Ուրբաթ, 03. 05. 2024

spot_img

Կէրի Քուփըր

Կէրի Քուփըր (անգլերէն՝ Gary Cooper, իսկական անունը Frank James Cooper, 7 Մայիս 1901, Հելենա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ – 13 Մայիս 1961, Պեվըրլի Հիլզ, Լոս Անճելըս շրջան, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ամերիկացի դերասան։

Խաղացած է 110-էն աւելի ֆիլմեր, Օսքար մրցանակի եռակի դափնեկիր է՝ 2 անգամ Օսքար լաւագոյն դերասանի համար անուանակարգին (1941, 1952) եւ մէկ Օսքար ստացած է շարժապատկերի մէջ ունեցած ներդրման համար (1961)։ Ամերիկեան շարժապատկերի ակադեմիան իր կողմէ հրապարակած Ամերիկեան բոլոր ժամանակներու ֆիլմերու 100 մեծագոյն աստղերու ցանկին մէջ անոր ընդգրկած է 11-րդ տեղը։

Ծնած է 1901-ին ԱՄՆ-ի Մոնթանա նահանգին մէջ։ Անոր հայրը բարձրաստիճան դատաւոր էր եւ որդին ուղարկած է կրթութիւն ստանալու Անգլիոյ մասնաւոր դպրոցին մէջ։ Վերադառնալով ԱՄՆ՝ ան կ’որոշէ դառնալ նկարիչ։ Ծանր ինքնաշարժի արկածի կ’ենթարկուի եւ կը կորսնցնէ յիշողութիւնը եւ կը կարողանայ վերականգնիլ միայն բժշկական միջամտութենէն ետք։

1930-ական թուականներուն նկարահանուելով ուեսթըրն եւ արկածային ֆիլմերու մէջ՝ «կը մրցի» Քլարք Կէյպըլի հետ Հոլիուտի առաջին «սրտակեր» կոչման համար։ «Սերժանտ Եորք» եւ «Ուղիղ կէսօրին» ֆիլմերուն համար Օսքարի արժանացած է՝ Օսքար լաւագոյն դերասանի անուանակարգին։

Ամուսնացած է Նիւ Եորքցի Պալֆի Վերոնիքայի հետ եւ ունեցած է մէկ դուստր։ Կէրի Քուփըրը եւ յայտնի գրող Էռնեսթ Հեմինկուէյը մտերիմ ընկերներ էին։

Կեանքի վերջին տարիները ան հիւանդացած էր քաղցկեղով եւ անոր հիւանդութիւնը գաղտնի կը պահուէր։ Մահէն մի քանի ամիս առաջ ստացած Օսքար մրցանակը իրեն փոխարէն ստացաւ իր ընկերը՝ նոյնպէս ամերիկացի յայտնի շարժապատկերի դերասան Ճեյմս Ստիուարտը, յայտարարելով, որ Կէրի Քուփըրը ծանր հիւանդ է։

Մահացած է 1961-ին եւ թաղուած է Նիւ Եորքի գերեզմանատուներէն մէկուն մէջ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին