան, Հնդկաստան եւ Օսմանեան Կայսրութեանը ենթակայ երկիրներ: Ուխտի գացեր է հայ աշուղներու հովանաւոր Մշոյ Սուրբ Կարապետի վանքը՝ Տարօն, մինչեւ որ համընդհանուր ճանաչում ձեռք բերեր է եւ մկրտուեր է Սայեաթ-Նովա՝ երգի որսորդ։

1759 թուականի կէսերուն աւարտուեր է Սայեաթ-Նովայի՝ իբրեւ բանաստեղծի ու երգահան-երաժիշտի կեանքը։ 1759 թուականին Հերակլ II-ի հարկադրանքով ան քահանայ ձեռնադրուեր է Տէր Ստեփանոս անունով եւ շատ չանցած ղրկուեր է Կասպից ծովու հարաւային ափին գտնուող Էնզելի նաւահանգիստը։ Հոս «ապաշխարեր» եւ արտագրեր է Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» ստեղծագործութիւնը։ Ստոյգ յայտնի չէ, թէ երբ վերադարձեր է հայրենիք։ 1766 թուականին ապրեր է Զաքաթալայէն Շամախի տանող առեւտրական ճանապարհի վրայ ինկած Կախի փոքրիկ աւանի մէջ, ուր արտագրեր է մէկ ուրիշ ձեռագիր՝ Աստուածաշունչի հատուածներէ բաղկացած ժողովածոյ մը։ 1768 թուականին մահացեր է կինը՝ Մարմարը, թողելով չորս անչափահաս զաւակ։ Յաջորդ տարուընէ Սայեաթ-Նովա՝ Տէր Ստեփանոս փոխադրուեր է վանք, ծառայեր է Թիֆլիսի մէջ հաստատուած Հաղպատի միաբանութեան առաջնորդարանի մէջ, իսկ 1778 թուականին, երբ վերաշինուեր է Հաղպատի վանքը, կարգուեր է Սուրբ Նշան վանքի լուսարար։ Հետագային միաբանութեան հետ նորէն վերադարձեր է Թիֆլիս։ 1795 թուականի Սեպտեմբերին, Աղա-Մահմետ Խան Ղազարի արշաւանքի օրերուն, զոհուեր է եւ թաղուած է Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ բակը։

Սայեաթ-Նովայի ուսումնասիրութեան գործերուն մէջ մեծ դեր խաղցած է Անդրկովկասի հայ աշուղներու եւ ուշ միջնադարի հայ տաղերգուներու ստեղծագործութիւնները։ Աւանդական սովորութիւնով՝ ստեղծագործական առաջին քայլերն ան սկսած է թրքերէն լեզուով, յետոյ աստիճանաբար անցած է հայերէնի ու վրացերէնի։ Գիտակցելով աշուղ-բանաստեղծի բուն դերը ու կոչումը եւ հասկնալով որ գեղեցիկին ու կատարելութեան իտէալներն ու դաշնութեան պատգամները՝ Սայեաթ-Նովա վերարծարծած ու քարոզած է ամբողջ հայ ժողովուրդին համար, առանց ազգային ու դասային խտրութեան ու զանազանութեան։

Սայեաթ-Նովայէն մեզի հասած է աւելի քան 230 խաղ, որոնք ամփոփուած են քանի մը բաժիններու. իր սեփական ձեռքով գրուած եւ իր զաւակին՝ Օհանին կազմած ու արտագրած խաղերը եւ միւս բաժինը կազմուած է զանազան ժողովածուներէ կամ մնացած է ժողովուրդին յիշողութեան մէջ: Աստիճանաբար գրի առնուած ու հրատարակուած են։

Իբրեւ սիրերգու (սիրային երգեր գրող)՝ Սայեաթ-Նովա գեղեցիկի ու կատարեալի երկրպագու է եւ նուրբ զգացումներու արտայայտիչ: Անոր սիրային երգերը յատուկ են եւ նաեւ ունին խորը զգացումներ, որոնց պատճառը ոչ միայն բանաստեղծին ողբերգական սէրն է, այլ նաեւ կեանքի ու իրականութեան անլուծելի հակասութիւնները, անհաւասարութիւնը եւ գեղեցիկի ոտնահարումը։ Սայեաթ-Նովա շատ կարեւորութիւն տուած է մարդու բարոյական, կատարելութեան ու գեղեցկութեան հարցերուն, դարու եւ ժամանակի այլանդակութեան եւ մարդկային աղարտման պատճառներուն, որոնք, ի վերջոյ մնացած են անբացատրելի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին