
ՌԱԿ Զահլէի Ազատ Լեռ Ակումբի Վարչութիւնը Յարգանքի Տուրք Մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերուն Յիշատակին
Շաբաթ, 23 Ապրիլ 2022-ի երեկոյեան, ՌԱԿ Զահլէի Ազատ Լեռ ակումբի վարչութիւնը գլխաւորութեամբ ակումբ ժրաջան ատենապետ՝ ընկ. Գրիգոր Մկըրեանին, այցելեց Զահլէ քաղաքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, ուր նահատակներու յիշատակին ծաղկեպսակ մը զետեղուեցաւ եկեղեցիին շրջափակին մէջ կանգնած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանին առջեւ: